Հայ ժողովուրդի անզուգական ծնունդներէն եւ Դաշնակցութեան արդարադատ մարտիկներէն Եփրեմի մարտիրոսացման օրը կը նշէ հայոց յուշատետրին 20 Մայիսի էջը։
105 տարի առաջ, 1912ի Մայիս 20ին, Իրանի հակասահմանադրական ուժերը Համատան քաղաքի մերձակայքը ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին։ Սահմանադրական ուժերու յաղթական հրամանատարն էր Եփրեմ, որուն ճակատագիրը վերապահած էր յաղթանակի պահուն յաւերժութիւնը նուաճելու հերոսի մահ մը.
Դաւադիր գնդակ մը վերջ տուաւ Դաշնակցութեան քաջարի Անկեղծ Զինուորի կեանքին։
Անմահ հայ հերոսներու փաղանգին միացաւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարէն ծնած ու սնած, այլեւ ամէնուր Արդարութեան եւ Ազատութեան համար իր գերագոյնը նուիրաբերելու պատրաստակամ դաշնակցական ռահվիրան։
Անմահացաւ Եփրեմ Խան անուանակոչուած լուսաւոր աստղը, որ գաղափարական իր հուրով եւ հերոսի իր մարտունակութեամբ պայծառացուց ճակատը հայ ժողովուրդին՝ յանուն արդարութեան եւ ազատութեան անմնացորդ անձնուիրումի հայկական փառքը քանդակելով Իրանի արդի պատմութեան էջերուն։
Դանիէլ Վարուժանի հանճարեղ գրիչը լաւագոյնս խտացուց Եփրեմ երեւոյթին խորհուրդն ու մեծութիւնը.
Կարիպալտին՝ Հռովմինն է, եւ Բոնաբարդ՝ Ոճիրին.-
Կը պատկանիս դո՛ւն միայն Ազատութեան Ոգիին։
Ըզքեզ խրճիթ մը ծնաւ, Հայ վիշտը քեզ օրօրեց.-
Այդ վիշտին չափ եղար մեծ։
Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշրջանի պատմութեան բախտորոշ էջերէն մէկը կը կազմէ Իրանի Սահմանադրական Շարժումին Դաշնակցութեան բերած աշխոյժ մասնակցութիւնը՝ թէ՛ քաղաքական-ռազմավարական ճակատի վրայ Ռոստոմի ղեկավար դերակատարութեամբ, թէ՛ մարտական-զինուորական ճակատի վրայ Եփրեմի հերոսական հրամանատարութեամբ։
Սիւնեաց աշխարհէն սերած է Եփրեմ Դաւթեանց։ Ծնած է Գանձակի Բարսում գիւղը։ Ծննդեան թուականը ամենայն հաւանականութեամբ 1868ն է, թէեւ կենսագիրները կու տան նաեւ 1869 եւ 1871 թուականները։ Հայրը մանկուց կորսնցուցած՝ ծերունի մօր մը միակ զաւակը, հազիւ երիտասարդ՝ 17 տարեկանին, ուսումը կիսատ թողած, ան հեռացաւ իր ծննդավայրէն եւ միացաւ Երկիր անցնող ու թրքական լուծին դէմ ըմբոստացած առաջին հայ յեղափոխականներու հրոսակային շարժումին։ Եղաւ Մուշ, Սասուն, Վան եւ Կարին (Էրզրում)։
Գաբրիէլ Լազեան, իր «Յեղափոխական Դէմքեր»ուն մէջ ներկայացնելով Եփրեմի գործունէութեան սկզբնական շրջանը, մեծանուն հերոսին կրակի մկրտութիւնը կը կապէ Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի շրջակայքը գործող՝ «Ղլլիտի Տղայ» անունով ծանօթ յեղափոխական հրոսակապետի մղած կռիւներուն, որոնց ընթացքին 19ամեայ Եփրեմ ուշադրութիւն գրաւեց իր խիզախութեամբ եւ մարտական ընդունակութիւններով։
Եփրեմ առաջիններէն եղաւ, որ միացաւ նորակազմ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան եւ Յունոյի հրամանատարութեան տակ, իբրեւ տասնապետ, իր մասնակցութիւնը բերաւ Սարգիս Կուկունեանի արշաւախումբին։ Երբ ցարական իշխանութեանց կողմէ հալածանքը սկսաւ արշաւախումբին դէմ եւ հայ յեղափոխականները ցարական բանտերը նետուեցան, պաշտօնապէս 1871ի ծնունդ արձանագրուած Եփրեմը, անչափահաս իր տարիքին բերմամբ, Կարսի մէջ բանտարկուելէ եւ դատուելէ ետք, միայն հինգ տարուան (տասի փոխարէն) աքսորի դատապարտուեցաւ։ 1892ին աքսորուեցաւ Սիպիր, Սախալին, ուր երկու տարի մնալէ ետք՝ յղացաւ գերաններով նաւակ մը շինելու եւ գետը նետուելով փախուստ տալու ծրագիր մը, որ գործադրեց հայ ընկերոջ մը եւ երեք ռուս ճակատագրակից բանտարկեալներու հետ։ Երկու ամիս եւ 23 օր տեւողութեամբ արկածախնդրալի ճամբորդութենէ մը ետք՝ Եփրեմ վերադարձաւ հայրենիք։
1895-1897 տարիներուն, իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բագուի Ոսկանապատ Կ. Կոմիտէի գործիչ, Եփրեմ ուսուցչական աշխատանքի լծուեցաւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Հայերէնի կողքին ռուսերէն, պարսկերէն եւ թուրքերէն լեզուներուն իր ծանօթութիւնը օգնեց, որպէսզի շրջագայի հայկական գիւղերով եւ յեղափոխական գաղափարներով տոգորէ հայ երիտասարդութիւնը՝ «Դէպի Երկիր» ուղղելով անոնց քայլերը։ Իր կարգին ուղարկուեցաւ Ատրպատական, Թաւրիզ, որ սահմանը հատող՝ Երկիր անցող հայ յեղափոխականներու եւ զինատար խումբերու խարիսխն էր՝ Դաշնակցութեան զէնքի արտադրութեան գործարանով եւ հայդուկային պատրաստուած գործիչներու ղեկավարած մարզումի կեդրոնացումով։
1897ին Եփրեմ իր մասնակցութիւնը բերաւ Խանասորի Արշաւանքին, իբրեւ ձիաւոր խումբի տասնապետ՝ մարտական իր խիզախութեամբ ու հերոսական քայլերով մեծ հռչակի արժանանալով։ Արշաւանքի յաջող աւարտէն ետք Եփրեմ վերադարձաւ Արցախ, քանի մը տարի եւս շարունակեց շրջիկ ուսուցիչ-գործիչի իր գործունէութիւնը, մինչեւ որ 1902ին, Ռոստոմի խորհուրդով, վերջնականապէս անցաւ Ատրպատական ու հաստատուեցաւ Ռաշտի մէջ, ուր ամուսնացաւ, աշխատեցաւ ճամբու շինարարական ընկերութեան մը մէջ, մինչեւ որ հաստատեց աղիւսի արտադրութեան իր սեփական գործը։
1906ին, երբ Իրանի մէջ Սահմանադրական շարժման յեղափոխական առաջին խմորումները երեւան եկան, Եփրեմ ղեկավար դէմքերէն էր Ռաշտի Հ.Յ.Դ. «Վրէժ» Կոմիտէութեան, որուն ներկայացուցիչի հանգամանքով մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Ատրպատականի Կ. Կոմիտէութեան խորհրդակցական ժողովներուն, ուր հասունացաւ Իրանի Սահմանադրական շարժման Դաշնակցութեան լիարժէք մասնակցութեան գաղափարը։ Եփրեմ հիմնական դեր ունեցաւ, համադաշնակցական առումով, այդ գաղափարին որդեգրման ու իրականացման մէջ՝ Ռոստոմը ունենալով իբրեւ միեւնոյն այդ գաղափարին ջերմեռանդ պաշտպանը։ Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը, 1907ի գարնան, որոշում կայացուց լիարժէք մասնակցութիւն բերելու Իրանի Սահմանադրական շարժումին եւ անոր գործադրութիւնը վստահեցաւ յեղափոխական մեծ վարպետին՝ Ռոստոմին։
1907ի Դեկտեմբերին Ռոստոմ հասաւ Թաւրիզ՝ բանակցութիւններ վարելու համար Սահմանադրական շարժման պարսիկ ղեկավարներուն հետ։ Ոչ միայն Իրանը բռնապետական լուծէ ազատագրելու նպատակը, այլեւ ու մանաւանդ հայկական Ատրպատականի գրաւման թրքական ախորժակները իրենց սաղմին մէջ խեղդելու ռազմավարական հրամայականը առաջնորդեցին Ռոստոմը, մինչեւ Յունուար 1908 երկարած այդ բանակցութեանց ընթացքին։
Իր կողմէ՝ Եփրեմ, գլխաւորելով Հ.Յ.Դ. Ռաշտի կազմակերպութիւնը, գործնապէս արդէն լծուած էր Սահմանադրական շարժման մարտական ինքնակազմակերպումին, ֆետայական կռուի մէջ թրծուած հայ յեղափոխականի իր փորձառութեամբ ինքնավստահութիւն ներշնչելով պարսիկ նորընծայ յեղափոխականներուն։
1908ի գարնան ընդհարումները սկսան Շահի բռնապետական ուժերուն հետ։ Դաշնակցութիւնը զէնքով ու փորձառու մարտիկներով նետուեցաւ կռուի դաշտ՝ Եփրեմին վստահելով դաշնակցական ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը։ Մինչեւ 13 Յուլիս 1909ի Թեհրանի ամբողջական ազատագրումը եւ Շահի գահընկէցութիւնը շարունակուած կռիւներուն ընթացքին, Եփրեմ դրսեւորեց Իրանի Սահմանադրական շարժման իսկական հրամանատարի փառահեղ գործունէութիւն, որուն համար արժանացաւ ոչ միայն Խանի տիտղոսին, այլեւ՝ Սարդարի (Ընդհանուր Հրամանատար) զինուորական աստիճանին։
Սահմանադրական նորահաստատ կառավարութեան կողմէ նշանակուեցաւ նախ մայրաքաղաք Թեհրանի, ապա նաեւ ամբողջ Իրանի Ոստիկանապետ։ Թէեւ այդ պաշտօնին համար Եփրեմ մեղադրուեցաւ իր կուսակցական ընկերներուն կողմէ՝ իբրեւ դաշնակցական յեղափոխականին ոչ-պատշաճ պաշտօնատարի, մինչեւ իսկ Ռոստոմ՝ Եփրեմին ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ընկերաբար խորհուրդ տուաւ անոր, որ ձեւը գտնէ հրաժարելու այդ պաշտօնէն, այդուհանդերձ՝ Իրանի Սահմանադրական շարժումը պէտք ունէր թագաւորական ուժերու յամեցող սպառնալիքին դէմ յեղափոխութեան ձեռքբերումները պաշտպանող երկաթեայ բազուկի, որուն ամէնէն յուսալի եւ ժողովրդականութիւն վայելող մարմնաւորումը ինք՝ Եփրե՛մն էր։
Այդպէս ալ եղաւ։ Եփրեմ իր կեանքն ու անունը վերջնականապէս ու ամբողջապէս կապեց Իրանի Սահմանադրական շարժումին։ Շարունակեց մնալ Սահմանադրական շարժման քաղաքական նուաճումները պաշտպանողի յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Նորանշանակ Շահը իր կարգին սկսաւ դաւել Սահմանադրականներու դէմ, պատահեցան շարք մը քաղաքական սպանութիւններ Սահմանադրական կառավարութեան ղեկավարներուն դէմ, բայց այդ բոլոր սադրանքներն ալ իրենց դէմ գտան Սահմանադրական շարժման մշտարթուն պահակին՝ Եփրեմի վճռական եւ զսպիչ, այլեւ անպարտելի բազուկը։
Մինչեւ 1912 Մայիս երկարած ընդհարումներուն եւ Սահմանադրական կարգերու պաշտպանութեան կռիւներուն Դաշնակցութիւնը դարձեալ բերաւ իր նկատառելի մասնակցութիւնը։ Դաշնակցական Խեչոյի եւ Քեռիի գլխաւորութեամբ դաշնակցական ուժերու նորովի կեդրոնացումներ կատարուեցան՝ Եփրեմի գործունէութիւնը փորձառու մարտիկներու աջակցութեամբ ուժեղացնելու առաջադրանքով։ Արդիւնքը եղաւ հերոսական յաղթանակներու նոր շղթայի մը նուաճումը Եփրեմի հրամանատարութեամբ, որ արդէն անպարտելի հռչակուած էր Իրանի ժողովուրդին կողմէ։
Բայց ճակատագիրը տարբեր խաղ սահմանած էր մեծանուն հերոսին համար։
20 Մայիսին, 1912ին, թագաւորական Սալար-էլ-Տաուլէի զօրքերուն դէմ փայլուն յաղթանակ մը տանելէ ետք, երբ Եփրեմ օգնութեան կը փութար իր վիրաւոր զինակիցին, դարանակալ գնդակը վերջ տուաւ անոր կեանքին՝ Հերոսի մահով։
«Վահանով, կամ Վահանի վրայ» ռազմադաշտէն վերադառնալու դաշնակցական պատուէրով ճամբայ ելած անզուգական Եփրեմի անկենդան մարմինը, Թեհրանի հայոց եկեղեցին բերուեցաւ վահանի վրայ։
Եւ արժանացաւ ազգային հերոսի ու Սահմանադրական շարժման անվիճելի հրամանատարի փառաշուք յուղարկաւորութեան եւ թաղումին։
Ազգային հերոսի փառքին արժանի եղաւ Եփրեմ, որուն Արդարութեան եւ Ազատութեան դրօշակիր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ մարտիկի հերոսական կերպարը չկրցան ուրանալ կամ սեւցնել մինչեւ անգամ խորհրդայինները, որոնք սակայն, Եփրեմի պարագային եւս, տասնամեակներով փորձեցին Դաշնակցութենէն անջատել եւ Դաշնակցութեան հակադրաբար արժեւորել անոր անձն ու գործը։
Եւ որքա՜ն հեգնական կը թուի այսօր «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ի կողմէ Եփրեմի ներկայացման այն տողերը, որոնք անհեթեթօրէն՝ սեւով ճերմակի վրայ գրեցին, թէ իբր Եփրեմի «Կապը Դաշնակցութեան հետ ոչ միայն սերտ չէր, այլեւ շարունակ հալածուել է վերջինիս կողմից»…
Խորհրդայինները արդէն թաղուած անցեալ են այսօր, բայց Եփրեմը կայ ու կը մնայ իբրեւ Արդարութեան եւ Ազատութեան դրօշակիրի Դաշնակցական Ռահվիրա։
Եփրեմի յիշատակին նուիրուած յուշատետրի այս հակիրճ էջը կարժէ եզրափակել, Հերոսին մարտիրոսացման առիթով, Դաշնակցութեան հիմնադիր Սիմոն Զաւարեանի գրած հետեւեալ տողերուն պատգամով՝
«Նրան կռիւ ուղարկելիս, ողջդարձի առթիւ, Դաշնակցութիւնը ուղեկցեց Եփրեմին՝ հին դիւցազնական պատուէրով.
«- Կա՛մ վահանը ձեռքիդ, կա՛մ վահանի վրայ։
«Եւ նա հաւատարիմ մնաց այդ պատգամին։
«Չորս տարի ան կեցած էր վահանը ձեռքին՝ միշտ էլ յաղթող, եւ այսօր նա պառկած է վահանի վրայ…նորէն յաղթող…
«Եփրեմները, հրամանատարները կ’ընկնին եւ պէտք է որ ընկնին։ Նրանց մահով բանակն է, որ կը յաղթանակէ, Հայութեան, ամբողջ Մարդկութեան Ազատութեան օրն է, որ կը մօտենայ…»։