Եփրեմ Խան (Դաւթեանց, 1868-1912)

Եփրեմ Խան (Դաւթեանց, 1868-1912). Ար­դա­րու­թեան եւ Ա­զա­տու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան հե­րո­սը Ն.

0
1730

­Մա­յիս 6ի այս օ­րը (նոր տո­մա­րով՝ 19 ­Մա­յի­սին) հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ իր ան­զու­գա­կան ծնունդ­նե­րէն՝ Ար­դա­րու­թեան ու Ա­զա­տու­թեան հե­րոս դաշ­նակ­ցա­կան նո­ւի­րեալ­նե­րէն Եփ­րե­մի մար­տի­րո­սաց­ման տա­րե­լի­ցը։
107 տա­րի ա­ռաջ, 1912ի մա­յի­սեան այս օ­րը, երբ Ի­րա­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մը իր վճռո­րոշ յաղ­թա­նա­կը կ­՛ար­ձա­նագ­րէր հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան ու­ժե­րուն դէմ, ­Հա­մա­տան քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ­քը, դա­ւա­դիր գնդակ մը վերջ տո­ւաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ջա­րի հե­րո­սի կեան­քին։
Ի­րա­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ու­ժե­րու յաղ­թա­կան հրա­մա­նա­տարն էր Եփ­րեմ, ո­րուն ճա­կա­տա­գի­րը սա­կայն վե­րա­պա­հած էր բախ­տո­րոշ յաղ­թա­նա­կի պա­հուն յա­ւեր­ժու­թեա՜ն անց­նե­լու հե­րո­սի մա­հը…
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի պատ­մու­թեան բախ­տո­րոշ է­ջե­րէն մէ­կը կը կազ­մէ Ի­րա­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Շար­ժու­մին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան բե­րած աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Այդ մաս­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան-ռազ­մա­վա­րա­կան դար­բի­նը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն ­Ռոս­տոմն էր։ Իսկ մար­տա­կան-զի­նո­ւո­րա­կան ճա­կա­տի վրայ ան­վի­ճե­լիօ­րէն Եփ­րե­մի հե­րո­սա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ յա­ռաջ մղո­ւե­ցաւ ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ յա­նուն Ար­դա­րու­թեան եւ Ա­զա­տու­թեան մղո­ւած այդ պայ­քա­րը։
Ե­րե­ւոյթ է Եփ­րեմ՝ ե՛ւ հայ ժո­ղո­վուր­դի, ե՛ւ Ի­րա­նի պատ­մու­թեան մէջ։ ­Միայն ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի հան­ճա­րեղ գրի­չը կրնար Եփ­րեմ ե­րե­ւոյ­թին խոր­հուրդն ու մե­ծու­թիւ­նը խտաց­նել այս­պէ՛ս.

­Դա­գաղն ար­դէն փա­կո­ւե­ցաւ.- վը­րան վար­դեր ­Շի­րա­զի,
­Սուր մը հըս­կայ, դեռ ջեր­միկ, ուր­կէ ա­րիւն կը հո­սի։
­Կա­փար­չին տակ կը նիր­հէ, ան­մա­հու­թեամբ սը­րար­բած,
­Շանթն Աս­տու­ծոյ՝ խոր­տա­կո­ւած։

­Զի­նո­ւոր­ներ լուռ կ­’ար­տա­սո­ւեն, թնդա­նօթ­նե­րը կ­’ող­բան
Ա­հեղ ա­նու­նը ա­նոր, բար­ձունք­նե­րուն վրայ լե­րան,
Եւ ձո­րե­րուն մէջ՝ ի­րենց պող­պա­տա­կուռ ե­րա­խէն
Կ’հե­ղուն ար­ցունք հը­րե­ղէն։

Եփ­րե՜մ… ա­նունդ ա­ւա­սիկ քան­դա­կո­ւե­ցաւ խո­րա­սոյզ
Ար­ծիւ­նե­րուն կուրծ­քին վրայ, եւ ճա­կա­տին վրայ դա­րուս,
Ա­նուն մ­’որ միշտ կայ­ծա­կո՛վ փո­րագ­րո­ւած պի­տի մնայ
Ա­զա­տու­թեան սու­րին վրայ։

Ե­րի­վա­րիդ վրայ ան­ցար՝ ինչ­պէս ամպ­րո­պը կ­’անց­նի՝
­Տա­նե­լով կրակն երկ­նա­յին իր ծո­ցին մէջ հո­լա­նի.
­Դուն լոկ պա­տանք ըզ­գե­ցար, սըփ­ռե­ցիր քու ծի­րա­նին
­Ժող’վուրդ­նե­րու քա­մա­կին։

­Կա­րի­պալ­տին՝ Հ­ռով­մինն է, եւ ­Բո­նա­բարդ՝ Ո­ճի­րին.-
­Կը պատ­կա­նիս դո՛ւն միայն Ա­զա­տու­թեան Ո­գիին։
Ըզ­քեզ խրճիթ մը ծը­նաւ, հայ վիշ­տը քեզ օ­րօ­րեց.-
Այդ վշտին չափ ե­ղար մեծ։

……………………………………………………………………………………………..

­Զո՜ւր է, Եփ­րե՛մ.- մինչ ա­զատ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ար­դէն
­Պը­ղըն­ձա­խիւսն ար­ձա­նիդ Ար­շա­լոյ­սով կը շա­ղեն,
­Հո՛ն, շիր­միդ վրայ, հե­րար­ձակ ­Մայր մը կայ միշտ ցա­ւա­գին
­Լը­քո­ւա՜ծ ­Վիշ­տին մէջ կըր­կին։

Այդ­պէ՛ս, 6 ­Մա­յիս 1912ին ան­մահ հայ հե­րոս­նե­րու փա­ղան­գին միա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րէն ծնած ու սնած դաշ­նակ­ցա­կան ռահ­վի­րան։
Ան­մա­հա­ցաւ Եփ­րեմ ­Խան ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւած լու­սա­ւոր աստ­ղը, որ գա­ղա­փա­րա­կան իր հու­րով եւ հե­րո­սի իր մար­տու­նա­կու­թեամբ պայ­ծա­ռա­ցուց ճա­կա­տը եւ շտկեց մէջ­քը հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ յա­նուն ար­դա­րու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան անմ­նա­ցորդ անձ­նո­ւի­րու­մի հայ­կա­կան փառ­քը քան­դա­կե­լով Ի­րա­նի ար­դի պատ­մու­թեան է­ջե­րուն։
­Սիւ­նեաց աշ­խար­հէն էր Եփ­րեմ ­Դաւ­թեանց. ծնած էր ­Գան­ձա­կի ­Բար­սում գիւ­ղը. ծննդեան թո­ւա­կա­նը ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ 1868ն­ է, թէեւ կեն­սա­գիր­նե­րը կու տան նաեւ 1869 եւ 1871 թո­ւա­կան­նե­րը։
­Հայ­րա­զուրկ ման­կու­թիւն ու­նե­ցաւ. ծե­րու­նի մօր մը միակ զա­ւա­կը, որ հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ՝ 17 տա­րե­կա­նին, ու­սու­մը կի­սատ թո­ղած, հե­ռա­ցաւ իր ծննդա­վայ­րէն եւ միա­ցաւ Եր­կիր անց­նող ու թրքա­կան լու­ծին դէմ ըմ­բոս­տա­ցած ա­ռա­ջին հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հրո­սա­կա­յին շար­ժու­մին։ ­Գոր­ծեց Մ­շոյ դաշ­տի, ­Սաս­նայ աշ­խար­հի, ­Վա­նի եւ ­Կար­նոյ (Էրզ­րում) մէջ։
­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեան, իր «­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դէմ­քեր»ուն մէջ ներ­կա­յաց­նե­լով Եփ­րե­մի գոր­ծու­նէու­թեան սկզբնա­կան շրջա­նը, մե­ծա­նուն հե­րո­սին կրա­կի մկրտու­թիւ­նը կը կա­պէ Մ­շոյ «­Սուրբ ­Կա­րա­պետ» ­Վան­քի շրջա­կայ­քը գոր­ծող՝ «Ղլ­լի­տի Տ­ղայ» ա­նու­նով ծա­նօթ յե­ղա­փո­խա­կան հրո­սա­կա­պե­տի մղած կռիւ­նե­րուն, ո­րոնց ըն­թաց­քին 19ա­մեայ Եփ­րեմ ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց իր խի­զա­խու­թեամբ եւ մար­տա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով։
Եփ­րեմ ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղաւ, որ միա­ցաւ նո­րա­կազմ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ­Յու­նո­յի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ, իբ­րեւ տաս­նա­պետ, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Սար­գիս ­Կու­կու­նեա­նի ար­շա­ւա­խում­բին։ Երբ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ հա­լա­ծան­քը սկսաւ ար­շա­ւա­խում­բին դէմ եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ցա­րա­կան բան­տե­րը նե­տուե­ցան, պաշ­տօ­նա­պէս 1871ի ծնունդ ար­ձա­նագ­րո­ւած Եփ­րե­մը, ան­չա­փա­հաս իր տա­րի­քին բեր­մամբ, ­Կար­սի մէջ բան­տար­կո­ւե­լէ եւ դա­տո­ւե­լէ ետք, միայն հինգ տա­րո­ւան (տա­սի փո­խա­րէն) աք­սո­րի դա­տա­պար­տուե­ցաւ։
1892ին աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Սի­պիր՝ ­Սա­խա­լին, ուր եր­կու տա­րի մնա­լէ ետք, յղա­ցաւ գե­րան­նե­րով նա­ւակ մը շի­նե­լու եւ գե­տը նե­տո­ւե­լով փա­խուստ տա­լու ծրա­գիր մը, որ գոր­ծադ­րեց հայ ըն­կե­րոջ մը եւ ե­րեք ռուս ճա­կա­տագ­րա­կից բան­տար­կեալ­նե­րու հետ։ Եր­կու ա­միս եւ 23 օր տե­ւո­ղու­թեամբ ար­կա­ծախնդ­րա­լի ճամ­բոր­դու­թե­նէ մը ետք՝ Եփ­րեմ վե­րա­դար­ձաւ հայ­րե­նիք։
1895-1897 տա­րի­նե­րուն, իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. ­Բա­գո­ւի Ոս­կա­նա­պատ Կ. ­Կո­մի­տէի գոր­ծիչ, Եփ­րեմ ու­սուց­չա­կան աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ։ ­Հա­յե­րէ­նի կող­քին ռու­սե­րէն, պարս­կե­րէն եւ թրքե­րէն լե­զու­նե­րուն իր ծա­նօ­թու­թիւ­նը օգ­նեց, որ­պէս­զի շրջա­գա­յի հայ­կա­կան գիւ­ղե­րով եւ յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը՝ «­Դէ­պի Եր­կիր» ուղ­ղե­լով ա­նոնց քայ­լե­րը։ Իր կար­գին ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Ատր­պա­տա­կան, ­Թաւ­րիզ, որ սահ­մա­նը կտրող հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու եւ զի­նա­տար խում­բե­րու խա­րիսխն էր՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան զէն­քի գոր­ծա­րա­նով եւ հայ­դու­կա­յին պատ­րաս­տո­ւած գոր­ծիչ­նե­րու կեդ­րո­նա­ցու­մով։
1897ին Եփ­րեմ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին, իբ­րեւ ձիա­ւոր խում­բի տաս­նա­պետ՝ մար­տա­կան իր խի­զա­խու­թեամբ ու հե­րո­սա­կան քայ­լե­րով մեծ հռչա­կի ար­ժա­նա­նա­լով։ Ար­շա­ւան­քի յա­ջող ա­ւար­տէն ետք Եփ­րեմ վե­րա­դար­ձաւ Ար­ցախ, քա­նի մը տա­րի եւս շա­րու­նա­կեց շրջիկ ու­սու­ցիչ-գոր­ծի­չի իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, մին­չեւ որ 1902ին, ­Ռոս­տո­մի խոր­հուր­դով, վերջ­նա­կա­նա­պէս ան­ցաւ Ատր­պա­տա­կան ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Ռաշ­տի մէջ, ուր ա­մուս­նա­ցաւ, աշ­խա­տե­ցաւ ճամ­բու շի­նա­րա­րա­կան ըն­կե­րու­թեան մը մէջ, մին­չեւ որ հաս­տա­տեց ա­ղիւ­սի ար­տադ­րու­թեան իր սե­փա­կան գոր­ծը։
1906ին, երբ Ի­րա­նի մէջ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րը ե­րե­ւան ե­կան, Եփ­րեմ ղե­կա­վար դէմ­քե­րէն մէկն էր ­Ռաշ­տի Հ.Յ.Դ. «Վ­րէժ» ­Կո­մի­տէու­թեան, ո­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի հան­գա­ման­քով մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ատր­պա­տա­կա­նի Կ. ­Կո­մի­տէու­թեան խորհր­դակ­ցա­կան ժո­ղով­նե­րուն, ուր հա­սու­նա­ցաւ Ի­րա­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման ­Դաշ­նակ­ցու­թեան լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րը։
Եփ­րեմ հիմ­նա­կան դեր ու­նե­ցաւ, հա­մա­դաշ­նակ­ցա­կան ա­ռու­մով, այդ գա­ղա­փա­րին որ­դեգր­ման ու ի­րա­կա­նաց­ման մէջ՝ ­Ռոս­տո­մը ու­նե­նա­լով իբ­րեւ միեւ­նոյն այդ գա­ղա­փա­րին ջեր­մե­ռանդ պաշտ­պա­նը։
Հ.Յ.Դ. ­Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը, 1907ի գար­նան գու­մա­րո­ւած ­Վիեն­նա­յի մէջ, ո­րո­շում կա­յա­ցուց լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու Ի­րա­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մին եւ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թիւ­նը վստա­հե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան մեծ վար­պե­տին՝ ­Ռոս­տո­մին։
1907ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ­Ռոս­տոմ հա­սաւ ­Թաւ­րիզ՝ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու հա­մար ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման պար­սիկ ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Ոչ միայն Ի­րա­նը բռնա­պե­տա­կան լու­ծէ ա­զա­տագ­րե­լու նպա­տա­կը, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հայ­կա­կան Ատր­պա­տա­կա­նի գրաւ­ման թրքա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րը ի­րենց սաղ­մին մէջ խեղ­դե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան հրա­մա­յա­կա­նը ա­ռաջ­նոր­դե­ցին ­Ռոս­տո­մը, մին­չեւ ­Յու­նո­ւար 1908 եր­կա­րած այդ բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին։
Իր կող­մէ՝ Եփ­րեմ, գլխա­ւո­րե­լով Հ.Յ.Դ. ­Ռաշ­տի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, գործ­նա­պէս ար­դէն լծո­ւած էր ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման մար­տա­կան ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մին, ֆե­տա­յա­կան կռո­ւի մէջ թրծո­ւած հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի իր փոր­ձա­ռու­թեամբ ինք­նավստա­հու­թիւն ներշն­չե­լով պար­սիկ նո­րըն­ծայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն։
1908ի գար­նան ընդ­հա­րում­նե­րը սկսան ­Շա­հի բռնա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն հետ։ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը զէն­քով ու փոր­ձա­ռու մար­տիկ­նե­րով նե­տո­ւե­ցաւ կռո­ւի դաշտ՝ Եփ­րե­մին վստա­հե­լով դաշ­նակ­ցա­կան ու­ժե­րուն ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։ ­Մին­չեւ 13 ­Յու­լիս 1909ի ­Թեհ­րա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մը եւ ­Շա­հի գա­հըն­կէ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւած կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին, Եփ­րեմ դրսե­ւո­րեց Ի­րա­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման իս­կա­կան հրա­մա­նա­տա­րի փա­ռա­հեղ գոր­ծու­նէու­թիւն, ո­րուն հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ ոչ միայն ­Խա­նի տիտ­ղո­սին, այ­լեւ՝ ­Սար­դա­րի (ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար) զի­նո­ւո­րա­կան աս­տի­ճա­նին։ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան նո­րա­հաս­տատ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ նախ մայ­րա­քա­ղաք ­Թեհ­րա­նի, ա­պա նաեւ ամ­բողջ Ի­րա­նի Ոս­տի­կա­նա­պետ։
­Թէեւ ոս­տի­կա­նա­պե­տի այդ պաշ­տօ­նին հա­մար Եփ­րեմ մե­ղադ­րո­ւե­ցաւ իր կու­սակ­ցա­կան ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ՝ իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կան յե­ղա­փո­խա­կա­նին ան­յա­րիր պաշ­տօ­նա­տա­րի, մին­չեւ իսկ ­Ռոս­տոմ՝ Եփ­րե­մին ուղ­ղո­ւած իր մէկ նա­մա­կին մէջ, ըն­կե­րա­բար խոր­հուրդ տո­ւաւ ա­նոր, որ ձե­ւը գտնէ հրա­ժա­րե­լու այդ պաշ­տօ­նէն, այ­սու­հան­դերձ՝ Ի­րա­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մը պէտք ու­նէր թա­գա­ւո­րա­կան ու­ժե­րու յա­մե­ցող սպառ­նա­լի­քին դէմ յե­ղա­փո­խու­թեան ձեռք­բե­րում­նե­րը պաշտ­պա­նող եր­կա­թեայ բա­զու­կի, ո­րուն ա­մէ­նէն յու­սա­լի եւ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող մարմ­նա­ւո­րու­մը ինք՝ Եփ­րե՛մն էր։
Եփ­րեմ իր կեանքն ու ա­նու­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս կա­պեց Ի­րա­նի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մին։ ­Շա­րու­նա­կեց մնալ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման քա­ղա­քա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը պաշտ­պա­նո­ղի յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ։ ­Նո­րան­շա­նակ ­Շա­հը իր կար­գին սկսաւ դա­ւել ­Սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րու դէմ, պա­տա­հե­ցան շարք մը քա­ղա­քա­կան սպա­նու­թիւն­ներ ­Սահ­մա­նադրա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն դէմ, բայց այդ բո­լոր սադ­րանք­ներն ալ ի­րենց դէմ գտան ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման մշտար­թուն պա­հա­կին՝ Եփ­րե­մի վճռա­կան եւ զսպիչ, այ­լեւ ան­պար­տե­լի բա­զու­կը։
­Մին­չեւ 1912 ­Մա­յիս եր­կա­րած ընդ­հա­րում­նե­րուն եւ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գե­րու պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը միշտ բե­րաւ իր կազ­մա­կեր­պա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։
­Դաշ­նակ­ցա­կան ­Խե­չո­յի եւ ­Քե­ռիի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ դաշ­նակ­ցա­կան ու­ժե­րու նո­րո­վի կեդ­րո­նա­ցում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան՝ Եփ­րե­մի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը փոր­ձա­ռու մար­տիկ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ ու­ժե­ղաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։ Ար­դիւն­քը ե­ղաւ հե­րո­սա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րու նոր շղթա­յի մը նո­ւա­ճու­մը Եփ­րե­մի կող­մէ, ո­րուն Ի­րա­նի ժո­ղո­վուր­դը ար­դէն ան­պար­տե­լի հռչա­կած էր։
­Բայց ռազ­մի ճա­կա­տին վրայ դա­րա­նա­կալ մա­հը կը սպա­սէր մե­ծա­նուն հե­րո­սին։
6 ­Մա­յի­սին, 1912ին, թա­գա­ւո­րա­կան ­Սա­լար-էլ-­Տաու­լէի զօր­քե­րուն դէմ փայ­լուն յաղ­թա­նակ մը տա­նե­լէ ետք, երբ Եփ­րեմ օգ­նու­թեան կը փու­թար իր վի­րա­ւոր զի­նա­կի­ցին, մա­հա­ցու գնդակ մը վերջ տո­ւաւ ա­նոր կեան­քին՝ ­Հե­րո­սի մա­հով։
«­Վա­հա­նով, կամ ­Վա­հա­նի վրայ» ռազ­մա­դաշ­տէն վե­րա­դառ­նա­լու դաշ­նակ­ցա­կան պա­տո­ւէ­րով ճամ­բայ ե­լած ան­զու­գա­կան Եփ­րե­մի ան­կեն­դան մար­մի­նը, ­Թեհ­րա­նի հա­յոց ե­կե­ղե­ցին բե­րո­ւե­ցաւ վա­հա­նի վրայ։ Ար­ժա­նա­ցաւ ազ­գա­յին հե­րո­սի ու ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման ան­վի­ճե­լի հրա­մա­նա­տա­րի փա­ռա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան եւ թա­ղու­մին։
­Հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռու­մով ազ­գա­յին հե­րո­սի փառ­քին ար­ժա­նի ե­ղաւ Եփ­րեմ, ո­րուն Ար­դա­րու­թեան ու Ա­զա­տու­թեան ­Մար­տի­կի հե­րո­սա­կան կեր­պա­րը չկրցան ու­րա­նալ կամ սեւց­նել մին­չեւ ան­գամ խորհր­դա­յին­նե­րը։ ­Բայց ինչ­պէս Անդ­րա­նի­կի, այն­պէս ալ Եփ­րե­մի պա­րա­գա­յին, ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տաս­նա­մեակ­նե­րով փոր­ձե­ցին մրո­տել դաշ­նակ­ցա­կան կեր­պա­րը Եփ­րե­մի՝ փոր­ձե­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն ան­ջա­տել եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­կադ­րա­բար ար­ժե­ւո­րել Եփ­րե­մի անձն ու գոր­ծը։ ­Խորհր­դա­յին­նե­րու «դաս­տիա­րա­կու­թեամբ» սնած գրող­ներ պար­բե­րա­բար փորձ կը կա­տա­րեն շա­րու­նա­կե­լու նոյն նեն­գա­փո­խու­մը՝ սե­ւով ճեր­մա­կի վրայ գրե­լով, թէ իբր Եփ­րե­մի «­Կա­պը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ ոչ միայն սերտ չէր, այ­լեւ շա­րու­նակ հա­լա­ծո­ւել է վեր­ջի­նիս կող­մից»…
­Զո՜ւր են նման ցե­խար­ձա­կում­նե­րը։
Եփ­րե­մը կայ ու կը մնայ իբ­րեւ Ար­դա­րու­թեան եւ Ա­զա­տու­թեան նո­ւի­րեալ ­Դաշ­նակ­ցա­կան ­Հե­րո­սը։
Եփ­րե­մի յի­շա­տա­կին՝ վե­րա­նո­րո­գենք ­Գա­ղա­փա­րի ­Մար­տիկ­նե­րու ու­ղիով հայ ժո­ղո­վուր­դին եր­թը յա­ռաջ մղե­լու ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի պատ­գա­մը, որ այն­քան հնչե­ղու­թեամբ տեղ գտած է Ար­դա­րու­թեան եւ Ա­զա­տու­թեան ­Հե­րո­սին մար­տի­րո­սաց­ման նո­ւի­րո­ւած ­Զա­ւա­րեա­նի մա­հագ­րա­կան վկա­յու­թեան մէջ.-

«Ն­րան կռիւ ու­ղար­կե­լիս, ողջ­դար­ձի առ­թիւ, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­ղեկ­ցեց Եփ­րե­մին՝ հին դիւ­ցազ­նա­կան պա­տո­ւէ­րով.
«- ­Կա՛մ վա­հա­նը ձեռ­քիդ, կա՛մ վա­հա­նի վրայ։
«Եւ նա հա­ւա­տա­րիմ մնաց այդ պատ­գա­մին։
«­Չորս տա­րի ան կե­ցած էր վա­հա­նը ձեռ­քին՝ միշտ էլ յաղ­թող, եւ այ­սօր նա պառ­կած է վա­հա­նի վրայ…նո­րէն յաղ­թող…
«Եփ­րեմ­նե­րը, հրա­մա­նա­տար­նե՛­րը կ­’ընկ­նին եւ պէտք է որ ընկ­նին։ Ն­րանց մա­հով բա­նակն է, որ կը յաղ­թա­նա­կէ, ­Հա­յու­թեան, ամ­բողջ ­Մարդ­կու­թեան Ա­զա­տու­թեան օրն է, որ կը մօ­տե­նայ…»։