Տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցան
Ար­ցա­խի զօ­րակ­ցու­թեան հա­ւաք­ներ

­Շա­բաթ, 27 եւ ­Կի­րա­կի 28 ­Յու­նուա­րին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յա­հոծ տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ, ըն­դա­ռա­ջե­լով հա­մեւ­րո­պա­կան կո­չին, յու­նա­հա­յու­թեան զան­գո­ւած­նե­րը ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեամբ զօ­րա­վիգ կանգնե­ցան ար­ցա­խա­հա­յու­թեան հիմ­նա­հար­ցին եւ պա­հան­ջե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ա­պօ­րի­նա­բար բան­տար­կո­ւած Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան ան­մի­ջա­կան ա­զա­տագրու­մը։ Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, ­Սեր­րե­սի եւ ­Գա­վա­լա­յի մէջ տար­բեր հա­ւաք­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր ձայ­նը միա­ցուց «Եւ­րո­պա­ցի­ներ յա­նուն Ար­ցա­խի» շար­ժու­մին եւ պա­հան­ջեց կա­սեցնել Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ Ար­ցա­խի ա­պօ­րի­նի գրա­ւու­մէն ետք, կը սպառ­նայ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան վրայ։ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, հո­գե­ւոր, միու­թե­նա­կան եւ կա­ռու­ցա­յին գոր­ծօն­նե­րու հա­մախմ­բու­մով, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը որ­պէս մէկ ձայն իր բո­ղո­քի ընդվ­զու­մը ար­տա­յայ­տեց, ներ­կա­յաց­նե­լով թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը, ո­րոնք լուրջ սպառ­նա­լիք կը դառ­նան տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։
Ա­թէն­քի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու տար­բեր հա­ւաք­ներ, մին ­Շա­բաթ, 27 ­Յու­նո­ւա­րին, ­Փի­րէա­յի մէջ, իսկ երկ­րոր­դը ­Կի­րա­կի, 28 ­Յու­նո­ւա­րին, Ա­թէն­քի ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին դի­մաց։
­Կի­րա­կի օր, հա­կա­ռակ օ­դի աննպաստ պայ­ման­նե­րուն եւ տի­րող ար­տա­կարգ ցուր­տին, մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ ըն­դա­ռա­ջե­ցին կո­չե­րուն եւ ներ­կայ ե­ղան հա­ւա­քին։ ­Յատ­կանշա­կան էր հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներ­կա­յու­թիւնն ու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք շա­րո­ւած էին հրա­պա­րա­կի եր­կայն­քին, եւ մե­ծա­դիր պաս­տառ­նե­րով ու թռու­ցիկ­նե­րու բաշ­խու­մով ի­րա­զե­կե­ցին ան­ցորդ­նե­րը, իսկ հարկ ե­ղած պա­րագա­յին տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւին օ­տար ան­ցորդ­նե­րուն։
­Հայ յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց պե­տե­րուն, ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կող­քին, ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­ներ Ս­թե­լիոս ­Ֆո­թո­փու­լոս եւ ­Վա­սի­լիոս Ղ­րա­մե­նոս, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, ­Յու­նաս­տա­նի հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ այլ յոյն բա­րե­կամ­ներ։
­Հա­ւա­քի սկիզ­բին ցու­ցադ­րո­ւե­ցան ե­րեք տար­բեր վի­տէօ ե­րիզ­ներ, պատ­րաս­տո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ, ո­րոնք ամ­փոփ կեր­պով կը մատ­նան­շէին Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը Ար­ցա­խի դէմ։
­Յա­ջոր­դա­բար, բա­ցու­մը կա­տա­րեց եւ հա­ւա­քը վա­րեց ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան, որ իր խօս­քի նա­խա­բա­նին մէջ շեշ­տեց հա­յու­թեան հա­մեւ­րո­պա­կան զօ­րա­շար­ժի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ա­պա ընդգ­ծեց, թէ 1915-ի ցե­ղասպա­նու­թեան օ­րե­րը կը կրկնո­ւին Ար­ցա­խի մէջ, 2020-էն յե­տոյ սան­ձա­զեր­ծուած թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Ան ընդգ­ծեց Ար­ցա­խի շրջա­փա­կու­մը ա­զե­րիա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­տար­բե­րու­թիւ­նը եւ վեր­ջա­պէս Ար­ցա­խի հա­յա­թա­փու­մը ան­ցեալ ­Սեպ­տեմ­բե­րին։ Ան նշեց, թէ հա­կա­ռակ մի­ջազ­գա­յին ու­ժե­րու ցցուն ան­տար­բե­րու­թեան, գտնո­ւե­ցան ձայ­ներ, ինչ­պի­սին է ­Լուիս ­Մօ­րե­նօ Օ­կամ­պօ, ո­րոնք ի­րա­ւա­կան քայ­լե­րով կը փոր­ձեն ցոյց տալ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի մի­ջազ­գա­յին տա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ընկ. Գ­րի­գո­րեան յա­տուկ անդ­րա­դարձ ը­րաւ վեր­ջերս ­Հա­յաս­տան գտնո­ւած՝ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դի ո­րո­շու­մին մա­սին, դուրս ձգե­լու Ատրպէյճա­նը եւ­րո­պա­կան ա­տեան­նե­րէն։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին, ան կոչ ուղ­ղեց բո­լո­րին զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ար­դար դա­տին, պա­հան­ջե­լով հայ գե­րի­նե­րու ա­զա­տագ­րու­մը եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­հաս­տա­տու­մը, իր իսկ սե­փա­կան հո­ղին վրայ։
­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­գաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ ­Եորղոս ­Քու­թե­լա­քիս, որ ան­ցեա­լին ա­ռի­թը ու­նե­ցած էր այ­ցե­լել Ար­ցախ, եւ զօ­րակ­ցա­կան ջերմ խօս­քե­րով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ իր ու­նե­ցած ապ­րում­նե­րուն մա­սին, կոչ ուղ­ղե­լով հա­մախմ­բո­ւած հա­յու­թեան անն­կուն մնալ պայ­քա­րի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մէջ։
­Յա­ջոր­դա­բար, պաս­տա­ռին վրայ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ տե­սա­նիւթ մը, ո­րուն մի­ջո­ցով հայ ժո­ղո­վուր­դի մնա­յուն բա­րե­կամ եւ ա­նոր ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան փրոֆ. ­Նի­քոս ­Լի­ղե­րոս իր զօ­րակ­ցու­թեան ու­ղեր­ձը ղրկեց հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դին եւ իր ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց Ար­ցա­խի պայ­քա­րին։
­Խօսք ա­ռաւ Ռ.Ա.Կ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան փոխա­տե­նա­պետ պ. ­Սե­ւակ ­Փա­նո­սեան, որ հա­յե­րէն լե­զուով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի մի­ջազ­գա­նա­կա­նաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, իսկ յա­տուկ անդ­րա­դարձ ը­րաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ գե­րե­վա­րո­ւած Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ա­պօ­րի­նի բան­տար­կու­թեան։ Ան նշեց Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւող հա­ւաք­նե­րու նշա­նա­կու­թիւ­նը, ո­րոնք նպա­տակ ու­նին ի­րա­զե­կել եւ ա­մէն ճիգ թա­փել զսպե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը հան­դէպ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան։ Ան նաեւ շեշ­տեց, թէ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու ա­պա­հո­վու­մի նպա­տա­կին հա­մար, նա­խա­պայ­ման է ­Հա­յաս­տա­նը պաշտ­պա­նել Ատր­պէ­ճա­նի եւ ա­նոր զի­նա­կից­նե­րու նկրտում­նե­րէն։
Այս ուղ­ղու­թեամբ, ան ընդգ­ծեց եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան օ­րի­նակ­նե­րը, իսկ մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դարձ ը­րաւ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի վեր­ջին եւ կա­րե­ւոր ո­րո­շու­մին, դուրս վտա­րե­լու Ատր­պէյ­ճա­նը եւ­րո­պա­յի կեդ­րո­նա­կան ա­տեա­նէն։
­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան եւ ա­նոր նա­խա­գա­հի ող­ջոյ­նի խօս­քե­րը ներ­կա­յա­ցուց միու­թեան ընդհ. քար­տու­ղար Ա­թի­նա ­Սո­թի­րիա­տու, որ իր ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց ար­ցա­խա­հա­յու­թեան դա­տին եւ պոն­տա­կան աշ­խար­հի քա­ջա­լե­րան­քը ար­տա­յայ­տեց հա­մայն հա­յու­թեան։
­Յու­զիչ ե­ղաւ պա­հը, երբ Ար­ցա­խի մէջ ծնած ու սնած հա­յու­հի մը, Է­լէ­նա Օ­կա­նո­վան, բեմ բարձրա­նա­լով խօ­սե­ցաւ իր եւ ըն­տա­նի­քին մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին, ներ­կա­յաց­նե­լով ան­թիւ սխրանք­նե­րը, ո­րոնք յատ­կան­շե­ցին Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը։ Ան նաեւ խօ­սե­ցաւ վեր­ջին տա­րի­նե­րու ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին եւ հա­մո­զում յայտ­նեց, որ ար­ցա­խա­յու­թեան վե­րա­դար­ձը իր պատ­մա­կան օ­ճախ­նե­րը պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի շնոր­հիւ հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան կամ­քին։
Վեր­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ CNN Greece եւ այլ լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու յայտ­նի լրագ­րող ­Քոս­թաս Փ­լիա­քոս, որ իր լրագ­րո­ղա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը տուաւ՝ 2020-ին սան­ձա­զեր­ծո­ւած յար­ձա­կում­նե­րուն վկան ըլ­լա­լով։ Ան քա­նիցս շեշ­տեց, թէ ատրպէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րու յար­ձա­կում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ան­մեղ բնա­կիչ­նե­րու, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի են­թա­կա­ռոյց­նե­րուն, դպրոց­նե­րուն, հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն եւ այլ քա­ղա­քա­յին թի­րախ­նե­րուն վրայ։ Այս յար­ձա­կում­նե­րը պա­տե­րազ­մա­կան ո­ճիր­ներ են, շեշ­տեց ան, ո­րոնց հա­մար Ատր­պէյ­ճան պար­տի հա­շիւ տալ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին դի­մաց։
­Ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քի ա­ւար­տին դար­ձեալ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ե­րիզ­ներ, ո­րոնք կը շեշ­տէին Եւ­րո­պա­յի հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան զօ­րա­շար­ժը՝ «Եւ­րո­պա­ցի­ներ յա­նուն Ար­ցա­խի» կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը նշեց, թէ պայ­քա­րի ու­ղին եր­կար է, պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի ա­ռանց նա­հան­ջի, ա­պա կոչ ուղ­ղեց ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին ըն­դա­ռա­ջել բո­լոր կո­չե­րուն Ար­ցա­խին հա­մար։
Ն­շենք, որ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, ­Սեր­րե­սի եւ ­Գա­վա­լա­յի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած հա­ւաք­նե­րուն մա­սին պի­տի անդ­րա­դառ­նանք յա­ջոր­դիւ։

­Տե­ղե­կա­տո­ւա­կան-քա­րոզ­չա­կան հա­ւաք ­Փի­րէա­յի մէջ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Շա­բաթ, 27 ­Յու­նո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան, ­Փի­րէա­յի կեդ­րո­նա­կան քա­ղա­քա­պե­տա­կան թատրո­նի հրա­պա­րա­կին վրայ, տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­րոզ­չա­կան յա­տուկ հա­ւաք մը։
­Մեծ թի­ւով հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ պա­տա­նի­ներ, ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, տեղ գրա­ւե­ցին հրա­պա­րա­կին վրայ եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան թռու­ցիկ­ներ բաժ­նե­ցին Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հիմ­նախն­դիր­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի եւ ­Պա­տա­նե­կա­նի ան­դամ­նե­րը զե­տե­ղե­ցին մե­ծա­դիր պաս­տառ­ներ, իսկ բարձ­րա­խօ­սին մի­ջո­ցով տո­ւին կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման մա­սին։ ­Տեղ­ւոյն վրայ, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւին ան­ցորդ­նե­րուն եւ յա­ւե­լեալ տո­ւեալ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին «Եւ­րո­պա­ցի­ներ յա­նուն Ար­ցա­խի» հա­մեւ­րո­պա­կան շար­ժու­մին առն­չու­թեամբ։