Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րը, ա­ռա­ջին հեր­թին ­Գեր­մա­նիան, կը գտնո­ւին ի­րենց քա­ղա­քա­կան-ռազ­մա­գի­տա­կան ան­մի­ջա­կան շա­հա­դի­տու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով՝ առ­նո­ւազն ան­հա­ճոյ եւ պե­տու­թեան մը հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի վե­րա­բե­րում­նե­րու առ­ջեւ:
Եւ­րո­պան գրա­ւե­լու օս­մա­նեան բա­նակ­նե­րու ար­շա­ւը կանգ ա­ռած էր 1683ին՝ ­Վիեն­նա­յի դռնե­րուն: Թր­քա­կան զօր­քը պար­տո­ւած էր, հա­կա­ռակ այդ օ­րե­րուն հա­մար իր մեծ թի­ւին, ա­ւե­լի քան 200.000: Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րեա­կին, ­Գեր­մա­նիոյ եւ ­Թուր­քիոյ կայ­սե­րա­կան շա­հե­րը հա­մըն­կած էին, հաս­տա­տո­ւած էր սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն: ­Հա­կա­ռակ պա­տե­րազ­մի ան­յա­ջող ըն­թաց­քին, ­Թուր­քիոյ եւ ­Գեր­մա­նիոյ կա­պե­րը չէին խզո­ւած եւ սեր­տակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւած էր:
Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­Թուր­քիան շա­րու­նա­կած էր իր կա­պե­րը պա­հել ­Գեր­մա­նիոյ հետ, սպա­սած էր, տես­նե­լու հա­մար պա­տե­րազ­մա­կան դէպ­քե­րու ըն­թաց­քը: Ե­թէ ­Գեր­մա­նիան յաղ­թո­ղի դիր­քին վրայ գտնո­ւէր, ­Թուր­քիա կրկին կը մաս­նակ­ցէր պա­տե­րազ­մին՝ իր նախ­կին դաշ­նա­կի­ցի կող­քին, վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար կայս­րու­թիւ­նը: ­Բայց որ­պէս «քա­ղա­քա­կան ա­ւա­զակ», ինչ­պէս որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դես­պան ­Հան­րի ­Մոր­կան­թաու բնո­րո­շած է ­Թուր­քիան, Աշ­խար­հա­մար­տի վեր­ջին օ­րե­րուն, միայն 2 ­Փետ­րո­ւար 1945ին, ­Թուր­քիա պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րեց, եւ ա­ռանց փամ­փուշտ մը ար­ձա­կե­լու, գտնո­ւե­ցաւ յաղ­թա­կան­նե­րու կող­քին: Աչ­քա­բա­ցու­թիւն մը:
Ոչ ոք զար­մա­ցաւ, զար­մա­ցող­նե­րը ինչ-ինչ շա­հե­րով տա­րո­ւած, լուռ մնա­ցին եւ կը մնան մին­չեւ այ­սօր՝ ­Թուր­քիոյ սան­ձար­ձա­կու­թիւն­նե­րուն դէմ թու­լա­մոր­թու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լով:
Ա­պա՝ վե­րա­կա­ռու­ցո­ւող ­Գեր­մա­նիան, աշ­խա­տու­ժի կա­րիք ու­նե­նա­լով, իր դռնե­րը լայն բա­ցաւ, նաեւ՝ ­Թուր­քիոյ առ­ջեւ: Այ­սօր ­Գեր­մա­նիոյ մէջ կ’ապ­րին ա­ւե­լի քան ե­րեք մի­լիոն թուր­քեր, ո­րոնց առ­նո­ւազն մէկ մի­լիո­նը հոն ծնած է: ­Թուր­քե­րը ի­րենց սերտ կա­պե­րը պա­հած են ­Թուր­քիոյ հետ, եւ պե­տու­թիւ­նը միշտ շա­հա­գոր­ծած է ար­տա­գաղ­թած բազ­մու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կ’ապ­րին այն­պէս, ինչ­պէս կ’ապ­րէին ­Թուր­քիոյ մէջ: ­Թուրք պե­տու­թիւ­նը տի­րու­թիւն կ’ը­նէ ­Գեր­մա­նիոյ, ­Հոլ­լան­տա­յի եւ Աւստ­րիոյ թուր­քե­րուն, կը ղրկէ կրօ­նա­կան­ներ եւ ու­սու­ցիչ­ներ, ա­նոնց մօտ կը տա­նի քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տանք, ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ա­նոնց քո­ւէ­նե­րը երկ­րի ներ­քին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:
Այ­սօր, եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու թուրք քո­ւէար­կող­նե­րուն մօտ ընտ­րա­կան ար­շաւ կը կազ­մա­կեր­պէ պե­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թեան հան­րա­քո­ւէին ա­պա­հո­վէ ա­նոնց ձայ­նե­րը եւ ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղան մե­նա­տի­րու­թիւն հաս­տա­տէ: Եւ­րո­պա­ցի կարգ մը լրագ­րող­ներ եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ ար­դէն չեն վա­րա­նիր զայն կո­չե­լու «սուլ­թան»: ­Թուր­քիա­յէն պե­տա­կան դէմ­քեր կ’ու­ղար­կո­ւին հան­րա­ժո­ղով­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար, այն­պէս ինչ­պէս այդ կը կա­տա­րո­ւի ­Թուր­քիոյ մէջ, յի­շեալ եր­կիր­նե­րը կար­ծէք ­Թուր­քիոյ ընտ­րաշր­ջան­նե­րը ըլ­լա­յին:
­Թուր­քիոյ այս վե­րա­բե­րու­մը բնա­կան կրնայ թո­ւիլ գոր­ծող թուրք իշ­խա­նու­թեան, քա­նի Եւ­րո­պան ընդ­հան­րա­պէս, սա կամ նա ձե­ւով, կ’ու­զէր ­Թուր­քիան ըն­դու­նիլ իր մէջ կա­մա­ւոր կոյր դառ­նա­լով, չան­գի­տա­նա­լով հան­դերձ, որ այդ ան­դա­մակ­ցու­թեամբ ան պի­տի դառ­նար Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ա­մէ­նէն բազ­մա­մարդ եր­կի­րը, եւ խորհր­դա­րա­նին մէջ պի­տի ու­նե­նար հա­մ­ամե­տա­բար ե­րես­փո­խան­նե­րու մե­ծա­գոյն թի­ւը, հե­տե­ւա­բար՝ ա­ռաջ­նոր­դող դեր: ­Թուր­քիա կը ցան­կայ վե­րա­կանգ­նել կայս­րու­թիւ­նը, այս ան­գամ ոչ թէ ­Վիէն­նա­յէն մուտք գոր­ծե­լով, այլ՝ Պ­րիւք­սէ­լէն:
Ինչ­պէս կ’ը­սո­ւի կարգ մը յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու մէջ, «Ան­կե­լա ­Մեր­քէ­լի ­Գեր­մա­նիան սուլ­թան Էր­տո­ղա­նի թոյլ տա­լով գրե­թէ ա­մէն բան», ստեղ­ծած է ներ­կայ կա­ցու­թիւ­նը: ­Վար­ժո­ւած ա­րեւմտեան եր­կիր­նե­րու հան­դուր­ժո­ղա­կան վե­րա­բե­րու­մին, «պաղ պա­տե­րազմ»ի օ­րե­րէն ի վեր սո­վո­րու­թիւն դար­ձած, ­Թուր­քիա կրնայ ոտ­նա­կո­խել բո­լոր ար­ժէք­նե­րը ո­րոնց­մով կը հպար­տա­նան հին աշ­խար­հի ժո­ղովր­դա­վար­նե­րը: ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը կը խօ­սի գրաւ­ման բա­նա­կի պե­տի պէս, իր երկ­րին մէջ եւ ան­կէ դուրս: ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղան կը զայ­րա­նայ, երբ մե­նա­տի­րու­թիւն ամ­րաց­նե­լու կո­չո­ւած սահ­մա­նադ­րու­թեան ի նպաստ իր կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւե­լիք հան­րա­ժո­ղով­նե­րը, ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ­Գեր­մա­նիոյ թուր­քե­րու քո­ւէ­նե­րը, կ’ար­գի­լո­ւին:
­Սահ­մա­նադ­րու­թեան «բա­րե­փո­խում»ը երկ­րին մէջ վի­ճա­յա­րոյց է, քա­նի որ ար­տա­կարգ լիա­զօ­րու­թիւն­ներ կու տայ նա­խա­գա­հին, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը դարձ­նե­լով փու­չիկ, որ պի­տի կա­րե­նայ եր­կի­րը կա­ռա­վա­րել հրա­մա­նագ­րե­րով: ­Կը նշա­նա­կէ, որ այն քիչ ընդ­դի­մու­թիւ­նը որ կայ, պի­տի վեր­նայ:
­Տար­բեր կար­ծի­քի չհան­դուր­ժող ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղան, իր աշ­խար­հա­կա­լի դիր­քէն, կը հա­կազ­դէ ի­րեն ա­զատ բեմ տա­լու գեր­մա­նա­կան քա­ղաք­նե­րու մեր­ժու­մին: Այդ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը պար­կեշտ վե­րա­բե­րու­մի պի­տի ար­ժա­նա­նա՞յ աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րուն կող­մէ, Ա­մե­րի­կա­նե­րէն Ա­սիա, Եւ­րո­պա, ­Ռու­սիա, ­Չի­նաս­տան, Հնդ­կաս­տան, Ափ­րի­կէ, Ա­սիա, մին­չեւ ­Խա­ղա­ղա­կա­նի հե­ռա­ւոր աշ­խարհ­նե­րը:
­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղան ժա­մա­նա­կա­կից ­Գեր­մա­նիան կ’ամ­բաս­տա­նէ «նա­ցի»ա­կա­նու­թեամբ: Են­թա­կա­յա­կան դա­տում­ներ չու­նե­նա­լու հա­մար, լսենք զինք: Կ­’ը­սէ.- «­Ձեր գոր­ծե­լա­ձե­ւե­րը տար­բեր չեն նա­ցիա­կան­նե­րէն»: Եւ կ’ա­ւելց­նէ.- «­Կը խոր­հէի, որ նա­ցիա­կա­նու­թիւ­նը վերջ գտած էր ­Գեր­մա­նիոյ մէջ, դժբախ­տա­բար ան կը շա­րու­նա­կո­ւի»:
­Գեր­մա­նիան իր «մէա քիւլ­փա»ն­ ը­րած է, գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար երկ­րին մէջ յու­շար­ձան­ներ կան, հա­տու­ցում ը­րած է: Ի՞նչ ը­րած են ­Թուր­քիան եւ ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղան գոր­ծո­ւած հայ­կա­կան աշ­խար­հի բռնագ­րաւ­ման, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ­րե­նա­հան­ման հա­մար: Այս հրա­տապ խնդրով բան մը «վերջ գտա՞ծ է», թէ՞ «դժբախ­տա­բար ան կը շա­րու­նա­կո­ւի»: Այս հար­ցու­մը հա­յե­րը պէտք չէ ուղ­ղեն, այլ՝ ­Գեր­մա­նիան, Եւ­րո­պան եւ աշ­խար­հը, ե­թէ շա­հե­րու պատ­ճա­ռով չեն խլա­ցած:
­Խիստ ու­շագ­րաւ են ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղա­նի «ժո­ղովր­դա­րու­թեան» մա­սին ու­նե­ցած ըմբռ­նու­մը եւ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թեան ե­ղա­նա­կը: Կ­’ը­սէ.- «­Դուք մե­զի ժողովր­դա­վա­րու­թեան դա­սեր կու տաք եւ դուք չէք թոյ­լատ­րեր, որ նա­խա­րար­նե­րը հոն ար­տա­յայ­տո­ւին»,- այ­սինքն՝ ­Գեր­մա­նիա եւ ընդ­հան­րա­պէս՝ Եւ­րո­պա: ­Ցարդ գի­տէինք, որ նա­խա­րար­ներ այ­ցե­լու­թեամբ կ’եր­թա­յին այլ եր­կիր­ներ բա­նակ­ցե­լու հա­մար իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հետ, բայց չէին եր­թար ի­րենց երկ­րի ներ­քին հար­ցե­րուն հա­մար հան­րա­ժո­ղով­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու եւ քո­ւէ հա­ւա­քե­լու: Ինչ­պէս կը նշէի, ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղան կը խօ­սի ­Գեր­մա­նիոյ քա­ղաք­նե­րու մեր­ժու­մին մա­սին եւ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը կ’ու­նե­նանք, որ ա­նոնք թրքա­կան գա­ղութ­ներ կամ նա­հանգ­ներ են:
­Ցարդ ­Թուր­քիոյ հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած ա­մե­նա­թո­ղու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը մղէ ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղա­նը իր­մէ «խլո­ւած ի­րա­ւունք»ին դէմ ընդվ­զե­լու: Ինչ որ կ’ը­սէ, մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ պէտք է ար­ձա­նագ­րել.- «Ե­թէ ես ու­զեմ ­Գեր­մա­նիա գալ, այդ կ’ը­նեմ, եւ ե­թէ դուք թոյլ չտաք անց­նիլ ձեր դռնե­րէն, ե­թէ թոյլ չտաք, որ ես խօ­սիմ, աշ­խար­հը ոտ­քի պի­տի հա­նեմ»:
Այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը կ’ու­նե­նանք, որ ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղան վերջ­նա­գիր (ultimatum) կու տայ ­Գեր­մա­նիոյ, եւ ա­նոր ճամ­բով ամ­բողջ աշ­խար­հին: ­Պէտք է, որ ի­րենց խցո­ւած ա­կանջ­նե­րը բա­նան բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը խոր­հին, թէ բա­րիք կ’ըլ­լայ ­Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը, եւ ա­նոնք ո­րոնք կը հա­ւա­տան, թէ ժա­մա­նա­կա­կից ­Թուր­քիան փո­խո­ւած է եւ տե­սա­կա­ւոր երկ­խօ­սու­թիւն­ներ կա­րե­լի են:
Ի՞նչ կը խոր­հի ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղան: ­Գեր­մա­նիոյ եւ ընդ­հան­րա­պէս Եւ­րո­պա­յի եւ այլ եր­կիր­նե­րու մի­լիո­նա­ւոր թուր­քե­րը, ինչ­պէս կ’ը­սո­ւի՝ իր հրա­հան­գին են­թա­կայ «հին­գե­րորդ զօ­րա­սի՞ւն են», զոր կա­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել ըստ իր կայ­սե­րա­կան շա­հե­րուն: ­Պարզ խօս­քով, ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղան… կը սպառ­նայ:
­Գեր­մա­նա­ցի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ մը չի վա­րա­նիր կա­ցու­թեան գնա­հա­տու­մը ը­նե­լու, երբ կը խօ­սի «­Վոս­փո­րի բռնա­կալ»ի ծայ­րա­յեղ շե­ղում­նե­րուն մա­սին:
­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ Ան­կե­լա ­Մեր­քէլ չ’ընդվ­զիր, պար­զա­պէս կը յայ­տա­րա­րէ, որ «մեր գոր­ծա­կից թուր­քին հան­դէպ ըլ­լանք քննա­դա­տա­կան երբ անհ­րա­ժեշտ է, բայց տե­սո­ղու­թե­նէ չհե­ռաց­նենք մեր ըն­կե­րակ­ցու­թեան ի­մաս­տը, մեր սեղմ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Մ­նանք պա­ղա­րիւն: ­Կը մեր­ժենք ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նոյ­նա­ցու­մը ազ­գայ­նա­կան-ըն­կեր­վա­րու­թեան (national-socialisme) հետ»: Այս­քա՜ն նրբու­թիւն ի­մա­ցող պէտք է ըլ­լայ:
­Տա­րի մը ա­ռաջ նոյն ­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղա­նը, Ֆ­րան­սա­յի Սթ­րազ­պուրկ քա­ղա­քին մէջ, բազ­մամ­բոխ հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին խօ­սե­լով՝ ը­սած էր, որ թուր­քե­րը պէտք չէ ձու­լո­ւին եւ­րո­պա­կան մշա­կոյ­թին մէջ, բարձ­րա­նա­լով հան­դերձ ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կի մէջ, որ­պէս­զի կա­րե­նան քա­քա­կա­նօ­րէն ազ­դել որ­պէս թուրք ժո­ղո­վուրդ:
­Վիեն­նա­յէն անց­նե­լով՝ Եւ­րո­պան չէր գրա­ւո­ւած: Ի՞նչ կը պա­տա­հի այ­սօր:
Ի՞նչ կը մտա­ծեն բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ­Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը կը ջա­տա­գո­վեն:
­Ռէ­ճէփ Էր­տո­ղան եւ ու­րիշ­ներ ե՞րբ պի­տի խօ­սին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, հա­յոց հայ­րե­նա­հան­ման եւ բռնագ­րա­ւո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի մա­սին: Աշ­խար­հի բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը սի­րեն խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան կար­գա­խօս­նե­րով հրա­պա­րակ գալ, ին­չո՞ւ այս հար­ցու­մը ի­րենց ար­ժէք­նե­րու տախ­տակ­նե­րուն վրայ չեն գրեր: