Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը յայ­տա­րա­րէ.- «­Հայ ­Դա­տի Պ­րիւք­սէ­լի գրա­սե­նեա­կի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու պա­տաս­խա­նա­տու ­Պե­տօ ­Տէ­միր­ճեան ըն­տա­նի­քով ­Պէյ­րութ, ­Լի­բա­նան տե­ղա­փո­խո­ւե­լու պատ­ճա­ռով՝ 30 ­Յու­նիս 2017էն սկսեալ պի­տի դադ­րի զբա­ղեց­նե­լէ այդ պաշ­տօ­նը: «­Պե­տօ գրա­սե­նեա­կի աշ­խա­տա­կազ­մի մշտա­կան ան­դամ դար­ձաւ ­Հոկ­տեմ­բեր 2010ին եւ պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին խղճմտօ­րէն, նո­ւի­րու­մով եւ ձեռն­հա­սու­թեամբ կա­տա­րեց ի­րեն վստա­հո­ւած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը:
­Պե­տո­յին բա­րի երթ եւ յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք իր ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն եւ աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ: «1 ­Յու­լիս 2017էն սկսեալ՝ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւի պաշ­տօ­նը պի­տի վա­րէ ­Յա­րութ ­Շի­րի­նեան, որ ար­դէն Պ­րիւք­սել կը գտնո­ւի եւ աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի ստանձ­նէ ի­րեն վստա­հուած պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րը: ­Յա­րութ ­Լի­բա­նա­նի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ­Մես­րո­պեան ­Բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տած է, ա­պա՝ ­Փա­րի­զի Ք­րէ­թէյ հա­մալ­սա­րա­նի «Տն­տե­սու­թիւն եւ կա­ռա­վա­րում» ճիւ­ղը, որ­մէ ետք մաս­նա­գի­տա­ցած է «­Մար­զա­կան կա­ռա­վա­րում» ճիւ­ղին մէջ՝ վկա­յա­կա­նը ստա­նա­լով փա­րի­զեան Ա­մօս հա­մալ­սա­րա­նէն: «Ան ան­դամ է Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան, ե­ղած է Հ.Յ.Դ. ­Նոր ­Սե­րունդ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ե­րի­տա­սար­դա­կան գրա­սե­նեա­կի ար­տա­քին յա­րա­բե­րա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ եւ Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու»: