Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը խորապէս մտահոգուած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պաշտպան, մտաւորական Օսման Քաւալայի հարցով, որ 18 Հոկտեմբերի առաւօտեան Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:
Քաւալա Թուրքիոյ մէջ գործող մտաւորականութեան տիրական դէմքերէն մէկն է, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութեան, հոն ապրող ազգերու միջեւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման, երկխօսութեան ջատագով է: Ան 24 Ապրիլ 2016ին այցելած է Հայաստան` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
«Արդար դատաքննութեան իրաւունքը ժողովրդավարական սկզբունքներու հիմնական բաղադրիչն է, անիկա Թուրքիոյ նախագահէն կախեալ եւ անոր քմահաճոյքին ենթակայ պէտք չէ ըլլայ: Յստակ է, որ Քաւալայի ձերբակալութիւնը Էրտողանի գործն է: Օսման Քաւալա Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պաշտպան է, ան խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին»,- հաստատած է Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
«Անընդունելի է, որ Թուրքիոյ նախագահը Քաւալան ամբաստանէ ահաբեկչական խմբաւորումի ղեկավարութեան յանցանքով, առանց որեւէ դատաքննութեան: Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը դատապարտէ Քաւալայի ձերբակալութիւնը եւ Եւրոպայի ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղէ խզելու լռութիւնը եւ կասեցնելու այս եւ նման երեւոյթներ, մանաւանդ որ Էրտողանի իշխանութիւններուն զանգուածային հալածանքները թիրախ ունին Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութիւնը»,- ըսած է Գասպար Կարապետեան:
Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ
Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը դատապարտէ Օսման Քաւալայի ձերբակալութիւնը