Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կը կը հա­ղոր­դէ, թէ այ­սօր՝ 18 եւ վա­ղը՝ 19 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին պի­տի գու­մա­րո­ւի Եւ­րո­պա­յի հա­յե­րու 4րդ ­հա­մա­գու­մա­րը:
Այս հա­մա­գու­մա­րը, Եւ­րո­պա­յի մէջ գոր­ծող ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բե­րուն եւ հայ­կա­կան այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­քին, ­Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն, Եւ­րո­պա­յէն, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն եւ այլ շրջան­նե­րէ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ ու գիտ­նա­կան­ներ եւ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ պի­տի մէկ­տե­ղէ` զրու­ցե­լու եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դին դի­մագ­րա­ւած հիմ­նա­հար­ցե­րուն ներ­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ:
Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նան ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թե­նէն բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին մէջ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն-­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն-Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն բա­րե­կա­մու­թեան խում­բե­րու նա­խա­գահ­ներ եւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհրդա­րա­նի ան­դամ­ներ:
­Հա­մա­գու­մա­րի ա­ռա­ջին օ­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 18 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, Պ­րիւք­սէ­լի ­Հայ ­Տան մէջ, հա­յե­րէ­նը ու­նե­նա­լով իբ­րեւ աշ­խա­տան­քա­յին լե­զու: Օ­րո­ւան ե­րեք կլոր սե­ղան­նե­րուն ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կո­ւին հե­տե­ւեալ ընդ­հա­նուր նիւ­թե­րը.-
Կ­լոր սե­ղան 1 — ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում եւ մեր հե­տապն­դում­նե­րը Եւ­րո­պա­յի մէջ
­Բա­նա­խօս­ներ` ­Միհ­րան ­Տապ­պաղ (Bochum RUHR հա­մալ­սա­րա­նի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ սփիւռ­քի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի ղե­կա­վար) եւ Վ­լա­տի­միր ­Վար­դա­նեան (­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի փոր­ձա­գէտ): Զ­րու­ցա­վար` ­Գէորգ ­Յա­կոբ­ճեան (Armenian Legal Center for Justice and Human Rights կեդ­րո­նի տնօ­րէն­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ, ­Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քի բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւող):
Կ­լոր սե­ղան 2 — Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին հե­տապն­դու­մը Եւ­րո­պա­յի մէջ
­Բա­նա­խօս­ներ` ­Յով­հան­նէս Գ­րի­գո­րեան (European Friends of Armenia գոր­ծա­դիր տնօ­րէն), ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան (MediaSchool Group ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ), ­Սա­մո­ւէլ ­Մար­տի­րո­սեան (տե­ղե­կա­տո­ւա­կան անվտան­գու­թեան եւ մե­տիա փոր­ձա­գէտ): Զ­րու­ցա­վար` ­Հե­ղի­նէ Է­վի­նեան (Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի գրա­սե­նեա­կի եւ­րո­պա­կան ծրա­գիր­նե­րու հա­մա­կար­գող):
Կ­լոր սե­ղան 3 — ­Հա­յա­պահ­պա­նում` գո­յա­տեւ­ման հիմ­նա­կան ազ­դակ
­Բա­նա­խօս­ներ` Մ­հեր ­Գա­րա­գա­շեան (­Մոն­րէա­լի Ս. ­Յա­կոբ վար­ժա­րա­նի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու), ­Կա­րա­պետ ­Տա­քէ­սեան (­Կիպ­րո­սի ­Մել­գո­նեան եւ ­Փա­րի­զի «Հ­րանդ ­Տինք» վար­ժա­րան­նե­րու հա­յոց լե­զո­ւի դա­սա­ւան­դու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու, ման­կա­վարժ), ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան (­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի նախ­կին տնօ­րէն): Զ­րու­ցա­վար` դոկտ. Մկր­տիչ Մկրտի­չեան («­Հա­մազ­գա­յին» մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ):
Երկ­րորդ օ­րո­ւան աշ­խա­տան­քա­յին լե­զու­նե­րը պի­տի ըլ­լան անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն։
­Յու­նաս­տա­նէն ժո­ղո­վին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն յու­նա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բէն ընկ. Ա­լիս ­Ֆա­րա­ճեան, «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան։