Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ 16-17 Հոկտեմբեր 2017ին, իր կազմակերպութեամբ պիտի գումարուի Եւրոպայի հայութեան չորրորդ համագումարը։ Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին, Հայաստանէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, քաղաքագէտներ եւ գիտնականներ պիտի համատեղէ Պրիւքսէլի մէջ:
Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու բարձրագոյն մակարդակի քաղաքական ներկայացուցիչներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութիւններէն բարձրագոյն ներկայացուցիչներ, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Եւրոպական Միութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն բարեկամութեան խումբերու նախագահներ եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Համագումարին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Եւրոպական Միութեան բարձր մակարդակի աշխատակիցներ, Եւրոպական Խորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոպական Խորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ՝ քաղաքական ոլորտի բոլոր խաւերէն՝ թէ՛ Եւրոպական Միութենէն եւ թէ Հայաստանէն։
Երկուշաբթի՝ Հոկտեմբեր 16ին նախատեսուած երեք նիստերը պիտի գումարուին Պրիւքսէլի Հայ Տան սրահէն ներս, Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, եւ պիտի կեդրոնանան Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ: Պիտի քննարկուին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան եւ հատուցման գործունէութեանց ընթացքը, Եւրոպայի մէջ թուրքեւատրպէյճանական լոպիինկը եւ հայապահպանումը՝ Եւրոպայի մէջ:
Առաջին այս օրուան աշխատանքային լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, իսկ պատգամաբերները պիտի ըլլան Հայ Դատի, գաղութային եւ հայապահպանման գործերով առնչուած զանազան մասնագէտներ՝ Հայաստանէն եւ Եւրոպայէն:
Յաջորդ օրուան՝ Հոկտեմբեր 17ի երկու նիստերը տեղի պիտի ունենան Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս։ Առաջին օրակարգին նիւթը պիտի ըլլայ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում՝ հանգրուաններ եւ մարտահրաւէրներ» (Armenian Genocide Recognition: Milestones and Challenges), որու ընթացքին բացի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման նիւթերէն, պիտի քննարկուին նաեւ պահանջատիրութիւնը իրաւական դաշտ փոխադրելու գործընթացին հոլովոյթը եւ Թուրքիոյ հայ գաղութի դժուարութիւնները:
Օրուան երկրորդ օրակարգին ընթացքին պիտի քննարկուի «Հարաւային Կովկաս՝ Լուսանցքայնացում եւ նոր հեռանկարներ» (South Caucasus: Marginalization & New Perspectives) նիւթը, որու ընթացքին տարածաշրջանին զարգացման, խաղաղութեան, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւններու եւ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման նիւթերը պիտի արծարծուին:
Երկրորդ օրուան աշխատանքային լեզուն պիտի ըլլայ անգլերէնը եւ ֆրանսերէնը:
Համագումարին մասնակցելու համար կը խնդրուի արձանագրուիլ մինչեւ Սեպտեմբեր 29՝ contact@eafjd.eu հասցէին ուղարկելով հետեւեալ տեղեկութիւնները.- Անուն, ազգանուն, ծննդեան թուական, քաղաքացիութիւն եւ անցագրի թիւ: Վիզայի կարիք ունեցող մասնակիցները, արձանագրութեան ընթացքին, պէտք է տեղեակ պահեն մեզ եւ ուղարկեն նաեւ իրենց անցագրի պատճէնը:
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի
Յանձնախումբի գրասենեակ