Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով, 30 Սեպտեմբեր եւ 1 Հոկտեմբեր 2017ին, Աթէնքի մէջ կայացաւ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջաններու Հ.Յ.Դ. Մարմիններու Ռայոնական Ժողովը, որուն կը մասնակցէին երկու տասնեակ երկիրներէ ներկայացուցիչներ:
Ժողովին ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Բիւրոյի անդամներ եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչը:
Երկու օր տեւող քննարկումներու ընթացքին, առաջին հերթին Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ներկայացուց նախորդ Մարմիններու Խորհրդաժողովէն մինչեւ օրս երկարող իր միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, որու լոյսին տակ կատարուեցաւ համապարփակ քննարկում:
Ապա՝ ժողովը հանգամանօրէն զբաղեցաւ շրջաններու կազմակերպական, քաղաքական եւ յարաբերական օրակարգերով:
Ժողովը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակի առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն եւ նախաձեռնութիւններուն ու այս իմաստով նաեւ ներկայացուց առաջարկներ:
Ռայոնական Ժողովը իրազեկ դարձաւ Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքի վերջին զարգացումներուն եւ այս ծիրէն ներս գնահատեց կոալիցիոն կառավարութեան Հ.Յ.Դ. մասնակցութիւնը եւ ցարդ ձեռքբերուած արդիւնքը, իսկ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Արցախեան հարցի վերջին զարգացումները:
Կարեւորուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի բանակներու հզօրացման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտը դնելով բանակի հանդէպ ցուցաբերուելիք համաժողովրդային նեցուկի ու զօրակցութեան ամրապնդման վրայ: Նաեւ կարեւորուեցաւ Հայաստանի տնտեսական հզօրացումի և ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:
Ռայոնական ժողովը կենսական նկատեց Հայաստան-սփիւռք նոր որակ ու հնչեղութիւն տալու առաջադրանքը եւ, այս ծիրէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները համահայկական մնայուն ուշադրութեան կեդրոն արժանացնելու հանգամանքը:
Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ նոր ծրագիրներու եւ վերջին շրջանին ստեղծուած աշխատանքային նոր գործադաշտերուն: Կազմակերպական յաւելեալ հզօրացման ուղղութեամբ, ժողովը ներկայացուց նոր առաջարկներ:
Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ