Կի­րա­կի՝ 24 ­Նո­յեմ­բեր 2019ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ 2019ի «­Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի Եւ­րո­պա­կան Phonetonը, որ ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն նման ու­նե­ցաւ ակն­կա­լո­ւած յա­ջոու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­յին լայն մաս­նակ­ցու­թիւն։ «Ես իմ ա­նոյշ ­Հա­յաս­տա­նի, կե­նա­րար ջուր եւ ա­րեւ հա­մայնք­նե­րուն» բնա­բա­նով մեկ­նար­կած դրա­մա­հա­ւա­քէն, Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին յա­ջո­ղո­ւե­ցաւ ա­պա­հո­վել 1.226.201 եւ­րո­յի գու­մար, իսկ ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին՝ 26.046 եւ­րո­յի գու­մա­րը։
­Կի­րա­կի օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, կա­մա­ւոր­ներ հե­ռա­ձայ­նե­ցին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու տու­նե­րը եւ ա­պա­հո­վե­ցին նո­ւիրատուու­թիւն­նե­րու խոս­տում­ներ։ ­Թէեւ գլխա­ւոր աշ­խա­տան­քը իր ա­ւար­տին հա­սաւ ե­րէկ գի­շեր, այ­սու­հան­դերձ ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Յու­նաս­տա­նի յանձ­նա­խում­բը պի­տի շա­րու­նա­կէ հե­ռա­ձայ­նա­յին աշ­խա­տան­քը, ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար նո­ւի­րա­հա­ւա­քի ծրա­գի­րը։ ­Փա­փա­քող­նե­րը կրնան ի­րենց գու­մար­նե­րը փո­խան­ցել Հ. Հ. Հ.ի դրա­մա­տան հա­շի­ւի հե­տե­ւեալ թի­ւին՝

ΤΡΑΠΕΖΑ ΠΕΙΡΑΙΩΣ, GR 410172195000 5195 050350 – 189

կամ կրնան ի­րենց սրտա­բուխ նո­ւէր­նե­րը փո­խան­ցել տե­ղա­կան հայ­կա­կան ո­րե­ւէ ե­կե­ղե­ցին, ինչ­պէս նաեւ ­­Հիմ­նադ­րա­մի գրա­սե­նեա­կը՝ (­Լա­միաս փո­ղոց, թիւ 30, ­­Բա­լէա ­­Գո­քի­նիա)։