­Սու­րիոյ տագ­նա­պին հա­կազ­դե­լու Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան շրջա­նա­յին ներդ­րու­մա­յին հիմ­նադ­րա­մը, ­Յու­նիս 20ին, սու­րիա­կան ճգնա­ժա­մի հե­տե­ւանք­նե­րու մեղ­մաց­ման ուղ­ղո­ւած 275 մի­լիոն եւ­րօ ար­ժո­ղու­թեամբ ծրա­գիր մը վա­ւե­րա­ցու­ցած է:
Այդ ծրա­գի­րով կը նա­խա­տե­սո­ւի ա­ջակ­ցիլ գաղ­թա­կան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց ա­պաս­տան տո­ւած եր­կիր­նե­րուն՝ ­Թուր­քիոյ, ­Լի­բա­նա­նին, ­Յոր­դա­նա­նին, Ի­րա­քին, ­Պալ­քա­նեան եր­կիր­նե­րուն եւ ­Հա­յաս­տա­նին:
Ծ­րա­գի­րը պի­տի կեդ­րո­նա­նայ կրթու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թեանց ա­ջակ­ցող ջան­քե­րուն վրայ։
Ըստ Եւ­րո­պա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի հրա­պա­րա­կած հա­ղոր­դագ­րու­թեան՝ 275 մի­լիոն եւ­րո­յէն 3 մի­լիո­նը պի­տի յատ­կա­ցո­ւի ­Հա­յաս­տան ա­պաս­տա­նած սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն: ­Կը նա­խա­տե­սո­ւի ըն­դար­ձա­կել յատ­կա­պէս ա­ռող­ջա­պա­հա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու մատ­չե­լիու­թիւ­նը եւ տնտե­սա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ բա­րե­լա­ւել բնա­կա­րա­նա­յին պայ­ման­նե­րը եւ ա­շա­կերտ­նե­րու եւ ու­սա­նող­նե­րու հա­մար­կու­մը: Մ.Ա.Կ.ի տո­ւեալ­նե­րով՝ ­Սու­րիոյ վե­ցա­մեայ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով, ա­ւե­լի քան 12 մի­լիոն քա­ղա­քա­ցի տե­ղա­հա­նո­ւած է: ­Հա­յաս­տա­նի սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դու­մով՝ պա­տե­րազ­մին բռնկո­ւե­լէն ի վեր, ­Հա­յաս­տան ըն­դու­նած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 22.000 սու­րիա­հա­յեր: Ն­շենք, որ վե­րոն­շեալ գու­մա­րէն ­Թուր­քիա պի­տի ստա­նայ 126,5 մի­լիոն եւ­րօ, ­Լի­բա­նան՝ 90 մի­լիոն, ­Սեր­պիա՝ 21 մի­լիոն եւ ­Յոր­դա­նան՝ 10 մի­լիոն, իսկ 25 մի­լիոն եւ­րօ պի­տի տրա­մադ­րո­ւի ­Թուր­քիա, ­Լի­բա­նան, ­Յոր­դա­նան եւ Ի­րաք ա­պաս­տա­նած կին գաղ­թա­կան­նե­րու կա­րիք­նե­րուն։