Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները խստօրէն կը դատապարտեն Թուրքիոյ ապօրինի քայլերը Կիպրոսի բնական կազի ծովային գօտիներուն վրայ, ինչպէս նաեւ օդային եւ ծովային բռնաբարումները Յունաստանի ծովային տարածքներուն վրայ։ Միացեալ յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ Ե.Մ.ի արտաքին հարցերու օրակարգով գումարուած ժողովէն ետք։
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած էին Յունաստան, Կիպրոս, Ֆրանսայ, Եգիպտոս եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, դատապարտելով Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը Արեւելեան Միջերկրականի մէջ։
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուած է.- «Կը դատապարտենք Թուրքիոյ կեցուածքը՝ որ տակաւին չէ արձագանգած Ե.Մ. կոչերուն վերջ տալու իր ապօրինի գործունէութեան, զսպուածութիւն ցոյց տալու եւ յարգելու Կիպրոսի ամբողջական իրաւունքները, ինչպէս որ անոնք հաստատուած են Միջազգային օրէնքի հիման վրայ»։
Նշում ընելով յոյն-թրքական յարաբերութիւններուն, յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի.- «Ե.Մ. կը դատապարտէ Յունաստանի ծովային եւ օդային տարածքներու վրայ Թուրքիոյ բռնաբարումները, ինչպէս նաեւ բնակչութեան տարածքներու վրայ կատարուած ապօրէն թռիչքները, որոնք բացայայտօրէն կը խախտեն միջազգային օրէնքները։
Օր մը ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակազդեց Ե.Մ. արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան, այն անուանելով «անիմաստ խօսք», միաժամանակ ամբաստանելով Միութիւնը, թէ «յունական եւ կիպրական ապօրէն պահանջներուն պատանդը կը դառնայ»։
Թրքական կողմը Ե.Մ. կը հրաւիրէ «նկատի առնել Թուրքիոյ՝ միջազգային օրէնքով սահմանուած իրաւունքները», միաժամանակ կը յայտնէ, թէ «մշտապէս կը կրկնենք, որ պատրաստ ենք բաց եւ արդար երկխօսութեան մը համար»։