Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ այս շաբաթ վաւերացուած Թուրքիոյ վերաբերեալ բանաձեւին մէջ նաեւ կոչ ուղղուած է Անգարային, որ լուրջ նախաձեռնութեանց դիմէ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ: Բանաձեւը Յուլիսին կայանալիք Եւրոպական Խորհրդարանի յաջորդ լիագումար նստաշրջանին պիտի քննարկուի։ Հոլանտացի պատգամաւոր Քեթի Փիրիի գլխաւորութեամբ պատրաստուած բանաձեւին մէջ դարձեալ քննադատուած էին Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները, որոնք ահազանգային մակարդակի հասած են յատկապէս անցեալ տարուան պետական յեղաշրջման փորձին ի պատասխան՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններու ձեռնարկած միջոցառումներուն հետեւանքով։ Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի դադրեցնելու Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները, եթէ բարեփոխումներ չկատարուին։
Եւրոպական Խորհրդարան
Եւրոպական Խորհրդարանը հայթրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու կոչ ուղղած է