Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխաններ Մարեք Եուրէքը` Լեհաստանէն եւ Քոսթաս Մաւրիտիսը` Կիպրոսէն կոչ կ՛ուղղեն Ատրպէյճանին դադրեցնելու Ատրպէյճանի խաղաղ բնակչութեան օգտագործումը՝ իբրեւ կենդանի վահանի, նաեւ՝ շփման գիծին մէջ ներդրելու Ե.Ա.Հ.Կ. անկախ հետաքննական մեքենականութիւն:
«2017ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը շարունակած են խախտել շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութիւնը: Ատրպէյճանը բնակելի տարածքին մէջ տեղադրած է բազմակողմանի հրթիռային համակարգ, որուն պատճառով անոր սեփական քաղաքացիները դարձած են կենդանի վահան: Դէպքը յանգեցուցած է ատրպէյճանական կողմի երկու քաղաքացիական անձերու կորուստի: Մենք կը ցաւինք երկու անմեղ զոհերու համար եւ կ՛ընդգծենք, որ ինչպէս այդ ողբերգութենէն, այնպէս ալ զինուած ուժերու միջեւ միւս բախումներէն կարելի էր խուսափիլ, եթէ Ատրպէյճան համաձայնէր ներդրել հետաքննութեան անկախ մեքենականութիւն, որպէսզի յստակացուի, թէ կողմերէն ո՛ր մէկը կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը: Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակը ատիկա առաջարկած է քանի մը անգամ: Հայկական կողմը համաձայնած է ներդրելու այդ մեքենականութիւնը: Ցաւօք, պաշտօնական Ատրպէյճանը կը շարունակէ ատիկա մերժել»,- ըսուած է եւրոպացի երեսփոխաններու յայտարարութեան մէջ:
Անոնք ընդգծած են, որ հետաքննութեան մեքենականութիւնը կրնար օգնել խուսափելու 2016ի Ապրիլեան պատերազմէն, որու ընթացքին Ատրպէյճան գնդակոծած է հայկական գիւղերը, այդ պատճառով ալ զոհուած է 12ամեայ Վաղինակ Գրիգորեան` դպրոց երթալու ճամբուն վրայ: «Թալիշ գիւղին մէջ 90ամեայ ամուսիններու դիակները դաժանաբար խոշտանգուած են ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ, անոնց ականջները կտրուած են:
2016ի Ապրիլէն ատրպէյճանական զինուած ուժերը իրականացուցած են զինուորական յանցագործութիւններ, որոնց կարգին` ՏԱՀԵՇի ոճով գլխատուած է հայ զինուոր Քեարամ Սլոյեան: «Անոր կտրուած գլխուն նկարները ատրպէյճանական կողմը տեղադրած է ընկերային ցանցերու վրայ, իսկ այդ դաժան սպանութիւնը ընդունուած է իբրեւ հերոսական գործողութիւն: Այդ բարբարոսական գործողութիւնները, ցաւօք, կը հանդիսանան Ատրպէյճանի մէջ
Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխաններուն կոչը` Ատրպէյճանին
Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխաններուն կոչը` Ատրպէյճանին