Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու խորհուրդը, Դեկտեմբեր 6ին առնուած աննախընթաց քայլով մը, որոշեց Ատրպէյճանի դէմ Եւրոպական Խորհուրդի համաձայնագիրի խախտման վերաբերեալ իրաւական գործառոյթին սկսիլ, քանի որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները շարունակաբար հրաժարած են կատարելէ Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին (Մ.Ի.Ե.Դ.) 2014ի վճիռը, որ կը պահանջէր ատրպէյճանցի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Իլկար Մամատովի անյապաղ ազատ արձակումը: Մամատով կը շարունակէ մնալ կալանքի տակ:
Նշենք, որ Եւրոպական Խորհուրդը առաջին անգամ ըլլալով կը կիրարկէ 2010ին վաւերացուած այս ընթացակարգը։
Նախարարներու խորհուրդը Մ.Ի.Ե.Դ.էն խնդրած է պաշտօնապէս որոշել, թէ արդեօք Ատրպէյճան իրականացուցա՞ծ է իր պարտաւորութիւնները, որոնք այս պարագային կապուած են Մամատովի անյապաղ ազատ արձակման վճիռը չգործադրելուն:
2014ին, Մ.Ի.Ե.Դ. «Իլկար Մամատով ընդդէմ Ատրպէյճան» դատը քննելէ ետք հասած էր այն եզրակացութեան, որ ընդդիմադիր այս քաղաքական գործիչին ձերբակալութիւնը Եւրոպական Համաձայնագիրի քանի մը կէտերու խախտում եղած է: Մ.Ի.Ե.Դ. մասնաւորապէս նշած էր, որ Մամատովի մեղադրանքն ու կալանքը նպատակ ունեցած են լռեցնել զայն՝ կառավարութիւնը չքննադատելու համար: Այս վճիռով արձանագրուած էր Համաձայնագիրին 5, 6 եւ 18րդ յօդուածներու խախտում:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 25ին նախարարներու խորհուրդը միջանկեալ որոշում մը կայացուց ու Ատրպէյճանը պաշտօնապէս տեղեկացուց երկրին հանդէպ աննախադէպ իրաւական գործառոյթին սկսելու մասին, ինչ որ կրնայ յանգեցնել Եւրոպական Խորհուրդի Ատրպէյճանի անդամակցութեան կասեցման: Մինչեւ Նոյեմբեր 29 ժամանակ տրուած էր Ատրպէյճանին, որպէսզի ներկայացնէր իր դիրքորոշումը, սակայն Պաքուի պատասխանը չէր բաւարարած Եւրոպական Խորհուրդը:
Եւրոպական Խորհուրդ
Եւրոպական Խորհուրդը սկսաւ Ատրպէյճանի անդամակցութեան կասեցման իրաւական գործառոյթին