Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու կող­մէ խոշ­տան­գո­ւած զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու եւ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով տե­ղա­հա­նո­ւած խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու գոր­ծե­րով 359 հայց ներ­կա­յա­ցո­ւած է ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան (Մ.Ի.Ե.Դ.): ­Մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի մաս­նա­գէտ Ա­րա ­Ղա­զա­րեան «Ա­զա­տու­թեան» հար­ցու­մին ի պա­տաս­խան ը­սած է, որ ա­տոնց­մէ ա­ւե­լի քան 20ը ար­դէն քննու­թեան փու­լի մէջ են:
Քն­նու­թեան ըն­թաց­քի մէջ գտնո­ւող եր­կու տաս­նեա­կէ ա­ւե­լի հայ­ցե­րով Սթ­րազ­պուր­կի դա­տա­րա­նը ար­դէն հար­ցեր ուղ­ղած է Ատր­պէյ­ճա­նին՝ խնդրե­լով ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ղոր­դել մաս­նա­ւո­րա­պէս այն ուղ­ղու­թեամբ, թէ ի՛նչ հան­գա­մանք­նե­րով զո­հո­ւած են զի­նո­ւոր­նե­րը կամ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը, ո­րոնց մար­մին­նե­րը խոշ­տան­գո­ւած ե­ղած են:
«­Մենք կ­՛ակն­կա­լենք ի­րա­ւա­կան պաշտ­պա­նու­թեան ար­դա­րա­ցի հա­տու­ցում` ա­տի­կա կրնայ ըլ­լալ ե՛ւ խախ­տու­մը ճանչ­նալ, ե՛ւ հե­տա­գա­յին ար­դէն նիւ­թա­կան հա­տու­ցում` նիւ­թա­կան վնա­սի, բա­րո­յա­կան վնա­սի դի­մաց: ­Բայց ա­ռա­ջին հեր­թին դեռ պէտք է հաս­նիլ ա­նոր, որ Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նը ճանչ­նայ, թէ տե­ղի ու­նե­ցած է խախ­տում»,- ը­սած է մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի մաս­նա­գէ­տը:
­Ղա­զա­րեան նշած է, որ Սթ­րազ­պուր­կի դա­տա­րա­նէն կը պա­հան­ջեն ըն­դու­նիլ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րի շարք մը յօ­դո­ւած­նե­րու խախ­տում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ գոյ­քա­յին հա­տու­ցում տալ տու­ժած­նե­րուն: Ատր­պէյ­ճան ազ­գա­յին խտրա­կա­նու­թիւն դրսե­ւո­րած է` կեան­քէ զրկած, խոշ­տան­գած հայ զի­նո­ւոր­նե­րը եւ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը, ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նին ուղ­ղո­ւած դի­մում­նե­րուն մէջ գրած են ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը:
«­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, պատ­կե­րա­ցու­ցէք` բնա­կի­չը իր նա­մա­կին մէջ մե­զի կը գրէ, կ­՛ը­սէ.- «­Մենք ար­դէն շա­տոնց, քնա­նե­լէ ա­ռաջ, մեր անձ­նա­գիր­նե­րը, ե­րե­խա­նե­րուն ծննդեան վկա­յա­կան­նե­րը կը դնենք փոք­րիկ պա­յու­սակ­նե­րու մէջ եւ զա­նոնք կը կա­խենք դրան բռնա­կէն»: ­Կը պատ­կե­րաց­նէ՞ք այդ մար­դոց վի­ճա­կը,