Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը պիտի շարունակէ տեղեկացնել Եւրոպական Խորհրդարանի եւ եւրոպական երկիրներու խորհրդարաններու պատգամաւորները՝ սահմանին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ յարձակումներուն եւ զինադադարի խախտումներուն մասին: Այս մասին «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Անոր համաձայն՝ պէտք չէ բացառել 2016ի Ապրիլեան վայրագ յարձակումներու նման նոր գործողութիւններու հաւանականութիւնը, սակայն պէտք է ամէն ինչ ընել, որ անոնք չկրկնուին: Այն դիտարկման, թէ Հայ Դատի Գրասենեակը, ինչպէս նախորդ, այնպէս ալ այս տարի շարունակած է Եւրոպայէն պատգամաւորներու, հասարակական խումբերու այցելութիւններ կազմակերպել դէպի Արցախ, արդեօ՞ք նման այցելութիւնները պիտի շարունակուին, Գասպար Կարապետեան ըսած է.- «Այո՛, այս այցելութիւնները պիտի շարունակուին, որովհետեւ Արցախը մեր ներկայ գործունէութեան ամէնէն կարեւոր առաքելութիւններէն մէկն է: Տակաւին քանի մը օր առաջ կազմակերպեցինք Պելճիքայի պատգամաւորներու այցելութիւնը դէպի Հայաստան եւ Արցախ: Անոնք տեսակցութիւններ ունեցան պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչներու հետ: Այս այցելութիւնը 2017ին արդէն 3րդն էր»: Անդրադառնալով այցելութիւններու արդիւնքներուն՝ Գասպար Կարապետեան ըսած է.- «Ինչպէս տեղեակ էք, Արցախի Հանրապետութեան աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ թուրք-ատրպէյճանական շրջափակումը Արցախը կը պահէ մեկուսացման մէջ: Այս մեկուսացումը միայն քաղաքական չէ, այլեւ` տնտեսական եւ ընկերային: Ուստի եւրոպացի եւ օտար քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ լրագրողներուն առիթ պէտք է տրուի այցելելու Արցախ, ըլլալու ականատեսը տեղւոյն զարգացման յառաջընթացին, հանդիպելու պետական եւ կառավարական կառոյցներու ղեկավարներու հետ, ծանօթանալու Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական տագնապի վերջին տեղեկատուութեանց: Գրասենեակը այս գործն է, որ կը կատարէ եւ յառաջիկայ ամիսներուն նոր պատուիրակութիւններ պիտի ուղղուին դէպի մեր զոյգ հանրապետութիւնները: Այս պատուիրակութիւններու դրական արդիւնքները կրնանք տեսնել Եւրոպայի մէջ հետագային տարուող գործունէութեան ընթացքին»:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Արցախ «Եւրոպացի գործիչներու Արցախ այցելութիւնները պիտի շարունակուին»
«Եւրոպացի գործիչներու Արցախ այցելութիւնները պիտի շարունակուին»
«Եւրոպացի գործիչներու Արցախ այցելութիւնները պիտի շարունակուին»