Եւ­րո­պա­յի ­Խոր­հուր­դի ­Խորհր­դա­րա­նա­կան ­Վե­հա­ժո­ղո­վի (Ե.Խ.Խ.Վ.) հո­լան­տա­ցի ե­րես­փո­խան ­Փի­թեր Օմ­ցիկթ ձեռ­նար­կած է եւ­րո­պա­կան այդ կա­ռոյ­ցէն ներս կա­շա­ռա­կե­րու­թեան մա­սին ո­րոշ պնդում­նե­րու հիմ­քե­րու ստուգ­ման: ­Յատ­կա­պէս պի­տի ծան­րա­նայ 2013ին Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու հար­ցով Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ կա­տա­րո­ւած քո­ւէար­կու­թեան պա­րա­գա­նե­րուն վրայ:
«­Մենք կը տես­նենք Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րա­բե­րեալ գոր­ծըն­թաց­նե­րու եւ քո­ւէար­կու­թեան շատ կաս­կա­ծե­լի ար­դիւնք­ներ»,- ը­սած է Օմ­ցիկթ, որ իր ներ­կա­յա­ցու­ցած բա­նա­ձե­ւով կոչ կ­՚ուղ­ղէ ան­յա­պաղ հե­տաքն­նու­թեան սկսե­լու, հա­մա­ձայն՝ Ե.Խ.Խ.Վ.ի կա­նո­նադ­րու­թեան: Երբ պար­զո­ւե­ցաւ, որ Ե.Խ.Խ.Վ.ի ի­տա­լա­ցի ե­րես­փո­խան ­Լու­քա ­Վո­լոն­թէ ­Պա­քո­ւէն ա­ռած գու­մար­նե­րուն դի­մաց ատր­պէյ­ճա­նա­մէտ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ կա­ռոյ­ցին մէջ, Ե.Խ.Խ.Վ.ի շատ մը խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ սկսան պնդե­լու, որ այդ հար­ցին առն­չու­թեամբ ան­կախ հե­տաքն­նու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կը վնա­սէ կա­ռոյ­ցին նկատ­մամբ վստա­հու­թեան: «­Չես կրնար վստա­հու­թիւն ներշն­չել, երբ միւս եր­կիր­նե­րուն բաց եւ թա­փան­ցիկ ըլ­լա­լու կոչ կ­՚ը­նես, մինչ դուն չես հե­տաքն­ներ քո­ւէ­նե­րու կեղծ­ման մա­սին ար­ժա­նա­հա­ւատ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը»,- նշած է Օմ­ցիկթ: Ա­նոր ներ­կա­յա­ցու­ցած բա­նա­ձե­ւը ստո­րագ­րած է Ե.Խ.Խ.Վ.ի 324 խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն 1/5ը: Եւ­րո­պա­կան ­Կա­յու­նու­թեան ­Նա­խա­ձեռ­նու­թեան (European Stability Initiative) պա­տաս­խա­նա­տու ­Ճե­րալտ Ք­նաուս նշած է, որ դեռ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ հար­ցեր յա­ռա­ջա­ցած էին, երբ Ե.Խ.Խ.Վ.ի զե­կու­ցա­բեր­ներ Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րա­բե­րեալ կը ներ­կա­յաց­նէին վար­դա­գոյն պատ­կեր մը: «2010, 2013 եւ 2015 թո­ւա­կան­նե­րուն մենք Եւ­րո­պա­յի ­Խոր­հուր­դէն ընտ­րու­թիւն­նե­րու դէ­տեր ու­նէինք Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ։ Ա­մէն ան­գամ այդ ընտ­րո­ւած խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը կու գա­յին ու կ­՚ը­սէին՝ «ա­րե­ւը կը շո­ղայ», մինչ­դեռ միւս բո­լո­րը կ­՚ը­սէին՝ «կ­՚անձ­րե­ւէ»։ Ա­մէն ան­գամ ա­նոնք կը յայ­տա­րա­րէին, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ա­զատ էին ու ար­դար, մինչ Ե.Ա.Հ.Կ./Ժ.Հ.Մ.Ի.Գ.ի (OSCE/ODIHR — Եւ­րո­պա­յի Ա­պա­հո­վու­թեան եւ ­Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ ­Ժո­ղովր­դա­վար հիմ­նարկ­նե­րու եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց գրա­սե­նեակ) դէ­տե­րը կը մատ­նան­շէին լուրջ խնդիր­ներ»,- դի­տել տո­ւած է Ք­նաուս: Ե.Խ.Խ.Վ.ի նա­խա­գահ ­Փետ­րօ Ակ­րա­մունթ, որ սկիզ­բը ընդ­դի­մա­ցած է այս ան­կախ հե­տաքն­նու­թեան՝ զայն ա­նո­ւա­նե­լով «քա­ղա­քա­կան հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը վար­կա­բե­կե­լու ար­շաւ», ի վեր­ջոյ հա­մա­ձայ­նած է, ­Զո­ւի­ցե­րիա­յէն, ­Պել­ճի­քա­յէն, ­Պալ­թեան եւ հիւ­սի­սա­յին՝ ըն­դա­մէ­նը տաս­նեակ մը եր­կիր­նե­րէ բո­ղոք­ներ ստա­նա­լէ ետք: Ք­նաուս յայտ­նած է, որ ներ­կա­յիս հիմ­նա­կան հար­ցը կը վե­րա­բե­րի հե­տաքն­նու­թեան շրջա­նա­կին, որ Ակ­րա­մուն­թի պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի ­Մար­տի սկիզ­բը: