­Ռու­սիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, հա­յազ­գի Եւ­գե­նիա ­Մեդ­վե­դե­ւա (­Բա­բա­սեան) դար­ձած է գե­ղա­սահ­քի Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան՝ սահ­մա­նե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին 2 մրցա­նիշ: ­Գե­ղա­սահ­քի մի­ջազ­գա­յին միու­թիւ­նը՝ յղում կա­տա­րե­լով Lenta.ruին, կը հա­ղոր­դէ, որ ­Ռու­սիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ներ­կա­յա­ցած է ա­զատ ծրա­գի­րով, ար­ձա­նագ­րած է 150,79 կէտ եւ ա­խո­յեա­նու­թեան յաղ­թա­նակ տա­րած ընդ­հա­նուր 229,71 կէ­տով:
Եր­կու ցու­ցա­նիշ­ներն ալ նոր հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­նիշ են:
­Չե­խիոյ Օսթ­րա­ւա քա­ղա­քին մէջ 27 ­Յու­նո­ւա­րին տե­ղի ու­նե­ցած է գե­ղա­սահ­քի Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեա­նու­թեան տղոց կարճ ծրա­գի­րը:
­Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող Ս­լա­ւիկ ­Հայ­րա­պե­տեա­նը յա­ջող ե­լոյթ ու­նե­ցած է՝ ար­ձա­նագ­րե­լով 60,69 կէտ եւ անց­նե­լով ո­րա­կա­ւոր­ման փուլ: