Եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Կիւ­րեղ եպս. ­Զօհ­րա­պեա­նի ժա­մա­նու­մը ­Յու­նաս­տան եւ իր նո­ւի­րու­մը ­ Յու­նաս­տա­նի ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ըն­տա­նիք­նե­րը՝ Սր­բու­հի ­Թե­րե­զա­յի պաշտ­պա­նու­թեան

0
195

­Շատ սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ,

«… 1923 թո­ւա­կա­նի ­Մարտ 19-ի ա­ռա­ւօ­տեան՝ հա­յեացքս յուզ­մուն­քով լի կը հանգ­չէր ­Բի­րէա­յի հո­յա­կերտ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վրայ…։ Ու­րա­խու­թիւնս այն­քան մեծ էր, որ նոյ­նիսկ նա­ւա­վար­նե­րը, ո­րոնք ի­րա­կա­նին բա­ւա­կան ան­փափ­կան­կատ էին, ին­ծի մե­ծա­պէս հա­մակ­րե­լի կը թուէին, քա­նի որ այդ վայր­կեա­նին ա­նոնց մէջ մի­միայն Ք­րիս­տո­սի ա­րիւ­նով փրկուած եւ մկրտու­թեան ա­ւա­զա­նին մէջ վե­րած­նած եղ­բայր­ներ կը տես­նէի։
­Հետս ու­նէի Ուղ­ղա­փառ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի եւ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ ­Յու­նա­կան ­Ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան կող­մէ ստա­ցած յանձ­նա­րա­րա­կան նա­մակ­ներ…։
… ­Մարտ 28-ի ա­ռա­ւօ­տեան ­Քոր­ֆու նա­ւա­հան­գիս­տը կը գտնո­ւէի եւ դա­դա­րի չորս ժա­մե­րը ու­զե­ցի տրա­մադ­րել ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նե­լու…։
… «­Թան­կա­գին ­Հայր ­Կիւ­րեղ», բա­ցա­կան­չեց, «աս­տուա­ծա­յին նա­խախ­նա­մու­թիւնն է, որ ­Ձեզ հոս ուղ­ղար­կած է։ Այս կղզիին վրայ հա­զա­րա­ւոր հայ փախստա­կան­ներ կան, ո­րոնք կա­րի­քը ու­նին ­Ձեր հո­գա­տա­րու­թեան։ ­Չեմ կրնար թոյ­լատ­րել որ մեկ­նիք։ Իմ պա­տո­ւոյ հիւրս պի­տի ըլ­լաք։
­Քոր­ֆո­ւի մէջ ա­պաս­տան գտած էին մօ­տա­ւո­րա­պէս յի­սուն հա­զար յոյն եւ տա­սը հա­զար հայ փախս­տա­կան­ներ։ Ա­նոնց տխուր ճա­կա­տա­գի­րը կա­պո­ւած է 1922 թո­ւա­կա­նին Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ յոյ­նե­րու կրած պար­տու­թեան։
… ­Մեր փախս­տա­կան­նե­րուն միւս դժգո­հու­թիւ­նը ազ­գա­յին դպրոց­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւնն էր, ուր կա­րե­նա­յին ուս­ման ղրկել ի­րենց զա­ւակ­նե­րը։ Դժ­գոհ էին նաեւ որ­բա­նոց­նե­րու մէջ կրօ­նա­կան դա­սա­ւան­դու­թեան բա­ցա­կա­յու­թե­նէն։ … ­Գերպ. Պ­րին­տի­զի …յոր­դո­րեց զիս ան­մի­ջա­պէս բա­նալ դպրոց մը …։
… ­Մեր դպրո­ցը ա­նո­ւա­նա­կո­չե­ցինք «Ա­րա­րա­տեան ­Վար­ժա­րան» եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն սկսանք Ապ­րիլ 17-ին։ ­Նոյն Ապ­րիլ 19-ին սկիզբ տո­ւինք դա­սա­ւան­դու­թեան հա­րիւր քսան­հինք ա­շա­կերտ­նե­րով։
… ­Հոկ­տեմ­բե­րին (1923) Իշ­խան ­Քի­ճին, ին­ծի յանձ­նեց ­Գե­րա­պայ­ծար ­Ճոպ­պէի ին­ծի ուղ­ղած նա­մա­կը, ուր ին­ծի կը ներ­կա­յաց­նէր Իշ­խան ­Քի­ճին եւ կ­՚ը­սէր որ Սր­բա­զան ­Ժո­ղո­վը, տե­ղեակ ըլ­լա­լով հան­դերձ բազ­մա­տե­սակ գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուս, ո­րոնք բո­լորն ալ օգ­տա­կար են Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թեան տա­րած­ման հա­մար, պատ­շաճ նկա­տած էր ին­ծի յանձ­նել այս նոր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւս ըլ­լա­լու ­Մալ­թա­յի Աս­պետ­նե­րուն ո­րա­կեալ խորհր­դա­կանն ու գոր­ծա­կի­ցը, այն ա­ռա­տա­ձեռն օգ­նու­թեան բաշ­խու­մի գոր­ծին որ ի­տա­լա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յատ­կա­ցու­ցած էր ի նպաստ ­Յու­նաս­տա­նի հայ փախս­տա­կան­նե­րուն։ ­Կը յոր­դո­րէր ըն­դու­նիլ ա­ռա­ջար­կո­ւած պաշ­տօ­նը, քա­նի որ այդ էր Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պետ ­Պիոս ­Տասն­մէ­կեր­րոր­դին կամ­քը։ … ­Մօ­տե­ցայ Իշ­խա­նին ու ը­սի. «­Ձերդ ­Գե­րա­զան­ցու­թիւն, ­Ձեր տրա­մադ­րու­թեան տակ եմ եւ կը սպա­սեմ ­Ձեր հրա­հանգ­նե­րուն,…։
… ­Սուրբ Ծնն­դեան նա­խօ­րեա­կին (1923), քիչ մը ա­զատ ժա­մա­նակ ու­նե­նա­լով, ձեռքս ա­ռի «Oeuvre d’Orient» պար­բե­րա­կա­նը եւ սկսայ կար­դալ ­Մի­ջա­գետ­քի դո­մի­նի­կեան­նե­րու ա­ռա­քե­լու­թեան մե­ծա­ւոր ­Հայր ­Սի­մո­նի հրա­տա­րա­կած յօ­դուա­ծը։ Այդ ա­ռա­քեա­լը կը պատ­մէր, որ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը վեր­ջերս սրբա­դա­սո­ւած ­Թե­րե­զա ­Յի­սուս ­Մա­նու­կի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ դնե­լէ ետք բազ­մա­թիւ ան­հա­ւատ­ներ դար­ձի ե­կած էին եւ ըն­դու­նած էին Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւատ­քը։ Այդ տո­ղե­րը կար­դա­լով կանգ ա­ռի եւ սրտիս մէջ ա­ղօ­թե­լով՝ ա­ռա­քե­լա­կան բո­լոր գոր­ծերս յանձ­նե­ցի Սր­բու­հի ­Թե­րե­զա­յի պաշտ­պա­նու­թեան։
***
­Սի­րե­լի­ներ,

­Վե­րո­յի­շեալ քա­ղո­ւած­քով, եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Կիւ­րեղ Եպս. ­Զոհ­րա­պեան իր «­Յու­շեր» գիր­քէն, մեծ ու­րա­խու­թեամբ կը յայ­տա­րա­րեմ 2023 տա­րին «ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՏԱՐԻ» է, որ ըն­թաց­քին պի­տի յի­շա­տա­կենք ա­ռա­ջին ­հա­րիւրա­մեա­կի զոյգ ա­ռիթ­նե­րը՝ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Կիւ­րեղ եպս. ­Զօհ­րա­պեա­նի ժա­մա­նու­մը ­Յու­նաս­տան եւ իր նո­ւի­րու­մը ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ըն­տա­նիք­նե­րը՝ Սր­բու­հի ­Թե­րե­զա­յի պաշտ­պա­նու­թեան։ ­Տա­րո­ւան ըն­թաց­քին տե­ղի պի­տի ու­նե­նան զա­նա­զան մի­ջո­ցա­ռում­ներ, այս ա­ռի­թով պի­տի պա­տո­ւէ մեզ Ն.Ա.Գ.Տ.­ Ռա­ֆա­յէլ ­Պետ­րոս ԻԱ. ­Կա­թո­ղի­կոս ­Պատ­րիար­քը իր անդ­րա­նիկ ­հո­վո­ւա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Յու­նաս­տան, 28 Ապ­րիլ – 6 ­Մա­յիս. 2023, ո­րուն­ ըն­թաց­քին պի­տի հո­վա­նա­ւո­րէ գլխա­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րը։

Այս ու­րախ ա­ռիթ­նե­րով ­Ձեզ կը հրա­ւի­րեմ մաս­նակ­ցե­լու ­Գո­հա­բա­նա­կան ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գին, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի յայ­տա­րա­րո­ւի «ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՏԱՐԻ»ի բա­ցու­մը, ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ­Նէոս ­Գոզ­մոս, ­Շա­բաթ, 18 ­Փետ­րո­ւար 2023 ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8-ին, յա­ւարտ ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հայ­կա­կան ընթ­րիք ե­կե­ղեց­ւոյ «­Գո­յու­նեան» սրա­հին մէջ։
­Լիա­յոս եմ որ մեծ թի­ւով պի­տի մաս­նակ­ցիք գնա­հա­տե­լու ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ա­ռա­քեալ­նե­րը, գլխա­ւո­րա­բար Եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Կիւ­րեղ Եպս. ­Զօհ­րա­պեա­նը։
Ա­նոնք, ո­րոնք պի­տի մաս­նակ­ցին ընթ­րի­քին, թող բա­րե­հա­ճին կապ պա­հել մեր քար­տու­ղա­րու­թեան հետ՝ օր. Ար­փի 6983719440։
­Ձեր վրայ կը հայ­ցեմ Աս­տո­ւա­ծա­յին երկ­նա­ռատ օրհ­նու­թիւն­ներ։

­Հայր ­Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. ­Պէ­զա­զեան
Ա­ռա­քե­լա­կան ­Կա­ռա­վա­րիչ
­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ­Հա­մայն­քի