Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նը նա­խա­պէս ի­րեն պատ­կա­նող կա­լո­ւած­նե­րուն վե­րա­տի­րա­նա­լու հա­մար դի­մած է ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեան։ ­Պատ­րիար­քա­րա­նը ­Պոլ­սոյ մէջ ու­նէր բազ­մա­թիւ կա­լո­ւած­ներ, ո­րոնք 1973 թո­ւա­կա­նէն ետք գրա­ւո­ւած էին պե­տու­թեան կող­մէ։ Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քա­րա­նը այդ գրա­ւում­նե­րուն դէմ ի­րա­ւա­կան պայ­քար տա­րած էր ­Թուր­քիոյ զա­նա­զան դա­տա­րան­նե­րէն ներս։ ­Սա­կայն իր բո­լոր դի­մում­նե­րը ա­պար­դիւն մնա­ցած էին, ին­չի հե­տե­ւան­քով Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիարք ­Նուր­հան Արք. ­Մա­նու­կեան, իբ­րեւ վեր­ջին օ­րի­նա­կան մար­մի­նի՝ դի­մած է սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին,- կը հա­ղոր­դէ «Ա­կօս»։
­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­ցեա­լին վերջ տո­ւած էին պատ­րիար­քա­րա­նը ներ­կա­յաց­նող «­Սուրբ ­Յա­կոբ»ի ա­նո­ւան հիմ­նար­կի օ­րի­նա­կան գո­յու­թեան։ Ն­շենք, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նը եւ «­Սուրբ ­Յա­կոբ» հիմ­նար­կը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ նոյն մար­մինն են, քա­նի որ պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան ա­նո­ւա­նու­մին մէջ անգ­լե­րէ­նով պի­տի յի­շո­ւի Saint James եւ ա­րա­բե­րէն «­Մար ­Յա­կոբ» ա­նուն­նե­րով։ ­Բա­ցի աս­կէ՝ օ­րո­ւան պատ­րիար­քը կ­՚ըն­դու­նո­ւի որ­պէս հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ։ Ե­րե­ւոյթ մը, որ այն­քան ալ հասկ­նա­լի չի թո­ւիր ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­պէս լու­ծա­րո­ւած կը հա­մա­րեն հիմ­նադ­րա­մը։
Այս մա­սին պատ­րիար­քա­րա­նի ի­րա­ւա­պաշտ­պան Ա­լի Էլ­պէ­յօղ­լու դի­տել կու տայ, թէ կա­րե­լի չէ «­Սուրբ ­Յա­կոբ»ի հիմ­նար­կը լու­ծո­ւած հա­մա­րել, մա­նա­ւանդ երբ ան կը պա­հէ իր գո­յու­թիւ­նը այս ա­նո­ւա­նու­մով, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան գետ­նի վրայ։ Մ­նաց որ Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նը, ար­տերկ­րեան հաս­տա­տու­թիւն մը ըլ­լա­լով, ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չեն կրնար ա­նոր գո­յու­թեան մա­սին վճիռ ար­ձա­կել։ ­Փաս­տա­բա­նի փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ յայտ­նի կը դառ­նայ, թէ ­Նուր­հան ­Պատ­րիարք սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւունք կը պա­հան­ջէ ա­ւե­լի քան 100 միա­ւոր կա­լո­ւած­նե­րու վրայ եւ այդ պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը յե­տայ­սու կ­՚ակն­կա­լո­ւի սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նէն։ ­Վեր­ջերս, այս դա­տե­րու վե­րա­բե­րեալ թղթած­րար­նե­րու քննարկ­ման նպա­տա­կով, ­Նուր­հան ­Պատ­րիարք այ­ցե­լած էր ­Պո­լիս եւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած փաս­տա­բան Էլ­պէ­յօղ­լո­ւի հետ։ ­Պատ­րիար­քի այս այ­ցե­լու­թիւ­նը իբ­րեւ «կաս­կա­ծե­լի եւ ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին» մեկ­նա­բա­նո­ւած էր «­Ժա­մա­նակ» օ­րա­թեր­թին կող­մէ, ո­րուն լրա­տո­ւու­թեան դէմ պատ­րիար­քա­րա­նը փաս­տա­բա­նի մի­ջո­ցաւ հրա­տա­րա­կեց հեր­քում մը՝ փո­խան­ցե­լով զա­նա­զան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ թէ՛ ­Նուր­հան ­Պատ­րիար­քի այ­ցե­լու­թեան եւ թէ շա­րու­նա­կո­ւող գոր­ծա­ռոյ­թի ման­րա­մաս­նու­թեանց շուրջ։