Երուսաղէմ ոտք դրած զբօսաշրջիկները, անկախ ազգութենէն, հայկական թաղամասը չեն շրջանցեր: Անիկա մէկն է Հին քաղաքի չորս թաղամասերէն. միւս երեքը կը պատկանին քրիստոնէական, հրէական եւ մահմետական համայնքներուն: Սուրբ քաղաքին մէջ հայերու դարաւոր ներկայութիւնն ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւնը փաստող վկայութիւնները շատ են: Բայց այն, ինչ կրնան տեսնել այցելուները, փոքր մասն է միայն:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի «Էդուարդ եւ Էլեն Մարտիկեան» թանգարանը չի գործեր աւելի քան 20 տարիէ: Ֆրանսահայ նշանաւոր հայագէտ, պատմաբան, մաթեմատիկոս Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան 1979ին այցելած էր թանգարան, բայց մինչեւ հիմա կը յիշէ անոր անմխիթար վիճակը:
Մօտ երկու տարի առաջ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան Քլոտ Մութաֆեանին առաջարկած է զբաղիլ թանգարանի վերաբացումով: Ֆրանսահայ հայագէտ Յարութիւն Գէորգեանի եւ թանգարանագէտ Յարութ Պեզճեանի հետ սկսած են պատրաստել ցուցադրութեան գիտական ծրագրի նախնական տարբերակը:
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը Քլոտ Մութաֆեանը հրաւիրած էր` ներկայացնելու կատարուած աշխատանքը:
Գիտնականը կ՛ըսէ, որ Հայաստանէն ետք Երուսաղէմը ամենամեծ ու արժէքաւոր հայագիտական շտեմարանն է: Ցաւօք, այդ ահռելի նիւթը փակ է:
«Շատ զբօսաշրջիկներ Երուսաղէմ կ՛այցելեն եւ անոնց ուղեցոյցին մէջ նշուած է հայկական թաղամասը: Կ՛երթան, բայց մայր տաճարը այցելութեան համար բաց է միայն 15:00էն 15:30: Յետոյ կը տեսնեն սլաքը ցոյց կու տայ` Armenian museum: Կ՛երթան, փակ է: «Սիրտս կը ցաւի, որ մարդիկ խանդավառութեամբ կու գան, բայց ոչինչ կը տեսնեն: Եթէ մէկը կ՛ուզէ իմանալ, զարգանալ, պէտք է օգնել անոր: Միաբաններու կողմէ մեծ դիմադրութիւն կայ: Տարօրինակ մտածելակերպ է` մերն է, պէտք է պահենք, օտարը չտեսնէ, չնախանձի»,- կ՛ըսէ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան: 700 քառակուսի մեթր տարածքով երկյարկանի շէնքը պէտք է բարեկարգուի եւ յարմարութիւն ստեղծուի մշտական ցուցադրութեան համար:
Ըստ նախնական ծրագրի` թանգարանը պիտի ունենայ քանի մը բաժին, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան Սուրբ քաղաքի հայկական ժառանգութիւնը, Սրբոց Յակոբեանց վանքը` իր բարերարներով եւ ուխտաւորներով, պիտի ըլլայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ատոր հետեւանքներուն, տպագրութեան վերաբերող նիւթեր եւ լուսանկարներ: Երուսաղէմի մէջ առաջին տպագիր գիրքը հայերէն է, եւ տպագրական մեքենան ալ կը պահուի Հայոց պատրիարքարանին մէջ:
Ան կ՛ըսէ, որ արժէքաւոր ցուցանմուշները շատ են:
Բարեբախտաբար ատոնք լաւ պահպանուած են եւ վերականգնման կարիք չունին:
«Աշխարհի մէջ Թորոս Ռոսլինի եօթ մանրանկար կայ, որոնցմէ չորսը Երուսաղէմի մէջ է: Այստեղ կը պահուին 1064 թուի շքեղ Աւետարանը, կաթողիկոսական, պատրիարքական կոնդակները: Հայոց պատրիարքարանին մէջ կը պահուի Մուհամմէտ Մարգարէի ֆերմանը, նաեւ` Սալահ ատ Տինինը. Երուսաղէմը գրաւելէ ետք ան իր ստորագրութեամբ ֆերման մը գրեց, որ հայերուն ձեռք չտան:
«Եկեղեցւոյ` 14րդ դարու շատ գեղեցիկ արձանագրութեամբ, փայտէ դուռը կայ: Աշխարհի մէջ այդպիսի չորս դուռ տեսած էի` երկուքը Էրմիտաժի, մէկը` Հայաստանի պատմութեան թանգարանին, միւսը` Թէոդոսիայի մէջ: Սա հինգերորդն է»
Արժէքաւոր ցուցանմոյշներուն մէկ մասը պիտի ընդգրկուի մշտական ցուցադրութեան մէջ: Պիտի պատրաստուին կրկնօրինակներ այն ցուցանմուշներէն, որոնք պահպանման յատուկ պայմաններ կը պահանջեն: Տարուան ընթացքին որոշ օրեր այցելուները հնարաւորութիւն պիտի ունենան դիտելու բնօրինակները: Կը նախատեսուի պատրաստել նաեւ հին քաղաքէն դուրս գտնուող 7րդ դարու հայկական արձանագրութեամբ խճանկարի կրկնօրինակը եւ տեղադրել թանգարանի մուտքին առջեւ:
Թանգարանի վերաբացման համար անհրաժեշտ է մօտ երկու միլիոն եւրօ: Քլոտ Մութաֆեան կ՛ըսէ, որ Նուրհան Պատրիարքը խոստացած է հայթայթել պահանջուող գումարը: Գաղափարները շատ են, մինչ գործնական փուլին անցնիլը դարձեալ քննարկումներ պիտի ըլլան:
Երուսաղէմի Հայկական թանգարանի վերաբացման ծրագիր կը մշակուի
Երուսաղէմի Հայկական թանգարանի վերաբացման ծրագիր կը մշակուի