ԱՐԱ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ

6 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամփ կա­յա­ցուց Ե­րու­սա­ղէ­մը Իս­րա­յէ­լի մայ­րա­քա­ղաք ճանչ­նա­լու մա­սին ո­րո­շում, որ յա­ռա­ջա­ցուց ա­րա­բա­կան շարք մը եր­կիր­նե­րու, ­Թուր­քիոյ եւ Հ­ռո­մի ­Պա­պին դժգո­հու­թիւ­նը: 7 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, պա­ղես­տի­նեան «­Հա­մաս» շար­ժու­թի ա­ռաջ­նորդ Իս­մա­յիլ ­Հա­նիա նոր ապս­տամ­բու­թիւն սկսե­լու կոչ ը­րաւ: ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան, իր կար­գին, ը­սաւ.- «Ե­րու­սա­ղէ­մի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցե­րէն է եւ կրնայ լու­ծում ստա­նալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով՝ իս­րա­յէ­լեան-պա­ղես­տի­նեան հա­կա­մար­տու­թեան կող­մե­րուն հա­մար ըն­դու­նե­լի կար­գա­ւոր­ման շրջա­գի­ծին մէջ»։ «­Մե­դիա­մաքս»ը, «­Պար­զա­բա­նում» խո­րա­գի­րին տակ, հե­տա­գայ իր թո­ղար­կու­մը նո­ւի­րած է Ե­րու­սա­ղէ­մի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին։

1) Ինչ­պէ՞ս յա­ռա­ջա­ցած է Ե­րու­սա­ղէ­մի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը։
­Սուրբ Երկ­րի հա­յե­րու բնա­կեց­ման պատ­մու­թիւ­նը սկիզբ կ­՛առ­նէ Ա. դա­րուն: ­Մինչ այդ Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հին ­Քա­ղա­քի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սի տա­րած­քին մե­նաս­տան էր, ուր միայն վա­նա­կան­ներ կ­՛ապ­րէին: ­Սուրբ Երկ­րին մէջ բիւ­զան­դա­կան ճգնա­ւո­րու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը կը հա­մա­րո­ւի հայ­կա­կան ծա­գում ու­նե­ցող ­Սուրբ Եւ­փի­միոս։
Այ­սօր, հին քա­ղա­քը բաժ­նո­ւած է չորս՝ հայ­կա­կան, իս­լա­մա­կան, քրիս­տո­նէա­կան եւ հրէա­կան թա­ղա­մա­սե­րու: ­Թէեւ հա­մայն­քը մեծ չէ, բայց հա­յե­րը կը զբա­ղեց­նեն ­Հին ­Քա­ղա­քի բա­ւա­կան զգա­լի հա­տո­ւա­ծը. տար­բեր գնա­հա­տա­կան­նե­րով՝ մէկ քա­ռոր­դէն մին­չեւ մէկ վե­ցե­րորդ մա­սը: ­Դա­րե­րու ըն­թաց­քին հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը կա­ռու­ցո­ւած է Սր­բոց ­Յա­կո­բեանց տա­ճա­րին շուրջ:

2) Ինչ­պի­սի՞ն է հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը այ­սօր:
­Հայ­կա­կան հա­տո­ւա­ծի ամ­բողջ սե­փա­կա­նու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քա­րա­նին: ­Հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նին կը պատ­կա­նին ոչ միայն ե­կե­ղե­ցա­կան հո­ղե­րուն վրայ, ուր կը բնա­կին քա­նի մը տաս­նեակ վա­նա­կան­ներ եւ ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ, այլ նաեւ ցան­կա­պա­տո­ւած հա­մա­լի­րին մէջ ապ­րող շուրջ 200 հա­յե­րու բնա­կա­վայր­նե­րը: ­Տար­բեր տուեալ­նե­րով՝ քա­ղա­քի այլ հա­տո­ւած­նե­րուն մէջ կը բնա­կին շուրջ 2 հա­զար հա­յեր: Երբ 2000ին տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Ռո­պերթ ­Քո­չա­րեա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը Իս­րա­յէլ եւ ­Պա­ղես­տին, Ե­րե­ւա­նի մէջ գաղտ­նի չէին պա­հեր, որ ա­նոր հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն մէ­կը հայ հա­մայն­քը քա­ջա­լե­րելն էր: ­Նա­խա­գա­հի մամ­լոյ քար­տու­ղար ­Վա­հէ ­Գաբ­րիէ­լեան կ­՛ը­սէր, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը կը վե­րա­բե­րի բո­լոր հա­յե­րուն, քա­նի որ հոն գտնո­ւող հո­գե­ւոր եւ նիւ­թա­կան ար­ժէք­նե­րը կը պատ­կա­նին ամ­բողջ հա­յու­թեան։

3) Ինչ­պի­սի՞ն է ­Հա­յաս­տա­նի դիր­քո­րո­շու­մը Ե­րու­սա­ղէ­մի կար­գա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ:
2000ին, ­Քեմփ ­Տէյ­վի­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, կը նա­խա­տե­սո­ւէր ­Հին ­Քա­ղա­քի բա­ժա­նու­մը եր­կու մա­սի: Այդ բա­նա­ձե­ւին հա­մա­ձայն՝ հրէա­կան եւ հայ­կա­կան հա­տո­ւած­նե­րը կ­՛անց­նէին Իս­րա­յէ­լի, իսկ քրիս­տո­նէա­կան եւ մահ­մե­տա­կան հա­տուած­նե­րը՝ ­Պա­ղես­տի­նեան ինք­նա­վա­րու­թեան հսկո­ղու­թեան տակ: ­Սուրբ ­Հո­ղի քրիս­տո­նէա­կան՝ հա­յոց, ուղ­ղա­փառ եւ կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը տե­ղե­կա­ցո­ւած չէին այս բա­նա­ձե­ւին մա­սին, եւ դի­մե­ցին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Պիլ Ք­լին­թը­նին, Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պետ Է­հուտ ­Պա­րա­քին եւ ­Պա­ղես­տի­նի Ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Եա­սէր Ա­րա­ֆա­թին՝ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հրա­ւի­րե­լու ա­ռա­ջար­կով, որ­պէս­զի «հա­ւա­քա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ յստակ պահ­պա­նո­ւի եւ ամ­բող­ջու­թեամբ ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած ըլ­լայ»: «­Մենք ­Հին ­Քա­ղա­քի քրիս­տո­նէա­կան եւ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րը կը նկա­տենք իբ­րեւ յա­րա­կից եւ ան­բա­ժա­նե­լի՝ ընդ­հա­նուր ճա­կա­տա­գի­րով ա­մուր միա­ցո­ւած հա­տուած­ներ»,- կը գրէին ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը:
2000ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Վար­դան Օս­կա­նեան յայ­տա­րա­րած էր, որ ­Հա­յաս­տան դէմ է Ե­րու­սա­ղէ­մի հայ­կա­կան եւ քրիս­տո­նէա­կան թա­ղա­մա­սե­րու բա­ժա­նու­մին: «­Կը կար­ծենք, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցի ո­րե­ւէ լուծ­ման պա­րա­գա­յին, հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը պէտք չէ ան­ջա­տո­ւի քրիս­տո­նէա­կա­նէն: ­Հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նը՝ յու­նա­կան եւ լա­տի­նա­կան պատ­րիար­քու­թիւն­նե­րուն հետ միա­սին, դա­րե­րու ըն­թաց­քին ե­ղած է «Ե­րու­սա­ղէ­մի քրիս­տո­նէա­կան դէմ­քը»,- ը­սած էր նա­խա­րա­րը:
­Վար­դան Օս­կա­նեան իր յու­շե­րուն մէջ, ­Քեմփ ­Տէյ­վի­տի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին, կը գրէ.-
«­Հան­դի­պու­մը մեծ յոյ­սեր յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր: Կ­՛ակն­կա­լո­ւէր, որ կրնայ լուրջ բե­կում տե­ղի ու­նե­նալ: ­Կող­մե­րը իս­կա­պէս շատ մօտ էին հար­ցի հան­գու­ցա­լուծ­ման, բայց վեր­ջա­ւո­րու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը տա­պա­լե­ցան:
­Պատ­ճա­ռը, հիմ­նա­կա­նօ­րէն, Ե­րու­սա­ղէ­մի հար­ցով հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նե­լու ան­կա­րո­ղու­թիւնն էր: Ան­շուշտ, կա­յին նաեւ այլ հար­ցեր՝ փախս­տա­կան­նե­րու վե­րա­դարձ, վե­րաբ­նա­կեց­ման հար­ցեր եւ այլն, սա­կայն հիմ­նա­կան խո­չըն­դո­տը Ե­րու­սա­ղէ­մի տար­բեր հա­տո­ւած­նե­րու հան­դէպ կող­մե­րու ի­րա­ւա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան հարցն էր»:
2014ի ամ­րան, Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նե­լով Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիարք ­Նուր­հան Արք. ­Մա­նու­կեա­նը, ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ը­սաւ.- «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պատ­րաստ է, անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին, ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիար­քու­թեան՝ իր այդ կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հին»:

4) Ինչ­պի­սի՞ն է պա­ղես­տին­ցի­նե­րու դիր­քո­րո­շու­մը:
Օ­գոս­տոս 2000ին, ­Քեմփ-­Տէյ­վի­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձա­խո­ղու­մէն ետք, ­Պա­ղես­տի­նի Ինք­նա­վա­րու­թեան ա­ռաջ­նորդ Եա­սէր Ա­րա­ֆաթ հեր­քեց այն հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց՝ ինք հա­մա­ձայ­նած էր Իս­րա­յէ­լի հսկո­ղու­թեան տակ ձգե­լու Ե­րու­սա­ղէ­մի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը:
Ա­րա­ֆաթ պա­ղես­տի­նեան «Ա­յեամ» (Al-Ayyam) թեր­թին յայտ­նած էր. «­Հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը մե­զի կը պատ­կա­նի. մենք ու հա­յե­րը մէկ ժո­ղո­վուրդ ենք»:
­Հոկ­տեմ­բեր 2002ին, Ա­րա­ֆաթ ­Լոն­տո­նի մէջ լոյս տես­նող ա­րա­բա­կան «­Հա­յաթ» (Al-Hayat) թեր­թին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած էր.- «Իս­րա­յէլ կ­՛ու­զէր վե­րահս­կել Ե­րու­սա­ղէ­մի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը, իսկ ես ը­սի ա­նոնց, որ եր­բեք չեմ դա­ւա­ճա­ներ հա­յե­րուն»:
­Հոկ­տեմ­բեր 2011ին, ­Պա­ղես­տի­նի նա­խա­գահ ­Մահ­մուտ Ա­պաս Սթ­րազ­պուր­կի մէջ յայ­տա­րա­րած էր. «­Բո­լոր միաս­տո­ւա­ծեան կրօն­նե­րը ի­րա­ւունք ու­նին ա­զա­տօ­րէն ի­րա­կա­նաց­նե­լու ի­րենց հա­ւա­տամ­քը Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ»։