Մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղին երկօրեայ պտոյտը՝ 14էն 15 Նոյեմբերին։
Յաջողութեան մէջ իրենց դերը ունեցան անշո՛ւշտ մեղմ օդը, աշնանային գունաւոր հիանալի տեսարանները եւ, մանաւա՛նդ, մասնակցողներու լաւ տրամադրութիւնը։
Առաջին օրը այցելեցինք Թրիքալայի շրջանը, ուր յատուկ ոճով քարաշէն բնակարանները եւ ընդհանուր մթնոլորտը մեծ տպաւորութիւն ձգեցին բոլորիս վրայ։
Երեկոյեան գիշերեցինք «Ֆիամենկու» պանդոկը, Էվրոսթինի շրջանին մէջ, որ կը յատկանշուի բնութեան իր գեղեցկութիւններով։ Յաջորդ օրը այցելեցինք Ֆէնէօ գիւղը եւ, ապա, Կուրա գիւղը՝ իր անուանի հրապարակով։
Կþարժէ նշել Տոքսա լիճին գեղեցկութիւնը, որ երազային հանդարտութիւն մը կը ներշնչէ։
Այնուհետեւ՝ շարունակեցինք դէպի Սուրբ Գէորգի վանքը, ուր հիացմունքով դիտեցինք երկար տարիներէ ի վեր պահուած անոր հրաշալի գանձերը։
Նոյն օրուան կէսօրին ճաշեցինք Քասթանիա գիւղը։
Վերադարձի ճամբուն վրայ անցանք Սթիմֆալիա լիճէն։
Աւարտելով՝ կ’արժէ յիշատակել մեր մնացած պանդոկին սպասարկութեանց, ինչպէս նաեւ մեր այցելած ճաշարաններուն բարձր որակը։
Ջերմ շնորհաւորութիւններ, անգամ մը եւս, վարչութեան՝ իր այսքան խնամքով կազմակերպած պտոյտին համար։
Ե. Պ.