Եր­կօ­րեայ պտոյտ դէ­պի ­Թի­նօ կղզին

0
67

Հ.Կ.­Խա­չի ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը կը կազ­մա­կեր­պէ եր­կօ­րեայ պտոյտ դէ­պի ­Թի­նօ կղզին ­Չո­րեք­շաբ­թի, 21 եւ ­Հինգ­շաբ­թի, 22 ­Սեպ­տեմ­բեր 2022-ին:
Բուլման ինքնաշարժ ճամբայ պիտի ելլէ Ինթերքոնթինենթալ պանդոկին առջեւէն Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին առաւօտեան ժամը 6-ին, դէպի Ռաֆինայի նաւահանգիստը, ուրկէ նաւով պիտի ճամբորդենք դէպի Թինօ կղզին:
Պիտի այցելենք հանրածանօթ «Ս. Աստուածածին» եկեղեցին եւ երկու օրերուն ընթացքին բուլմանով պիտի պտտինք կղզիի տեսարժան վայրերը ու գիւղերը:
Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբերին, գիշերուան մօտաւորապէս ժամը 9-ին պիտի հասնինք Ռաֆինայի նաւահանգիստը, ուրկէ բուլման ինքնաշարժը մեզ պիտի վերադարձնէ Աթէնք:
Արձանագրութիւններու համար հեռաձայնել ընկերուհիներ՝ Նո­ւարդ ­Տա­տո­յեանին 6939108490 եւ ­Շո­ղիկ ­Պա­պօղ­լեանին 6945222550:

­Վար­չու­թիւն