­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան

Աս­տու­ծոյ կա­րե­ւո­րա­գոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ աշ­խար­հը։ Ան հրա­շա­լի է, գե­ղե­ցիկ ու հմա­յիչ։ Երկ­նա­յին ծրագ­րին ամ­բող­ջաց­ման հա­մար, Աս­տո­ւած ստեղ­ծեց նաեւ մար­դի­կը, ա­նոնց շնոր­հելով մտա­յին կա­րո­ղու­թիւն ու ար­ժա­նիք­ներ։
­Մար­դը աշ­խար­հի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան գե­ղե­ցիկ հա­մայ­նա­պատ­կերին մէջ իր ինք­նու­րոյն տե­ղը, ար­ժէ­քը եւ դե­րը ու­նի։ Ան կեդ­րո­նա­կան դէմքն ու ղեկն է։ Այդ պատ­ճա­ռով աշ­խար­հի ­Տէ­րը՝ Աս­տո­ւած, Իր աշ­խար­հը յանձնեց մար­դոց, պա­տուի­րե­լով տէր կանգ­նիլ։ ­Գոր­ծել, յա­ռաջ­դի­մել ու աշ­խար­հը զար­գաց­նել։ ­Սա կը նշա­նա­կէ, թէ մար­դիկ յա­տուկ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ու­նին այս աշ­խար­հին հան­դէպ։ Ը­նե­լիք ու­նին այս աշ­խար­հին հա­մար։
Երբ անդ­րա­դառ­նանք Աս­տու­ծոյ պա­տո­ւէ­րի ման­րա­մաս­նու­թեան, ա­նոր երկ­րորդ բա­ժի­նը կը գտնենք գո­հա­ցու­ցիչ ու գնա­հա­տե­լի։ Այն ի­մաստով, որ մար­դիկ օգ­տա­գոր­ծե­լով Աս­տո­ւա­ծա­տուր մտա­յին ի­րենց կա­րո­ղութիւնն ու ար­ժա­նիք­նե­րը, մե­ծա­մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ու նո­ւա­ճում­ներ ար­ձանագ­րե­ցին։ Ար­հեստն ու ա­րո­ւես­տը, գի­տու­թիւնն ու բժշկու­թի­նը եւ այլ մարզեր բազ­մա­ցու­ցին ու զար­գա­ցու­ցին։ ­Մար­դիկ հա­սան մին­չեւ իսկ լու­սին։
Աս­տու­ծոյ շնոր­հած մտա­յին կա­րո­ղու­թիւ­նը մար­դիկ շա­հար­կե­ցին, օգտա­գոր­ծե­ցին ու հա­սան այսօրուան ի­րա­վի­ճա­կին։ Եւ զար­գա­ցու­մը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի։ ­Մին­չեւ հոս ա­մէն ինչ գե­ղե­ցիկ է, դրա­կան եւ գնա­հատե­լի։ ­Մար­դիկ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ի­րենց վրայ դրուած Աս­տու­ծոյ յոյ­սը։
Աս­տու­ծոյ պա­տո­ւէ­րին ա­ռա­ջին բա­ժի­նը սա­կայն, աշ­խար­հին տէր կանգ­նե­լու պա­րա­գան, ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն հար­ցեր ստեղ­ծեց, մար­դոց սխալ ըմբռ­նու­մին պատ­ճա­ռով։ Եւ շատ ան­գամ­ներ դիտ­մամբ ե­ղան։ Ո­րով­հե­տեւ մար­դիկ են­թար­կո­ւե­ցան տէր դառ­նա­լու կամ տի­րա­պե­տե­լու ի­րենց ներ­քին «ես»ի մեծ ու վատ ճնշու­մին։
­Մար­դիկ ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն Աս­տու­ծոյ պա­տո­ւի­րան­նե­րէն շե­ղե­ցան։ Ա­նոնց ինք­նավս­տա­հու­թեան ո­գին ան­ցաւ տրա­մա­բա­նու­թեան ու կա­րո­ղութեան սահ­մա­նը եւ իւ­րա­քան­չիւ­րին տէր կամ տի­րա­կալ դար­ձուց։ Այդ­պի­սով աշ­խար­հը բազ­մա­թիւ տէ­րեր ու­նե­ցաւ, ո­րոնք սկսան ի­րար դէմ մռցիլ, պայքա­րիլ կամ պա­տե­րազ­միլ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Եւ մե­նա­տէր դառ­նա­լու տի­րա­կան ե­րա­զը, իր նպա­տա­կին բնաւ չհա­սաւ ու ժխտա­կան ար­դիւնք եւ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ։ ­Կա­րե­լի չէ տի­րել աշ­խար­հին։ ­Պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած են ա­նուն­ներ, ո­րոնք փոր­ձե­ցին բայց ձա­խո­ղե­ցան։ ­Նո­րերն ալ վստա­հա­բար պի­տի ձա­խո­ղին։ Աշ­խար­հը բա­րիք շնոր­հեց մար­դոց, իսկ մար­դիկ չա­րիք փո­խա­դար­ձե­ցին։ ­Հե­տա­գա­յին այդ բո­լո­րը պատ­ճառ դար­ձան Աս­տու­ծոյ բար­կու­թեան, պա­տի­ժին, դրախ­տա­յին կեան­քէն մար­դոց ար­տաք­սու­մին։ ­Հա­կա­ռակ ա­նոր, ժա­մա­նակ մը ետք, մարդիկ զար­մա­նա­լիօ­րէն դար­ձեալ վե­րա­դար­ձան ի­րենց վնա­սա­կար մտա­ծե­լակեր­պին ու գոր­ծե­լա­կեր­պին։
Ար­դեօք ժա­մա­նա­կը հա­սա՞ծ է Աս­տու­ծոյ կող­մէ նոր ու մեծ պա­տի­ժի մը։ Ար­դեօք ժա­մա­նա­կը հա­սա՞ծ է աշ­խար­հի երկ­րորդ մաք­րա­գոր­ծու­մին։ ­Մար­դոց երկ­րորդ ար­տաք­սու­մի՞ն։
Այս հրա­շա­լի աշ­խար­հին մէջ, մար­դիկ պատ­ճառ դար­ձան օ­րէն­քի խախ­տու­մին եւ ի­րա­ւուն­քի ոտ­նա­կոխ­ման։
Աշ­խար­հի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան իսկ սկիզ­բէն, ար­դա­րու­թիւ­նը եւ ի­րաւուն­քը, որ­պէս կարգ ու կա­նոն, հիմ­նա­կան օ­րէն­քի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ եւ բո­լո­րին հա­մար ուղ­ղե­ցոյց դար­ձաւ։ ­Բայց ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, մար­դիկ այդ ուղ­ղեցո­յը միայն տկար մար­դոց վե­րագ­րե­ցին։ Ան­հատ, ըն­կե­րու­թիւն կամ պե­տութիւն, ար­դա­րու­թիւնն ու ի­րա­ւուն­քը զօ­րա­ւո­րին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձուցին, նոյ­նիսկ բռնի կեր­պով։ Այլ խօս­քով, օ­րէն­քը զօ­րա­ւորն է եւ ոչ գրո­ւա­ծը։ ­Դա­րեր ա­ռաջ Անգ­լիա­ցի քա­ղա­քա­գէտ մը ը­սած է, թէ օ­րէն­քը սար­թի բոյ­նին կը նմա­նի։ ­Փոք­րե­րը կը բռնուին, իսկ մե­ծե­րը բոյ­նը կը քան­դեն ու կ’անց­նին։
Այս գե­ղե­ցիկ աշ­խար­հին մէջ, մար­դիկ պատ­ճառ դար­ձան պա­տերազմ­նե­րու։
Աշ­խար­հի պատ­մու­թիւ­նը ե­թէ ու­սում­նա­սի­րենք, պի­տի տես­նենք թէ է­ջե­րը լե­ցուն են գրե­թէ պա­տե­րազմ­նե­րով։ Եւ երբ պա­տե­րազմ կ’ըն­թեր­ցենք, բնա­կա­նա­բար կը հան­դի­պինք մարդ­կա­յին զո­հե­րու, ա­ւե­րակ քա­ղաք­նե­րու, կրօն­նե­րու ու մշա­կոյթ­նե­րու կո­րուս­տի, բռնա­տի­րու­թեան, ար­տա­գաղ­թի եւ այլ տխուր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու։ Այս պար­բե­րու­թեան մէջ չենք ըն­թերցեր ոչ մէկ դրա­կան բառ եւ չենք տես­ներ ոչ մէկ գե­ղե­ցիկ պատ­կեր։ Աշ­խար­հը են­թար­կո­ւած է եր­կու տե­սակ ան­խու­սա­փե­լի եւ կրկնո­ւող պա­տե­րազմ­նե­րու. զէն­քի պա­տե­րազմ եւ տնտե­սա­կան պա­տե­րազմ, ա­ռա­ւե­լա­բար քա­րիւ­ղի եւ այլ հան­քե­րու հա­մար։ ­Զէն­քով ու տնտե­սա­պէս գե­րա­կայ պե­տու­թիւն­ներ, շա­հա­բեր ծրա­գիր­նե­րէ դրդո­ւած պա­տե­րազմ­ներ կը մղեն տկար պե­տութիւն­նե­րու դէմ, ոտ­նա­կո­խե­լով ա­զատ ու ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւուն­քի մի­ջազ­գա­յին բո­լոր օ­րէնք­նե­րը։ ­Մե­ծե­րը ի­րաւունք ու­նին իշ­խե­լու պզտիկ­նե­րուն, ա­ռա­ւել եւս կո­ղոպ­տե­լու։ Ա­նոնց մօտ օ­րէն­քը զօ­րա­ւորն է կամ զօ­րա­ւո­րինն է։
Այս հմա­յիչ աշ­խար­հին մէջ, մար­դիկ պատ­ճառ դար­ձան հա­մա­ճարակ­նե­րու։
­Ճիշդ է որ փոր­ձա­գէտ­ներ, բժշկա­կան եւ գի­տա­կան մար­զե­րէ ներս յաջո­ղած են գտնել բազ­մա­տե­սակ դե­ղեր ու դար­մա­նում­ներ։ ­Միւս կող­մէ սակայն, հզօր պե­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ո­րոշ նպա­տակ­նե­րու հա­մար ար­տադ­րած են թու­նա­ւոր կա­զեր, ո­րոնք պատ­ճառ դար­ձած են հա­մա­ճա­րակ­նե­րու եւ մարդ­կա­յին մե­ծա­թիւ կո­րուստ­նե­րու։ Ա­սոնց­մէ մին՝ գո­րո­նա հա­մա­ճա­րակն է, որ կը դի­մագ­րա­ւենք այ­սօր։ Հ­զօր պե­տու­թիւն­ներ, աշ­խար­հի տա­րած­քին հի­ւան­դա­նոց­նե­րու չափ կա­ռու­ցած են կեդ­րոն­ներ, ուր կը կա­տա­րո­ւին քի­միա­կան եւ այլ վտան­գա­ւոր ու վնա­սա­կար փոր­ձեր։
Այս­պէս ու­րեմն, Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած մար­դի­կը մէկ կող­մէ աշ­խար­հին օ­րէնք կը քա­րո­զեն, միւս կող­մէ ա­նար­դա­րու­թիւն կը գոր­ծեն ու ի­րա­ւունք­ներ կը յափշ­տա­կեն։ ­Մէկ կող­մէ կը կա­ռու­ցեն, միւս կող­մէ պա­տե­րազ­մի մի­ջո­ցաւ կը քան­դեն։ ­Մէկ կող­մէ կը բժշկեն, միւս կող­մէ կը հի­ւան­դաց­նեն։ Եւ հարկ է նշել, թէ սոյն ե­րեք պա­րա­գա­նե­րը բազ­մա­մի­լիոն մար­դոց մա­հո­ւան պատ­ճառ կը դառ­նան։ ­Զար­մա­նա­լի հա­կազ­դե­ցու­թիւն մէկ աշ­խար­հի մէջ եւ ա­նոր բնակիչ­նե­րուն մի­ջեւ։
­Տի­րե­լու գե­րա­գոյն նպա­տա­կէն մղո­ւած, մար­դիկ դար­ձած են ի­րա­րու թշնա­մի։ ­Մէ­կը միւ­սին չհան­դուր­ժեր եւ չու­զեր այս աշ­խար­հին մէջ։ ­Բայց ո՞ւր եր­թայ միւ­սը։ Ա՞յլ երկ­րա­գունդ կամ ան­դի աշ­խարհ։ ­Հո­գը չէ։
­Մար­դիկ դար­ձած են նաեւ աշ­խար­հի թշնա­մին։ Ի­րենց ապ­րած աշխարհն իսկ կը կոր­ծա­նեն կա­մո­վին։ Տն­տե­սա­կան տագ­նապ, հա­մա­ճա­րակ եւ պա­տե­րազմ։ Այս է մե­ծե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը այս աշ­խար­հին հա­մար։ Ու այս կա­ցու­թիւ­նը ա­նի­ւի նման կը թա­ւա­լի, պար­զա­պէս եր­բեմն ըստ հա­շի­ւի հեր­թա­կա­նու­թիւ­նը կը փո­խո­ւի, ինչ­պէս նաեւ թո­ւա­կա­նը եւ մարդ­կա­յին զո­հե­րու թի­ւը։ Երբ մար­դուն միտ­քը իր հո­գիէն եւ սիր­տէն կ’ան­ջա­տո­ւի, իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը դառ­նայ ա­ռանց զգա­ցու­մի, խղճմտան­քի եւ ապ­րու­մի։ Երբ մար­դուն միտ­քը իր հո­գիէն եւ սիր­տէն կ’ան­ջա­տո­ւի, մարդ­կա­յին ար­ժանիք­նե­րը կը քա­րա­նան եւ այս­պէս կ’ըլ­լայ աշ­խար­հի վի­ճա­կը։
­Վա­ղո­ւան յոյ­սը կամ ա­պա­գա­յի ե­րա­զը չեն ներշն­չեր կամ քա­ջա­լե­րեր մե­ծին ու փոք­րին։ ­Նոր սե­րունդ­նե­րը ա­պա­գա­յի հան­դէպ մեծ մտա­վա­խութիւն ու­նին, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ներ­կայ չու­նին։ ­Վաղն ի՞նչ պի­տի բե­րէ։ Տն­տեսա­կան տագ­նա­պի, հա­մա­ճա­րա­կի կամ պա­տե­րազ­մի ո՞ր փոր­ձան­քը պի­տի բե­րէ, չենք գի­տեր։
Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած գե­ղե­ցիկ աշ­խար­հը, իր ա­պա­կա­նած մթնո­լորտով, թու­նա­ւո­րո­ւած բու­սա­կա­նու­թեամբ, պղտո­րած ջու­րով, քան­դո­ւած քաղաք­նե­րով եւ ան­բա­րո­յա­կա­նու­թեամբ, վա­ղուց ար­դէն տգեղ­ցած է։ Ու այս բո­լո­րը՝ մար­դոց կամ­քով։ Ի՞նչ կ’ու­զեն մար­դիկ այս աշ­խար­հէն, որ ի­րենց սե­փա­կա­նու­թիւ­նը չէ։ Ին­չո՞ւ կ’ու­զեն այս աշ­խար­հը, երբ ի­րենք ժա­մա­նա­կաւոր են հոս։ Ար­դեօք ժա­մա­նա­կը հա­սա՞ծ է Աս­տու­ծոյ ար­դար եւ ի­րաւ պա­տիժին։ ­Ժա­մա­նա­կը հա­սա՞ծ է աշ­խար­հի նոր մաք­րա­գոր­ծու­մին ու մար­դոց երկրորդ ար­տաք­սու­մին։ ­Բայց ո՞ւր պի­տի ար­տաք­սո­ւին չա­րե­րը։ Ար­դեօք ա՞յլ երկ­րա­գունդ։ Վստա­հա­բար այդ ալ պի­տի կոր­ծա­նեն։ ­Միւս կող­մէ, քա­նի՞ արդար ու ճշմա­րիտ մար­դիկ պի­տի մնան աս­դի աշ­խար­հին մէջ։ Աս­տո­ւած գի­տէ։ ­Բայց ան­պայ­ման պէտք է ար­տաք­սո­ւին, որ­պէս­զի ­Տի­րոջ աշ­խար­հը կրկին մաք­րուի։