Երէկ առաւօտ 5,8 Ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց Կրետէ կղզիի Իրաքլիոյի շրջանը:
Նախնական տուեալներուն համաձայն, արձանագրուած է 1 զոհ եւ 11 վիրաւոր, իսկ կարգ մը շէնքերու եւ եկեղեցիներու վրայ վնասներ տեղի ունեցած են:
«Ազատ Օր» կապի մէջ մտաւ Կրետէի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ իմանալու համար, եթէ հայերուն մէջ որեւէ վնաս արձանագրուած է: Մեր ստացած հաւաստիացումներուն համաձայն, հայերու մօտ վնասներ չկան, ոչ ալ երկրաշարժը որեւէ վնաս պատճառած է Իրաքլիոնի «Ս. Յովհաննու Կարապետ» պատմական հնամեայ եկեղեցւոյ վրայ: