Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի «100ամեակ»ի մատենաշարը հարստացաւ նոր հրատարակութեամբ մը։ Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները» հատորը կու գայ միանալու ցարդ տպագրուած չորս հատորներուն՝ Քասիմի «Օրուան մտածումներ», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» եւ նոյնպէս Թէքէեանի «Կեսարիա» հատորներուն։ «Ժամանակ»ի հրատարակութեան 100ամեակին առթիւ կը հրատարակուին հաւաքածոներէն պեղուած յօդուածներ, յօդուածաշարներ կամ ամբողջական երկեր, որոնք նոր լոյս մը կը սփռեն անցեալին եւ ի յայտ կը բերեն արեւմտահայ հեղինակներու գրական ժառանգութենէն նոր գործեր։
Վահան Թէքէեանի անունը սերտօրէն կապուած է «Ժամանակ»ի պատմութեան հետ։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Վահան Թէքէեան սկսած էր աշխատակցիլ Քասիմի նոր հիմնադրած թերթին, նոյնիսկ ապագային դառնալով անոր գլխաւոր խմբագիրներէն մին, երբ թերթը միացած էր «Ժողովուրդի ձայնը»ին։ Յիշեալ մատենաշարին նախորդ հրատարակութիւնը անցեալի փոշոտ հաւաքածոներէն դուրս կը հանէր ու առաջին անգամ առանձին հատորով մը կը հրատարակէր Թէքէեանի «Կեսարիա» գործը, իսկ հիմա ընթերցասէրներու սեղանին է արեւմտահայ գրականութեան այս դասական հեղինակին հրապարակագրական, գրական-գեղարուեստական ու յուշագրական յօդուածներէն ու յօդուածաշարներէն հարուստ ծաղկաքաղ մը, զոր ինչպէս նախորդ հատորները՝ պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմէնճեան։ Նորատիպ հատորին յառաջաբանը գրի առած է Վահան Թէքէեանի կեանքին ու ստեղծագործութեան անուանի մասնագէտներէն դոկտ. Վաչէ Ղազարեան։ Քնալը կղզիի երկուորեակ պատմական ապարանքները ներկայացնող կողքին հեղինակն է երգիծանկարիչ ու գեղանկարիչ Արէտ Կըճըր։
Երեք բաժիններէ բաղկացած հատորին առաջին բաժինը յատկացուած է հեղինակի հրապարակախօսական յօդուածներուն։ «Ժամանակ» եւ «Ժողովուրդի ձայնը» թերթերուն մէջ Թէքէեանի անունով հրատարակուած յօդուածներէն ընտրանի մը կարելի է գտնել այս բաժնին մէջ։ Յօդուածները առհասարակ կը վերաբերին սահմանադրութեան հռչակման անմիջական վաղորդայնի իրադարձութիւններուն՝ օսմանեան քաղաքական ու հայկական հասարակական կեանքի ինչ-ինչ դրուագներուն։
Երկրորդ բաժինը յատկացուած է գրական ու գեղարուեստական յօդուածներուն կամ յօդուածաշարներուն, որոնք նոյնպէս հրատարակուած են «Ժամանակ»ի, «Ժողովուրդի ձայնը-Ժամանակ»ի կամ Գահիրէի «Արեւ»ին մէջ։ Կարդալով այդ յօդուածները՝ կարելի է գաղափար ունենալ ո՛չ միայն յետ-եղեռնեան արեւմտահայ գրական ու մշակութային կեանքին մասին, այլեւ ծանօթանալ Թէքէեանի մօտեցումներուն՝ Խորհրդային Հայաստանի գրականութեան, գրական անցուդարձերուն եւ նոյնիսկ 1922ի ուղղագրական փոփոխութեան մասին։
Վերջին բաժինը, զոր թերեւս ամենահետաքրքրականը կարելի է նկատել, Թէքէեանի յուշերն են։ Գրական աշխարհէն դէմքերու, արեւմտահայ քաղաքական-հասարակական կեանքէն անցուդարձե րու մասին Թէքէեանի վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ իր անձնական կեանքէն դրուագներու ներկայացումը տարբեր անցքերու ու յայտնի անձերու մասին նոր բացայայտումներ կատարելու առընթեր՝ հաճելի ընթերցանութիւն մըն ալ կը պարգեւեն կարդացողին։
«Երկու դրախտները» հատորի իւրաքանչիւր բաժնէն ետք տեղադրուած են ծանօթագրութիւններ։ Հոն կարելի է գտնել նաեւ Թէքէեանի վերաբերեալ ժամանակի մամուլին մէջ հրատարակուած երգիծանկարները, ինչպէս նաեւ հօր՝ Գալուստ Թէքէեանի Պաղլարպաշըի մէջ գտնուող շիրիմին լուսանկարը։ Հատորի աւարտին դրուած յատուկ անուններու ցանկն ալ կը դիւրացնէ պատմաբաններու կամ գրականագէտներու աշխատանքը։