Հ­րա­տա­րակ­չա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րէն ներս, յու­նա­լե­զու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թը լոյս աշ­խարհ ըն­ծա­յեց եր­կու նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք առն­չո­ւած են յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մու­թեան եւ պատ­մու­թեան հետ։ Ա­ռա­ջին գիր­քը ընկ. ­Յով­հան­նէս ­Ղա­զա­րեա­նի «­Հա­յե­րը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ՝ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք» լայ­նա­ծա­ւալ հա­տո­րը, իսկ երկ­րորդ գիր­քը՝ «­Հայ գաղ­թա­կան­նե­րը ­Լաւ­րէո­թի­քիի մէջ»։
­Պատ­մա­կան հա­րուստ տո­ւեալ­նե­րով եւ հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան մա­սին ըն­դար­ձակ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, եր­կու գիր­քե­րու ներ­կա­յաց­ման շնոր­հա­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի, 12 ­Մա­յիս 2024-ի ե­րե­կո­յեան, ­Ֆիք­սի հայ կա­թո­ղի­կէ սրա­հին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ մեծ թի­ւով հայ եւ յոյն գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան։
­Ներ­կայ ե­ղան ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ժո­ղովր­դա­պետ գերպ. ­Յով­սէփ ծ.վրդ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­վիւ վեր. ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէն եւ Հ.Կ.­Խա­չը, հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­ներ եւ պատ­մա­կան ո­լոր­տի մաս­նա­գէտ­ներ։
Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը եւ խօ­սող­նե­րու ա­տեա­նին հա­մադ­րու­մը կա­տա­րեց տ. Ար­տա ­Ճէ­լա­լեան, որ պար­բե­րա­թեր­թին ա­նու­նով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ «Ար­մե­նի­քա»-ի հրա­տա­րակ­չա­կան եւ բազ­մա­տե­սակ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Անդ­րա­դառ­նա­լով եր­կու գիր­քե­րու շնոր­հա­հան­դէ­սին, ան նա­խա­պէս ներ­կա­յա­ցուց ա­նոնց հե­ղի­նակ­նե­րը, ա­պա ու­րո­ւագ­ծեց հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն շօ­շա­փած նիւ­թե­րը, յայտ­նե­լով, թէ ա­նոնք իւ­րա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւեն յու­նա­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ, տա­լով կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մու­թեան բախ­տո­րոշ տա­րի­նե­րուն մա­սին։
­Գե­րա­պայ­ծառ ­Պէ­զա­զեան ող­ջու­նեց ե­րե­կոն, մատ­նան­շե­լով գա­ղու­թի պատ­մու­թեան ար­ձա­նագ­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րուն մէկ մաս­նի­կը կը կազ­մէ նաեւ հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին իր յա­րա­կից բա­ժին­նե­րով։
­Գիր­քե­րու ներ­կա­յաց­ման ա­ռա­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի ա­կա­դե­միոյ գի­տաշ­խա­տող, պատ­մա­բան ­Մա­րիա Ս­փի­լիո­թո­փու­լու, որ նա­խա­պէս անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց յու­նա­հա­յե­րու բե­րած ներդրու­մին ­Յու­նաս­տա­նի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, նշում­ներ ը­րաւ ընկ. Յ. ­Ղա­զա­րեա­նի աշ­խա­տու­թեան մա­սին, ա­պա ծան­րա­ցաւ Եոր­ղոս ­Փե­փա­սի հրա­տա­րա­կու­թեան վրայ, նշե­լով շա­տե­րուն ան­ծա­նօթ՝ ­Լաւ­րիո­յի հան­քե­րուն մէջ աշ­խա­տած ու դժնդակ պայ­ման­նե­րուն մէջ վե­րապ­րած հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն պատ­մու­թիւ­նը։
Երկ­րորդ խօ­սո­ղը ե­ղաւ բա­նա­սէր ընկ. ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեան, որ վեր­լու­ծեց «­Հա­յե­րը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ՝ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք» գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ա­նոր մէջ տեղ գտած յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մու­թեան պայ­ման­նե­րը, հա­զա­րա­ւոր որ­բե­րու պատսպա­րու­մը ­Յու­նաս­տա­նի որ­բա­նոց­նե­րուն մէջ եւ հա­յու ինք­նու­թեան գո­յա­պայ­քա­րը ­Յու­նաս­տա­նի գաղ­թա­կա­յան­նե­րէն ներս։
Ընկ. ­Յով­հան­նէս ­Ղա­զա­րեան խօսք առ­նե­լով, ինք եւս նշեց հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը, որ­պէս օ­րի­նակ բե­րե­լով ­Տուր­ղու­թիի եւ ­Գո­քի­նիոյ գաղ­թա­կան­նե­րուն ապ­րե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու կամ­քը։ Ան ընդգ­ծեց կրթա­կան, հո­գե­ւոր, մա­մու­լի եւ մշա­կու­թա­յին վե­րել­քը, որ ապ­րե­ցան այն տա­րի­նե­րու տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րը, ո­րոնք ա­նօ­թե­ւան վի­ճա­կի մէջ վե­րա­կազ­մե­ցին ի­րենց կեան­քը ­Յու­նաս­տա­նի հիւ­րըն­կալ ա­փե­րուն վրայ։ ­Նաեւ ներ­կա­յա­ցուց կարգ մը հե­տաքրք­րա­կան տո­ւեալ­ներ եւ թի­ւեր, ո­րոնք ար­ձա­նագ­րո­ւած են իր գիր­քին մէջ։
­Վեր­ջին խօս­քը տրո­ւե­ցաւ հե­ղի­նակ Եոր­ղոս ­Փե­փա­սին, որ յու­զու­մով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց իր գիր­քին ըն­ձե­ռո­ւած պա­տի­ւին հա­մար, ա­պա իւ­րա­յա­տուկ նկա­րագ­րա­կան­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց հայ գաղ­թա­կան բա­նո­ւոր­նե­րու դժո­խա­յին կեան­քը ­Լաւ­րիո­յի հան­քե­րուն մէջ։ Ն­կա­րագ­րեց ա­հա­ւոր վի­ճա­կը երկ­րի ըն­դեր­քին մէջ, որ մեծ թի­ւով հա­յե­րու հա­մար դար­ձաւ գե­րեզ­ման, նոյ­նիսկ ի­րենց ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, չդի­մա­նա­լով հան­քե­րու վտան­գա­ւոր եւ ա­պա­ռողջ պայ­ման­նե­րուն։ ­Լաւ­րիո­յի մէջ գո­յու­թիւն ու­նին հա­յե­րէն տա­ռե­րով տա­պա­նա­քա­րեր, բո­լոր այն բա­նո­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք վա­ղա­ժամ ի­րենց կեան­քը տո­ւին ապ­րուս­տի պայ­քա­րին ըն­թաց­քին։ Ա­նոնք կը կազ­մեն պատ­մա­կան հա­րուստ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու շտե­մա­րան մը։ ­Հե­ղի­նա­կը նաեւ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց գիր­քի երկ­րորդ մա­սին մէջ ե­րի­տա­սարդ հա­յու մը դառ­նա­ղէտ ճա­կա­տա­գի­րը ներ­կա­յաց­նող կարճ վէ­պին մա­սին։
­Ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն ա­ւար­տին, ա­ռի­թը տրո­ւե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն հար­ցում­նե­րով եւ կար­ծիք­նե­րով ար­տա­յայ­տո­ւիլ գիր­քե­րուն առն­չու­թեամբ։
Ե­րե­կոն վերջ գտաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րի գոր­ծադ­րու­թեամբ։ Եր­կու ծա­նօթ եւ սի­րո­ւած ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, ե­րա­ժիշտ եւ յօ­րի­նող ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան դաշ­նա­կի վրայ եւ տու­տու­կա­հար ­Վա­հան ­Գալս­տեան ձե­ռան­հա­սօ­րէն հրամ­ցու­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գե­րու փունջ մը, զար­դա­րե­լով ե­րե­կո­յի մթնո­լոր­տը։
Եր­կու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը կը տրա­մադ­րո­ւին «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տու­նե­րուն կող­մէ։

ԹՂԹԱԿԻՑ