«Ն­մա­նեալ ­­­Մով­սէ­սի տէր վար­դա­պետ,
բե­րե­լով զգիր օ­րի­նաց ի ­­­Հա­յաս­տան աշ­խարհս.
Ո­րով լու­սա­ւո­րե­ցան
ազգս ­­­Թոր­գո­մայ։»

(Ս. ­­­Թարգ­ման­չաց տօ­նի շա­րա­կան)

­­­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ կա­նո­նագ­րո­ւած են տօ­ներ, ո­րոնք սոսկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի դէպ­քե­րու եւ կամ դէմ­քե­րու յի­շա­տա­կում չեն՝ այլ ա­նոնք հա­մազ­գա­յին շար­ժում են, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի մէջ կէ­տէ մը սկիզբ առ­նե­լով չփա­կո­ւե­ցան ժա­մա­նա­կի օ­ղա­կին մէջ, այլ միա­խառ­նո­ւե­լով հայ ազ­գի ինք­նու­թեան հետ, բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու եր­կայն­քին վրայ տա­րա­ծո­ւե­լու ու­ժա­նա­կա­նու­թեամբ, հու­նա­ւո­րե­ցին եւ պայ­մա­նա­ւո­րե­ցին հայ ազ­գի գո­յեր­թը։
Այդ տօ­նե­րէն է հայ գիրե­րու գիւ­տը եւ ա­նոր խոր­հուր­դը մարմ­նա­ւո­րող Սր­բոց ­­­Թարգ­ման­չաց տօ­նը։
­­­Հա­յոց ­­­Պատ­մու­թեան մէջ եր­կու ա­ռիթ­նե­րով եր­կին­քը այ­ցի ե­կաւ եր­կիր՝ ­­­Հա­յաս­տան։ Ա­ռա­ջի­նը, 301 թի­ւին, երբ Ս. Գ­րի­գոր ­­­Լու­սա­ւո­րիչ սկսած էր ար­քու­նա­կան հրո­վար­տա­կով պաշ­տօ­նա­պէս քրիս­տո­նէու­թիւ­նը քա­րո­զել, գի­շեր մը ա­ռանձ­նու­թեան մէկ պա­հուն, տե­սաւ ­­­Միա­ծի­նը՝ Ք­րիս­տոս, որ երկ­նա­յին զօր­քե­րու թա­փօ­րով, ոս­կէ մուր­ճը ձե­ռին ի­ջաւ ­­­Վա­ղար­շա­պատ մայ­րա­քա­ղա­քը եւ գետ­նին վրայ դրաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ երկ­րի մա­կե­րե­սին վրայ հա­մար­ձա­կօ­րէն բարձ­րա­ցած ա­ռա­ջին կա­թո­ղի­կէին յա­տա­կա­գի­ծը, որ հե­տա­գա­յին կո­չո­ւե­ցաւ Ս. Էջ­միա­ծին։
Երկ­րոր­դը, 405 թո­ւին, երբ Ս. ­­­Մես­րոպ ­­­Մաշ­տոց հա­յե­րէն Այբ ու ­­­Բէ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու հո­գեմ­տա­ւոր եր­կուն­քի մէջ էր, պա­հու մը մէջ, որ ոչ ե­րազ էր եւ ոչ ար­թուն վի­ճա­կի տե­սիլք, ինչ­պէս կ­­­’ը­սէ Ս. ­­­Մես­րո­պի վար­քա­գի­րը եւ ա­շա­կեր­տը՝ ­­­Կո­րիւն, տե­սաւ ե­թե­րա­յին ձեռք մը որ ար­ձա­նագ­րեց այդ եօ­թը գի­րե­րը, ո­րոնց­մով ամ­բող­ջա­ցաւ եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւե­ցաւ հա­յե­րէն Այբ ու ­­­Բէ­նը։
Երկ­նա­յին նա­խախ­նա­մու­թեան այս եր­կու յայտ­նու­թիւն­նե­րը երկն­քի հա­ւա­նու­թիւնն էին ­­­Հայ ազ­գի պատ­մու­թեան այն եր­կու կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց վրայ հիմ­նո­ւե­ցաւ հա­յու­թեան ամ­բողջ էու­թիւ­նը, գո­յու­թիւ­նը եւ ա­նոնց պաշտ­պա­նու­թեան ու պահ­պան­ման հա­մար ­­­Վար­դա­նանց խոր­հուր­դով հե­րո­սա­կան պայ­քար ե­ղաւ հե­տա­գա­յի բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մեր պատ­մու­թիւ­նը։
­­­Մես­րո­պաս­տեղծ այ­բու­բէ­նով հայ մտքի հան­ճար­նե­րը այ­լեւս գե­րա­զան­ցօ­րէն հա­յե­րէ­նով ստե­ղ­ծա­գոր­ծե­ցին։ ­­­Բո­լոր գրիչ­նե­րուն կար­գին ­­­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կա­նա­գի­րը, Ս. ­­­Մես­րո­պի գրե­րու գիւ­տը գո­վեր­գած ա­տեն, զու­գոր­դու­թիւն մը կ’ը­նէ հին կտա­կա­րա­նի ­­­Մով­սէս մար­գա­րէին ­­­Սի­նա լեռ­նէն աս­տո­ւա­ծա­յին ձեռ­քով ար­ձա­նագ­րո­ւած տա­սը պա­տո­ւի­րան­նե­րը բե­րե­լուն եւ Ս. ­­­Մես­րո­պի ­­­Սա­մո­սատ քա­ղա­քէն հայ­րե­րէն Այբ ու ­­­Բէ­նի գի­րե­րով ­­­Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձին ի­րեն ըն­դու­նե­լու­թեան ե­կած հո­գե­ւոր եւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին ու հոծ բազ­մու­թեան պատ­կեր­նե­րուն մի­ջեւ։ ­­­Հայ շա­րա­կա­նա­գի­րը Ս. ­­­Մես­րո­պի պատ­կե­րը ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ եւ գե­րա­զանց ե­րա­նու­թեան վի­ճա­կի մէջ կը պատ­կե­րաց­նէ, նշե­լով որ, ­­­Մով­սէս երբ ­­­Սի­նա լեռ­նէն ի­ջաւ տա­սը պա­տո­ւի­րան­նե­րը շալ­կած, ո­րոնց­մով եբ­րա­յե­ցի ժո­ղո­վուր­դը Աս­տու­ծոյ հետ ուխտ կնքե­լով Ա­նոր ընտ­րեալ ժո­ղո­վուր­դը ըլ­լա­լու խոս­տու­մին ար­ժա­նա­ցած ըլ­լա­լու ու­րա­խու­թեան փո­խա­րէն, իր դի­մաց գտաւ ե­գիպ­տո­սի գե­րու­թե­նէն ա­զա­տո­ւե­լու շնորհ­քին ե­րախ­տա­մոռ իր ժո­ղո­վուր­դը, որ վե­րա­դառ­նա­լով կռա­պաշ­տու­թեան, եւ փո­խան իր Աս­տու­ծոյն՝ ոս­կիէ հոր­թին կ­­­’երկր­պա­գէր, եւ ո­րուն ի տես ­­­Մով­սէս՝ բար­կա­ճայթ, ջախ­ջա­խեց տա­սը պա­տո­ւի­րան­նե­րուն քա­րէ տախ­տակ­նե­րը։ ­­­Մինչ­դեռ, Ս. ­­­Մես­րոպ ­­­Սա­մո­սատ քա­ղա­քէն վե­րա­դար­ձին Այբ ու ­­­Բէ­նի տախ­տա­կը շալ­կած իր դի­մաց գտաւ ե­րա­նա­կան եր­ջան­կու­թեամբ եւ գո­հու­նա­կու­թեամբ հա­մա­կո­ւած Ս.­­­Սա­հակ ­­­Պար­թեւ կա­թո­ղի­կո­սը, Վ­ռամ­շա­պուհ ար­քան եւ ա­նոնց հետ հոծ ընտ­րա­նի, ա­ւա­գա­նի եւ ժո­ղո­վուրդ, ո­րոնք ող­ջու­նե­ցին ­­­Հայ ազ­գի ինք­նու­թեան, մշա­կոյ­թի նոր ա­րար­չու­թեան Ե­ղի­ցի ­­­Լոյ­սը։
Սր­բոց ­­­Թարգ­ման­չաց տօ­նին եւ ա­նոր ան­ժա­ման­ցե­լի ազ­գա­յին ար­ժէ­քին տա­րո­ղու­թիւ­նը ո­րոշ չա­փով կա­րե­նալ պատ­կե­րաց­նե­լու հա­մար, կ­­­’ար­ժէ անդ­րա­դառ­նալ հե­տե­ւեալ պա­րա­գա­նե­րուն, ո­րոնք հա­ւա­նա­բար, վեր­ջին նոր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար դար­ձած են սո­վո­րո­կան ե­րե­ւոյթ կամ ալ ան­տե­ղեակ են ա­նոր։
Ո՞ր ազ­գին կամ կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թեան մը տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ գիր գրա­կա­նու­թեան վաս­տա­կա­ւոր տի­տան­նե­րը սուրբ հռչա­կո­ւած են, ինչ­պէս է պա­րա­գան Սրբոց ­­­Թարգ­ման­չաց։
Ո՞ր ազ­գի մօտ կա­րե­լի է գտնել այն ե­րե­ւոյ­թը, որ իր սե­փա­կան Այբ ու ­­­Բէ­նը, պաշ­մա­տուն­քի ա­ռար­կայ դառ­նայ, տու­նե­րէն, սրահ­նե­րէն ներս իբ­րեւ ազ­գա­յին ար­ժէք պա­տե­րէն կա­խո­ւի, կամ մին­չեւ իսկ ա­րուես­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան նիւթ դառ­նայ։
Ո՞ր ազ­գի մայ­րե­նի լե­զուն ար­ժա­նա­ցած ըլ­լայ բազ­մա­թիւ մե­ծաս­քանչ օրհ­ներ­գու­թեամբ բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց, ձօ­նե­րու եւ ար­ձակ ներ­բող­նե­րու։
Կր­նայ ըլ­լալ որ հա­յե­րէն լե­զո­ւին կա­րե­ւո­րու­թեան, ազ­գա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին հա­յե­րու կող­մէ կա­տա­րո­ւած խօս­քերն ու վկա­յու­թիւն­նե­րը զգա­ցա­կան ազ­դե­ցու­թեան տակ ինք­նա­գո­վու­թիւն կամ չա­փա­զան­ցո­ւած ազ­գա­յին ինք­նա­սի­րու­թիւն թո­ւին։ ­­­Սա­կայն, հա­յե­րէն լե­զո­ւի որ­պէս ա­ռար­կա­յա­կան ար­ժէ­ւո­րում, անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տենք մէջ­բե­րել օ­տար գրա­կա­նա­գէ­տե­րու, բա­նա­սէր­նե­րու բազ­մա­թիւ վկա­յու­թիւն­նե­րէն մի քա­նի հա­տը։
«­­­Հա­յե­րէ­նը ոչ միայն կը հա­ւա­սա­րի եւ­րո­պա­կան լե­զու­նե­րու, այլ նաեւ կը գե­րա­զան­ցէ զա­նոնք։ Այդ լե­զո­ւին ճո­խու­թիւնն ու ճկու­նու­թիւ­նը ուժ ե­ղած են հայ ազ­գին հա­մար։» (Ա­թո­ւան ­­­Մէ­յէ՝ ֆրան­սա­ցի հա­յա­գէտ։)
«Այն­քան կը սի­րեմ ձեր լե­զուն, մեր տան մէջ ներ­կա­յիս հա­յե­րէն կը խօ­սիմ տիկ­նոջս ու զա­ւակ­նե­րուս հետ։ ­­­Կայս­րի մը պէս հպարտ եմ հա­յոց լե­զուն գիտ­ցած ըլ­լա­լուս հա­մար։» (Ֆ­րե­տե­րիք ­­­Մաք­լէր՝ գեր­ման լե­զո­ւա­բան։)
«­­­Հա­յոց լե­զո­ւին ար­ժէ­քը բարձր է Ա­րա­րա­տի չափ։ Ե­թէ հայ ըլ­լա­յի, ի­րա­ւամբ ինք­զինքս հպարտ պի­տի զգա­յի այս­պի­սի լե­զու մը ու­նե­նա­լու հա­մար։» (­­­Հայր ­­­Լո­ւի ­­­Մա­յէ՝ ֆրան­սա­ցի լե­զո­ւա­բան։)
Օ­տար լե­զո­ւա­բան­նե­րու եւ գրա­կա­նա­գէտ­նե­րու ար­ժէ­ւո­րում­նե­րը եւ գնա­հա­տում­նե­րը չեն, որ մեզ պի­տի հա­մո­զեն կամ անդ­րա­դարձ­նեն հա­յե­րէն մեր լե­զո­ւի գան­ձա­րա­նին բո­վան­դա­կած գո­հա­րե­ղէն­նե­րուն։ Այդ մէ­կը հայ դպրո­ցի հայ դաս­տիա­րա­կին ա­ռա­քե­լու­թիւնն է, հա­յ մա­նուկի ու­ղե­ղին մէջ քան­դա­կե­լու եւ ա­նոր հո­գիին մէջ տպա­ւո­րե­լու։
Ս. ­­­Թարգ­ման­չաց վար­դա­պետ­նե­րը, հայ ազ­գի ինք­նու­րոյն նկա­րա­գիր հաս­տա­տե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը սկսան հայ դպրո­ցով եւ հայ դպրո­ցին մէջ դաս­տիա­րա­կո­ւած սե­րունդ­նե­րով։ Ո­րով­հե­տեւ, ա­մէն ինչ կը սկսի հայ դպրո­ցին հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թե­նէն, ո­րուն վրայ կը հիմ­նուի հայ ըն­տա­նի­քը իր ազ­գա­յին բո­լոր ե­րես­նե­րով, եւ հայ ըն­տա­նիքն է որ՝ իբ­րեւ ջրա­ռատ աղ­բիւր, կը կա­տա­րէ հա­յու­թեան ազ­գա­յին կեան­քի բո­լոր ար­տե­րուն ջրտու­քը։

­­­Գե­ղամ Արք. ­­­Խա­չե­րեան
Ա­ռաջ­նորդ ­­­Յու­նաս­տա­նի թե­մին