Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական Ժողովին Ուրբաթ՝ 10 Նոյեմբեր 2017ին Մարաշի Հայրենակցական Միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորի շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Սարգիս Քհնյ. Սարգիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» իր տեսակին մէջ եզակի, գունազարդ, արդիական ոճով եւ ինքնուրոյն խորք ունեցող գիրք մըն է, որ կու գայ բաց մը լրացնելու հայոց հոգեւոր գրականութեան աշխարհին մէջ՝ աւելցնելով, որ ասիկա մանկապատանեկան հոգեւոր գրականութեան մէջ իւրայատուկ հրատարակութիւն մըն է եւ ո՛չ միայն հայ երիտասարդին, այլ նաեւ հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին, ու կիրակնօրեայ վարժարանին բարիք սփռելու հոյակապ միջոց մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտորներ Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեան ամոլին՝ սոյն աշխատանքը կատարելնուն համար, ինչ որ պիտի նպաստէ մեր նոր սերունդին հոգեւոր դաստիարակութեան:
Հատորը ներկայացուց Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Ան՝ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Աստուածաշունչի ընկերութեան գործունէութիւնը եւ նպատակը, որն է թարգմանել Աստուածաշունչը այն լեզուներուն, որոնցմով տակաւին թարգմանուած չէ, նաեւ բաժնել զայն: Ան հաստատեց, որ Աստուածաշունչի ընկերութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն եւ Կարմիր Խաչէն ետք երրորդ կազմակերպութիւնն է աշխարհի վրայ, որ աշխարհագրականօրէն տարածուած է՝ նկատել տալով, որ իրենք աշխարհի 200 երկիրներու մէջ աշխատանք կը տանին: Դոկտ. Ճէպէճեան ըսաւ, որ 2000 թուականէն սկսեալ աւելցուցած են այլ աշխատանքային ծրագիր մը, որ ընկալումն է, այլ խօսքով՝ հասկնալ Աստուածաշունչը մեկնելով լեզուական, մշակութային, ընկերային եւ պատմաքաղաքական տուեալներէն:
Անդրադառնալով «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորին՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը՝ նկատել տալով, որ անիկա գրուած է պարզ հայերէնով՝ 5-10 տարեկան մանուկներու համար եւ հաստատեց, որ հատորը ամբողջութեամբ գրուած է Աստուածաշունչի բնագիրին համաձայն:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Սրբազան հայրը: Ան յայտնեց, որ 5րդ դարուն Վարդանանց սերունդին միջոցով հայ ժողովուրդը համազգային կեցուածք ճշդած է Աստուածաշունչին նկատմամբ: Ան նկատել տուաւ, որ Վարդանանք պատմութեան տագնապալի մէկ պահուն, իբրեւ ազգային կեցուածք ու գաղափարախօսութիւն, Աւետարանը հայր հռչակեցին եւ եկեղեցին ալ մայր, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ ինքզինք պաշտպանել այն բոլոր օտար եւ այլասերող ուժերուն դէմ, որոնք կը սպառնային հայութեան կեանքին՝ աւելցնելով, որ պէտք է նոր կեանք տալ Վարդանանց սերունդին կողմէ հռչակուած ազգային այդ կեցուածքին, որպէսզի մերօրեայ աշխարհի պայմաններուն մէջ ալ պաշտպանուին մեր ազգային, մշակութային, քաղաքական, իմացական, կրօնական եւ բարոյական այն բոլոր արժէքները, որոնք կորիզը կը կազմեն մեր ազգային հոգեբանութեան: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ մերօրեայ պայմաններուն մէջ պէտք չէ կորսնցնենք ազգային գիտակցութիւնը, պէտք չէ թուլնանք, եւ մեր մէջ պէտք չէ պակսի Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը: Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը:
«Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը»
«Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորին հանդիսաւոր շնորհահանդէսը