­Նէա Զ­միռ­նիի «Իո­նի­քէս Եոր­թէս 2018» գե­ղա­րո­ւես­տա­կան փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 3 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, հա­մա­նուն քա­ղա­քի պու­րա­կի ըն­դար­ձակ ու բա­ցօ­թեայ թատ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­նա­խըն­թաց պա­րա­յին ե­լոյթ մը, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ. Յ. Դ. Ա­թէն­քի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէի քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին, եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան պա­րի միա­ւո­րին, իր 3 խում­բե­րով՝ «­Նա­յի­րի», «­Նա­նոր» եւ «­Մա­րա­լօ»:
«­Հա­մազ­գա­յին»ը ան­ցեա­լին քա­նիցս գե­ղա­րո­ւես­տա­պա­րա­յին հա­մոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կած է սոյն քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­մառ­նա­յին փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս, սա­կայն այս տա­րո­ւան ծրագ­րին նո­րու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, իր երկ­սեռ 17 հո­գի­նոց կազ­մով, ո­րոնք Ա­թէն­քի «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խում­բին հետ ներ­դաշ­նա­կօ­րէն ըն­դե­լու­զո­ւե­ցան, միա­խառ­նո­ւե­ցան, իբ­րեւ մէկ պա­րա­յին միա­ւոր հան­դէս գա­լով, ա­մէն տա­րո­ւայ հա­մոյթ­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան բա­ցա­ռիկ նո­րու­թիւն մը ա­ւելց­նե­լով: ­Պէտք է ը­սել, թէ այս ծրա­գի­րը յա­ջո­ղո­ւթեամբ պսակուդցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Հա­մազ­գա­յին»ի վար­չու­թեան հա­մադ­րու­մով եւ տեղ­ւոյն «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ:
Եր­կու մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու պա­րախմ­բա­յին միա­ցեալ հա­մա­կար­գո­ւած ճի­գով հան­դէս գա­լու մտա­ծու­մը՝ տա­րի­նե­րէ ի վեր կը գտնո­ւէր վար­չու­թեան սե­ղա­նին վրայ, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ միու­թեան ար­ժա­նա­ւոր պա­րու­սոյց ընկ. Էտ­կար Է­կեա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու եւ հե­ռան­կա­րա­յին ծրագ­րում­նե­րու եւ ե­րազ­նե­րու մէջ:
Այս տա­րի, ա­հա՛, այդ փա­փաքն ալ ի­րա­կա­նա­ցաւ, տա­րի­նե­րու ծրա­գիր­նե­րու բաց մը փա­կե­լով:
­Մեր նպա­տա­կը, այ­սօ­րո­ւան գրու­թեամբ՝ յա­ւե­լեալ նոր թղթակ­ցու­թիւն մը ա­ւելց­նե­լը չէ, այլ՝ Ա­թէն­քի պա­րա­յին փա­ռա­տօ­նին հան­դի­սադ­րու­մով՝ վեր առ­նե­լու միու­թե­նա­կան ծրագ­րի մը ի­րա­գործ­ման ա­ռի­թով եր­կու տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ գոր­ծող հայ ե­րի­տա­սարդ նոր սե­րուն­դի քով-քո­վի գա­լու, միաս­նա­բար ծա­նօ­թա­նա­լու, ի­րար ճանչ­նա­լու, փո­խա­դարձ ըն­կե­րա­յին կա­պեր հաս­տա­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը, ինչ որ, այ­լա­պէս, կը մարմ­նա­ւո­րէ մեր միու­թեան նպա­տակ­նե­րէն մաս մը, ա­ռիթ տա­լով ի­րար­մէ ա­ւե­լի քան 500 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող տղոց եւ աղ­ջիկ­նե­րու՝ հա­ւա­քա­բար ըլ­լա­լու մեր ա­կումբ­նե­րուն մէջ, նոյն սե­ղա­նին շուրջ նստե­լու, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան միեւ­նոյն բե­մին վրայ պա­րե­լու, միաս­նա­բար եր­գե­լու, պա­րե­լու, հա­յե­րէն խօ­սե­լու, հա­յե­րէն զգա­լու եւ ա­մէն տեղ Ա­րա­րատ եւ ­Սե­ւան մը տես­նե­լու, այն­քան հե­ռո­ւէն ու այն­քան մօ­տէն, ի­րար հետ եւ ի­րար­մով այս բո­լո­րը կա­րօտ­նա­լու:
Ա­րա­րատն ու ­Սե­ւա­նը ­Հա­յաս­տա­նէն հե­ռու, Ա­թէն­քի մէջ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, գա­ղու­թա­յին փոք­րիկ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու մէջ մեծ ­Հա­յաս­տան­ներ կը ստեղ­ծեն ու ա­նոնց­մով ալ կ­‘ապ­րին ու կ­‘ապ­րեց­նեն սե­րունդ­նե­րը:
Ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ ա­րո­ւես­տի հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու մէջ՝ հո­ղը, են­թա­հո­ղը, կո­րի­զը, բջի­ջը, գի­տակ­ցա­պար թէ են­թա­գի­տակ­ցա­բար, այս­պէ՛ս կը կո­փո­ւի, այս­պէ՛ս կը տա­շո­ւի, այս­պէ՛ս կը տա­րա­ծուի, ու­ժի, գա­ղութ­նե­րու կեան­քին մէջ հա­սակ նե­տող սերն­դա­փո­խու­թեան ու­ղին հու­նա­ւո­րե­լով ու զա­նոնք ար­գա­սա­ւո­րե­լով նոր ու խոստմ­նա­լից ու­ժե­րով, ո­րոնք պի­տի գան յա­ռա­ջա­դէմ գա­ղա­փար­նե­րով ստանձ­նե­լու մեկ­նող­նե­րու դիր­քե­րը, ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան ճամ­բով՝ խոստմ­նա­լից ինք­նա­նո­ւի­րու­մի նոր ու ժա­նա­կա­կից մա­կար­դակ­ներ ու մար­տահ­րա­ւէր­ներ ար­գա­սա­ւո­րե­լով:

***
Ա­հա՛ այս­պի­սի պատ­կե­րի մը առ­ջեւ գտնո­ւե­ցանք նախ ան­ցեալ Ե­րեք­շաբ­թի գի­շեր «­Զա­ւա­րեան», յա­ջոր­դա­բար ալ «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կումբ­նե­րուն մէջ, ուր «­Մա­սիս»ա­կան­նե­րը փուլ­մա­նով ժա­մա­նե­ցին Ա­թէնք, եր­կար ճամ­բոր­դու­թե­նէ մը ետք: ­Գո­քի­նիոյ մեր կեդ­րո­նին մէջ զի­րենք ջեր­մօ­րէն դի­մա­ւո­րե­ցին «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, Ա­տի­կէի «­Սօս-Վա­նի» վար­չու­թիւ­նը, պա­րի միա­ւո­րի յանձ­նա­խում­բի վար­չու­թիւ­նը եւ պա­րու­սոյց Էտ­կար Է­կեա­նը իր պա­րու­սոյց օ­գա­նա­կան­նե­րով: «­Զա­ւա­րեան»ը իս­կոյն ժիր մե­ղո­ւա­փե­թա­կի մը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ. հա­րիւ­րի չափ պա­տա­նի­ներ ու ե­րի­տա­սարդ­ներ ա­րա­գօ­րէն ան­ցան փոր­ձի, եր­կու պա­րա­խում­բե­րու ու­ժե­րը հա­մադ­րե­լու ճի­գի մը մէջ, մեր պա­րու­սոյ­ցի գուր­գու­րոտ հսկո­ղու­թեան տակ եւ փո­խա­դարձ դե­րե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց ստանձ­նու­մով:
­Տի­րող մթնո­լոր­տը կը յատ­կան­շո­ւէր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կար­գա­պա­հու­թեամբ, ե­րի­դա­սար­դա­կան խան­դով, ո­գե­ւո­րու­թեամբ ու լա­ւա­գոյ­նին ձգտե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ:
­Յա­ջորդ օ­րո­ւան ե­լոյ­թին աստ­ղը ար­դէն կը փայ­լէր. յա­ջո­ղու­թեան մօ­տա­լուտ նա­խան­շան­նե­րը սկսան ցո­լա­նալ, խան­դա­վառ ե­լոյ­թի մը ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լով եւ լա­ւին ա­ւե­լի լա­ւը նա­խընտ­րե­լու ձգտու­մով:
­Փոր­ձը վերջ գտաւ գի­շե­րո­ւան ժա­մը 10ին, որ­մէ ետք «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­սիս» եւ «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բներն ու վար­չա­կան­նե­րը փո­խադ­րո­ւե­ցան ­Ֆիքս, ուր տեղ­ւոյն ­Կո­մի­տէն եւ իր ար­տա­քին քա­րոզ­չա­կան-յա­րա­բե­րա­կան յանձ­նա­խում­բը կը սպա­սէին հիւ­րե­րը միա­ցեալ եւ հա­ւա­քա­կան ընթ­րի­քի:
­Չա­փա­զանց խան­դա­վառ մթնո­լորտդի մէջ, ճա­շէն ետք գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ինք­նա­բուխ յայ­տա­գիր մը, ո­րու ըն­թաց­քին խօսք ա­ռին Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի պա­րու­սոյց­նե­րը՝ Էտ­կար Է­կեան եւ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեան, ­Ֆիք­սի Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէի ար­տա­քին յա­րա­բե­րա­կան յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Առ­լէն ­Ղե­ւոն­դեան եւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան:
Ա­պա ան­ցանք ճաշ­կե­րոյ­թին, որ շու­տով ստա­ցաւ ու­րախ խնճոյ­քի բնոյթ եւ տե­ւեց մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 2:
Այս­պէս, միու­թեան ան­դամ ա­նակն­կալ տա­ղան­դա­ւոր­ներ հարս­տա­ցու­ցին օ­րո­ւան ան­պատ­րաս­տից յայ­տա­գի­րը, զուտ ար­հես­տա­վար­ժա­կան ճա­շա­կով ու մեկ­նա­բա­նու­թեամբ: ­Կի­թա­ռի եւ եր­գի վրայ ­Յով­սէփ ­Թո­փա­լեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն կի­թա­ռի եւ ջու­թա­կի վրայ յա­ջոր­դա­բար ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեան, ­Յա­րու­թիւն ­Պօ­ղո­սեան եւ Ար­թուր ­Մու­րա­տեան: Եր­գի վրայ պա­րու­սոյ­ցի օգ­նա­կան ­Ռո­զի­նա ­Մար­տի­րո­սեան: Իսկ ուշ ժա­մե­րուն ալ տար­բեր մշա­կոյ­թով ու ե­րան­գա­ւո­րու­մով յա­ջող եր­գեր մեկ­նա­բա­նո­ւե­ցան Ա­րազ ­Պար­սա­մեա­նի, Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեա­նի եւ ­Գէորգ ­Լա­զա­րեա­նի կող­մէ:
Երգ, նո­ւագ, շունչ ու ո­գի, յատ­կա­պէս ընտ­րո­ւած՝ խորհր­դան­շա­կան բա­ռե­րով ու ի­մաստ­նե­րով եր­գե­րու ընդ­մէ­ջէն, հնչե­ցին ներ­կա­նե­րու սրտին մէջ հաս­նե­լով ներ­կա­նե­րու սրտին:
«­Խաչ­քա­րե­րը ար­ցունք­նե­րովս կը լո­ւամ…»:
­Դուք եր­գի մը մէջ այս տա­րո­ղու­թեամբ գե­ղե­ցիկ խօս­քի հան­դի­պա՞ծ էք: Ազ­գա­յին յու­զա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծող նա­խա­դա­սու­թիւն կար­դա­ցա՞ծ էք: Ամ­բողջ ազ­գի մը ցաւն ու ե­րազ­նե­րը կրնան ամ­փո­փո­ւիլ այս­պի­սի նա­խա­դա­սու­թեան մը մէջ, եր­կիւ­ղած զգայ­նու­թեամբ ու հո­գե­կան թրթռա­ցում­նե­րով:
Ե­րի­տա­սարդ­ներ, կռթնե­ցէք մեր մշա­կոյ­թին վրայ. ա­պա­ւի­նե­ցէք մեր քա­ղա­քակր­թու­թեան վրայ: ­Խաչ­քա­րե­րը մեր պատ­մու­թեան ա­ղա­ղա­կող յուշն են. թոյլ չտաք որ ոե­ւէ մէ­կը այդ յու­շը ձեզ­մէ յափշ­տա­կէ: Այդ խաչ­քա­րե­րը մե՛րն են եւ մե­րը պի­տի մնան:
***
­Հա­մոյ­թին գե­ղե­ցիկ մթնո­լոր­տին վրայ սա­կայն թախ­ծոտ շեշտ մը սփռեց՝ օր մը ա­ռաջ ան­ցա­ւոր այս կեան­քէն 94 տա­րե­կա­նին յա­ւի­տե­նա­պէս հե­ռա­ցած հայ ազ­գի հա­րա­զատ զա­ւակ­նե­րէն ­Շարլ Ազ­նա­ւուր, որ բո­լո­րիս մտքին մէջ պի­տի մնայ, ոչ միայն ան­զու­գա­կան ա­րո­ւես­տա­գէ­տի մը փա­ռա­ւոր տի­պա­րով, այլ մա­նա­ւանդ ­Հա­յաս­տա­նի ի նպաստ, ան­ցեալ 30 տա­րի­նե­րու իր ազ­գա­յին ու մար­դա­սի­րա­կան ան­փո­խա­րի­նե­լի գոր­ծով ու մա­տու­ցու­մով:
«­Հա­մազ­գա­յին»ի հա­մոյ­թին վեր­ջին պա­րը ձօ­նուած էր Ազ­նա­ւու­րի յի­շա­տա­կին, մէկ վայր­կեա­նի յար­գան­քի լռու­թեամբ, որ սա­կայն միայն թեք­նիք խան­գա­րու­մի մը պատ­ճա­ռով՝ չյայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ: Ա­մե­նայն­դէպս, այդ գի­շեր, Ազ­նա­ւու­րի ան­մեռ ո­գին կը սա­ւառ­նէր, ոչ միայն հա­մոյ­թի ներ­կա­նե­րուն, այլ հա­մայն հա­յու­թեան հո­գի­նե­րուն մէջ:

***
­Չո­րեք­շաբ­թի օ­րո­ւան բա­ցա­ռիկ միա­ցեալ հա­մեր­գէն ետք, միաս­նա­կան վեր­ջին ընթ­րիք մը տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մեր հիւ­րե­րը փուլ­մա­նով վե­րա­դար­ձան ի­րենց քա­ղա­քը, լա­ւա­գոյն յի­շա­տակ­նե­րու վկա­յա­կո­չու­մով:
Ա­թէնք այ­ցե­լու­թեամբ, ա­նոնք ազ­գա­յին առ­նա­կա­նու­թեան խոս­տում մը տո­ւին, եւ խոս­տում մը ա­ռին: Եր­կուքն ալ կա­րե­ւոր են, ո­րով­հե­տեւ եր­կուքն ալ ի­րար կը լրաց­նեն, ինչ­պէս վե­րը ակ­նար­կո­ւած Ա­րա­րատն ու ­Սե­ւա­նը, ինչ­պէս ­Սե­ւանն ու Ա­րա­րա­տը, որ մէ­կը միւ­սէն պան­դուխ­տի կա­րօտ կ­‘առ­նէ, մէ­կը միւ­սին պան­դուխ­տի կա­րօտ կու­տայ:
Օգ­նենք պա­րա­խում­բնե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ շա­րու­նա­կեն ի­րենք ստանձ­նած ազ­նիւ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, շէնց­նե­լով հա­մայն­քա­յին մեր ձեռ­նարկ­նե­րու ո­րա­կը, ի­րենց խան­դա­վա­ռող մաս­նակ­ցու­թեամբ:
Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը իւ­րա­քան­չիւր ազ­գի ներ­քին եւ ար­տա­քին պաշտ­պա­նու­թեան ամ­րոցն է: Ան է՝ որ բարձր կը պա­հէ ժո­ղո­վուր­դի մը ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւնն ու հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ան մեր ազ­գա­յին կեան­քին կու­տայ տար­բեր գու­նա­ւո­րում մը, Ե­ռա­գոյ­նի գու­նա­ւո­րու­մը, որ այ­սօր ա­ւե­լի այժ­մէա­կան է քան եր­բեք:
Այս­պի­սի միա­ցեալ հան­դի­պում­ներ գա­ղա­փա­րա­կան մկրտու­թեան ա­ռիթ­ներ կը ստեղ­ծեն, յատ­կա­պէս ձու­լու­մի եւ մեր շուրջ տի­րող ու տա­րա­ծո­ւած ան­տար­բե­րու­թեան դէմ:
Վս­տա­հա­բար, ա­պա­գա­յին, այլ ա­ռիթ­ներ ալ պի­տի ստեղ­ծո­ւին մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը քով-քո­վի բե­րե­լու հա­մար, Ա­թէնք, ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, թէ այ­լուր:
­Ժո­ղո­վուր­դը խո­րա­պէս ո­գե­ւո­րո­ւե­ցաւ ըն­դար­ձակ բե­մին վրայ 100 երկ­սեռ ե­րի­տա­սարդ­ներ տես­նե­լով. «­Մա­րա­լօ»ն՝ որ վա­ղը «­Նա­նոր» պի­տի ըլ­լայ. «­Նա­նոր»ը՝ «­Նա­յի­րի» եւ «­Նա­յի­րի»ի պա­րող­նե­րը ի­րենց պա­րու­սոյց­նե­րը, դաս­տիա­րակ­նե­րը, վար­չա­կան­նե­րը եւ կեան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի:
Ա՛յս է շար­քը: Անս­խա­լա­կան է կեան­քին մէջ, ա­մէն լաւ բան կը հիմ­նո­ւի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան ու յա­րա­տեւ­ման գաղտ­նի­քին վրայ: Ա­նոր հա­մար ալ կը գո­յա­տե­ւէ:
Տ­ղա՛ք, մի հե­ռա­նաք մեր ա­կումբ­նե­րէն, ա­կումբ­նե­րը մեր հա­րա­զատ տու­ներն են, ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նը մեր հա­րա­զատ ­Մեծ ­Տունն է:
Վս­տա­հա­բար նոր ա­նակն­կալ­ներ կը սպա­սեն մեզ:
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լո­րին:

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԹՂԹԱԿԻՑ