­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, ­Շա­բաթ՝ 25 ­Յու­նո­ւար 2020ի ե­րե­կո­յեան մին­չեւ ուշ գի­շեր, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ զար­գաց­ման մրցում ներ­կա­յու­թեամբ ա­ւե­լի քան 30 ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րու։ ­Սոյն ձեռ­նար­կին նաեւ ներ­կայ էր նաեւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը։
­Մաս­նակ­ցող ե­րի­տա­սարդ­նե­րը բաժ­նո­ւե­ցան 2 խում­բե­րու։ ­Հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան, աշ­խար­հագ­րա­կան եւ պատ­մա­կան հար­ցում­նե­րով հա­րուստ այս ձեռ­նար­կը ի մի հա­մախմ­բե­լով տաս­նեակ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ա­ռի­թը ստեղ­ծեց ո՛չ միայն մրցու­մին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել, այլ նաեւ զի­րար քով-քո­վի հա­ւա­քո­ւե­լով, զրու­ցել, հան­դի­պիլ, ինչ­պէս նաեւ ո­րոշ գա­ղա­փար ու­նե­նալ ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ այլ հա­մաշ­խար­հա­յին գի­տե­լիք­նե­րուն՝ ա­ռա­ւել եւս ի­րենց միտ­քը հարս­տաց­նե­լու եւ զայն ի­րար փո­խա­նա­կե­լու բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ։
­Տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ ա­ւար­տին 2 խում­բե­րէն մէ­կը շա­հող նկա­տո­ւե­ցաւ։