Ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­մա­նո­րեայ պա­րա­հա­ւոյթ­ներ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ

Ե­րեք­շաբ­թի՝ 1 ­Յու­նո­ւա­րի գի­շե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Ֆիք­սի «Դ­րօ» եւ ­Գո­քի­նիոյ «­Փո­թո­րիկ» խում­բե­րը, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պե­ցին ա­մա­նո­րեայ պա­րա­հա­ւա­քոյթ, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ա­ւե­լի քան 100 ե­րի­տա­սարդ­ներ։ Ն­ման պա­րա­հա­ւա­քոյթ կազ­մա­կեր­պեց նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բը, ­Շա­բաթ՝ 4 ­Յու­նո­ւա­րի գի­շե­րը, «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս, ա­ւե­լի քան 120 ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Եր­կու սրահ­ներն ալ զար­դա­րո­ւած էին պատ­շաճ կեր­պով, տօ­նա­կան մթնո­լոր­տին հա­մա­ձայն։ ­Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը զո­ւար­ճա­ցան ճով ե­րաժշ­տու­թեամբ եւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­ցին։

Հ.Յ.Դ ­Պա­տա­նե­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու գա­թա­յի ե­րե­կո­ներ

­Շա­բաթ՝ 11 ­Յու­նո­ւա­րին, Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւ­նը Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ կազ­մա­կեր­պեց գա­թա­յի հա­ւաք­ներ իր ան­դամ­նե­րուն հա­մար։ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, հա­ւա­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ ­Պա­տան. ­միու­թեան «Լ. ­Շանթ» խում­բի վար­չու­թեան կող­մէ «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս։ Օ­րո­ւան բախ­տա­ւո­րը ստա­ցաւ յատ­կան­շա­կան նո­ւէր մը։
­Նոյն օ­րո­ւայ ե­րե­կո­յեան, ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ միաս­նա­բար հա­ւա­քո­ւե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Պա­տան. ­միու­թեան ­Ֆիք­սի «­Զար­թօնք» եւ ­Գո­քի­նիոյ «Ք. ­Մի­քա­յէ­լեան» խում­բի ան­դամ­նե­րը՝ ի­րենց վա­րիչ­նե­րով, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մա­նո­րեայ գա­թա­յի բաշ­խու­մը եւ օ­րո­ւայ բախ­տա­ւո­րը շա­հե­ցաւ գե­ղե­ցիկ նո­ւէր մը։
Ն­մա­նօ­րի­նակ հա­ւաք­ներ կա­տա­րե­ցին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։
­Կի­րա­կի՝ 12 ­Յու­նո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Հա­յաս­տան» սրա­հին մէջ հա­ւա­քո­ւե­ցան Հ.Յ.Դ. «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի ան­դամ­նե­րը եւ շնոր­հա­ւո­րե­ցին ­Նոր ­Տա­րին ա­ւան­դա­կան գա­թա­յի բաշ­խու­մով։ ­Նոյն ե­րե­կոն, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նը ե­ղաւ ժա­մադ­րա­վայ­րը Հ.Յ.Դ.

­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ­Ֆիք­սի «Դ­րօ» եւ ­Գո­քի­նիոյ «­Փո­թո­րիկ» խում­բե­րուն, ո­րոնք ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ կա­տա­րե­ցին ա­մա­նո­րեայ կար­կան­դա­կի բաշ­խու­մը եւ նո­ւէր­ներ բաշ­խե­ցին օ­րո­ւայ բախ­տա­ւո­րին։ Ն­շենք, որ ե­րի­տա­սար­դա­կան եր­կու հա­ւաք­նե­րը ա­ռի­թը հան­դի­սա­ցան մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար, նոր տա­րո­ւայ մուտ­քին վե­րա­նո­րո­գե­լու ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րու թա­փը, նոր ծրա­գիր­նե­րու մշակ­ման եւ հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րէն ներս։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րը կը կա­տա­րեն ի­րենց ա­մա­նօ­րեայ հա­ւաք­նե­րը

­Շա­բաթ՝ 11 ­Յու­նո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Ֆիք­սի ա­կումբ­նե­րուն մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաու­տա­կան զոյգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րը կա­մա­կեր­պե­ցին ա­մա­նո­րեայ ա­ւան­դա­կան գա­թա­յի ե­րե­կո­ներ։ Եր­կու հա­ւաք­նե­րուն ներ­կայ ե­ղան շրջան­նե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին եւ տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րը, սկաու­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­նե­րը եւ ծնող­նե­րը։
­Գո­քի­նիոյ մէջ գա­թա­յի օրհ­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան իսկ ­Ֆիք­սի մէջ՝ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան։ Եր­կու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին ­Նոր ­Տա­րին եւ Ս. Ծ­նուն­դը եւ մաղ­թե­ցին բե­ղուն սկաու­տա­կան տա­րեշր­ջան մը, նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով եւ հա­յա­կերտ ծրա­գիր­նե­րով։ ­Խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վար­չա­կան­նե­րը եւ մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցե­ցին սկաու­տա­կան խում­բե­րուն։ ­Հա­ւաք­նե­րու բախ­տա­ւոր­նե­րը ստա­ցան յատ­կան­շա­կան նո­ւէր­ներ։