Պսակաձեւ ժահրի պատճառով մեկուսացումի այս օրերուն, Հայոց ցեղասպանութեան իրազեկման համացանցային քարոզչութիւնը իր արժանի տեղը գտաւ մեր կազմակերպ երիտասարդութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ տեսանիւթերուն եւ քարոզչական սփռումներուն մէջ։
Ներկայ սերունդներուն համար համացանցի աշխարհը իւրայատուկ կերպով հաղորդ կը դարձնէ իրար հետ շփուելու եւ անոր ընդմէջէն տեղեկատուական եւ քարոզչական լայնատարած աշխատանք տանելու հնարաւորութիւնը։
Այսպէս, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդր. վարչութեան նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ բծախնդիր կերպով պատրաստուած տեսանիւթ մը, որ կը ներկայացնէր Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, Թուրքիոյ շարունակական մերժողական քաղաքականութիւնը եւ ռազմապաշտական քաղաքականութիւնը։ Տեսանիւթը կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհի վրայ ոտքի կանգնած հայ երիտասարդութեան եւ մասնաւորաբար Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միութիւններու կատարած պայքարի բոլոր դրսեւորումները։ Տեսանիւթը կարելի է դիտել https://www.facebook.com/ayfgr/ էջին վրայ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինի կազմակերպութեամբ, մեր պատանիները իրենց բնակարաններէն երիզագրեցին կարճ խօսքեր եւ իւրաքանչիւր պատանի Հայոց ցեղասպանութեան պատմական գիտելիքներու ներկայացումը ըրաւ ու իր կարծիքը փոխանցեց Հայ դատի պայքարի միջոցներուն համար։ Յաջորդական տեսանիւթերը կարելի է դիտել https://www.facebook.com/badanegangreece/ էջէն։
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի երէցներու, ինչպէս նաեւ սկաուտներու եւ գայլիկներու առցանց հաւաքական ժողովներով յարգուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակը։ Յատկանշական էր երէցական փաղանգի ներկայացումը, որ փոքր պաստառներու վրայ գրի առած էր Ցեղասպանութեան պատմական տուեալները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու ժառանգած պայքարի խոստումը։
Երկրորդ տեսանիւթը կը պարփակէր յուզիչ տեսարաններ, ուր սկաուտական ակումբներուն մէջ խմբապետներուն կողմէ կատարուած դրօշի արարողութեամբ, բոլոր առցանց մասնակցող փոքրիկները ոտքի կանգնած՝ իրենց պատիւը կու տային Եռագոյնին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշերուն։ Տեսանիւթերը կարելի է դիտել https://www.facebook.com/HomenetmenGreeceScout/ էջին վրայ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Երիտասարդական, պատանեկան եւ սկաուտական միաւորները առցանց քարոզչութիւն կը կատարեն