Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած «Երիտասարդականի Օր»ը տեղի ունեցաւ մեծ յաջողութեամբ Շաբաթ` Փետրուար 9ին, «Զաւարեան» Կեդրոնէն ներս, երեկոյեան ժամը 20։30ին։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Արման Գրիգորեան եւ բեմ հրաւիրեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը՝ ընկ. Սերգօ Գույումճեանը, որ իր խօսքը ուղղէ երիտասարդութեան եւ ներկաներուն։
Կ.Կ.ղի ներկայացուցիչը շեշտեց երիտասարդութեան դերը՝ ընդհանրապէս գաղութին եւ մասնաւորապէս Հայ Դատի պայքարին մէջ։ Ան յատկապէս ըսաւ.-
«Դաշնակցութիւնը երիտասարդութեան միշտ ներշնչած է գաղափարական սնունդ, իսկ երիտասարդութիւնը Դաշնակցութեան տուած է յեղափոխական ոգի եւ ուժականութիւն»։
Ապա՝ խօսք առաւ Հ.Յ.Դ Պատանեկան Միութեան կողմէ ընկ. Ժաննօ Պարտաքճեան:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան ուղերձը արտասանեց ընկ. Սուլա Պարտաքճեան։
Այնուհետեւ՝ հանդիսավար ընկերը բեմ հրաւիրեց խումբ մը ընկերուհիներ եւ ընկերներ, որոնք գեղեցիկ երաժշտական յայտագիր մը պատրաստած էին՝ յեղափոխական ու ժողովրդային երգերով։
Երկու յեղափոխական երգեր երգեցին նաեւ Պատանեկանի Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ խումբերու անդամները՝ խանդավառելով ներկաները։
Միութեան անդամները սպասարկեցին սեղաններուն ու յաջորդեց ճաշկերոյթ-խրախճանք։ Խրախճանքի ընթացքին, տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի ամբողջութեամբ ամառուան ընթացքին միութեան կազմակերպած դէպի Հայաստան ու Արցախ շրջապտոյտի ծախսերուն։ Ներկանները ընդառաջեցին վիճակահանութեան։ Արդէն Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտարարած էր, որ այս նպատակին համար Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն 500 եւրօ կը նուիրէ Երիտասարդական Միութեան։ Հաճելի եւ մտերիմ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ, երբ երիտասարդականի ընկերները՝ շրջանակ կազմելով, ինքնաբուխ կերպով սկսան ազգային-յեղափոխական երգեր երգել, որոնց ընկերացան բոլոր ներկաները։
Հայրենակիցներուն կողմէ եղան նուիրատուութիւններ։
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր»ով։
Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մի
Կեդրոնական Վարչութիւն
Ստորեւ՝ կը հրատարակենք Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը՝ արտասանուած ընկ. Արման Գրիգորեանի կողմէ:
Երբ «Երիտասարդական» բառը կը հնչէ մեր ականջներուն, մեր բոլորին մտքին մէջ կը պատկերանայ հայրենիքի ապագան եւ սրտերուն մէջ կը զգանք այդ ապագան կերտելու յոյսը, հաւատքը եւ կամքը:
Մեր երիտասարդութիւնը իր քաջ հոգիով եւ իր անսահման ուժով կը պայքարի ազգի պաշտպանութեան ու գոյատեւման համար:
Այսօր կը տօնենք «Մեր Օր»ը՝ յիշելով, թէ 72 տարի առաջ հիմնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մ.ը Յունաստանի մէջ, սուրբ նպատակ մը ունենալով՝ բոլոր հայ երիտասարդները միացնել, որպէսզի գաղութէն ներս կարենանք մեր հոգիներուն մէջ ստեղծել ու պահել մեզմէ խլուած հայրենիքը:
Մեր այս միութենական կեանքէն ներս, բոլորս ալ ունինք առիթը եւ բախտը մեր մայրենի լեզուն խօսելու մեր ընկերներուն հետ, եւ մեր ժողովներու ընթացքին զանազան նիւթերու մասին խօսակցելու եւ լուրջ որոշումներ առնելու մեր գործունէութեան վերաբերեալ:
Երիտասարդական Միութեան մէջ, բոլոր երիտասարդները կը ստանան բարոյական, ազգային, գաղափարական, քաղաքական եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւն, որպէսզի ապագային գործօն եւ աշխոյժ անդամներ դառնան մեր գաղութային կառոյցներուն մէջ եւ, այս միջոցով, ծառայեն արժանաւոր կերպով մեր հայրենիքին եւ մեր ազգային երազներու իրականացման:
Անշուշտ, մեր միութենական ու գաղութային կեանքին ու կազմակերպման հիմքն ու սկիզբը Պատանեկան Միութիւնն է: Երիտասարդականը իր գիրկին մէջ գուրգուրանքով կը պահէ մեր փոքրիկ ընկերները, փորձելով անոնց փոխանցել մեր ազգային սկզբունքները եւ արժէքները, դաստիարակել զանոնք՝ ճիշդ ձեւով ու ներշնչել հայրենասիրութիւն, այն հաւատքով՝ որ իրենք ալ, իրենց կարգին գիտակցօրէն պիտի շարունակեն ծառայել երիտասարդականի կազմէն ներս եւ առաջնորդեն մեր միութիւնը միշտ վերելքի ճամբով:
Իր 72 տարուան կեանքի ընթացքին, Յ.Ե.Մ.ը միշտ առաջնորդ ու առաջին գիծին գտնուող միութիւն մը եղած է մեր հայրենիքին ու գաղութին բոլոր պայքարներուն: Մեր միութիւնն է, որ միշտ իր հայեացքը ուղղած է դէպի անկախ Հայաստան եւ հերոսական Արցախ: Արդէն, մեր անդամներու հիմնական թիրախն է՝ մեզի ժառանգ յանձնուած միութիւնը հզօրացնել եւ աւելի աշխոյժ միութիւն մը փոխանցել մեր յաջորդ նոր սերունդին:
Կը մաղթեմ, ուրեմն, «Երիտասարդականի Օր»ը բոլորիս համար առիթ ըլլայ վերանորոգելու ազգին ծառայելու մեր ուխտը, որպէսզի յաջողինք կամուրջ դառնալ իբրեւ Հայ Դատի կամաւորներ՝ մեր պատմական անցեալին եւ մեր ազգին արժանի յաղթական ապագայի մը: