­Նո­յեմ­բեր 21ին, ժա­մը 18:35ի սահ­ման­նե­րուն, Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յո­ւած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն պահ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սին մէջ, ա­կա­նի պայ­թու­մէ, զո­հո­ւած են զին­ծա­ռա­յող­ներ ­Գե­ղամ ­Կո­րիւ­նի ­Զա­քա­րեան (1995ի ծնունդ), ­Սար­գիս ­Գուր­գէ­նի Աբ­րա­հա­մեան (1998ի ծնունդ) եւ ­Սար­գիս Մ­հե­րի ­Մե­լի­քեան (1997ի ծնունդ): ­Զին­ծա­ռա­յող, 1998ի ծնունդ ­Նա­րեկ ­Հայ­կի ­Հո­վէ­յեան վի­րա­ւո­րո­ւած է: Ա­նոր վի­ճա­կը կը գնա­հա­տո­ւի ծանր:
Ար­ցա­խի Պ.Ն.ի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ դէպ­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պար­զե­լու հա­մար կը կա­տա­րո­ւի քննու­թիւն:
«Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը կի­սէ կորս­տեան ծանր վիշ­տը եւ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ զո­հո­ւած զին­ծա­ռա­յող­նե­րու ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ծա­ռա­յա­կից­նե­րուն»,- ը­սո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: