Ե­րէկ, 27 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ե­րե­ւան ժա­մա­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս։ ­Յու­նաս­տա­նի դի­ւա­նա­գի­տու­թեան գլխա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տան բազ­մա­կող­մա­նի ու­ղերձ­ներ կը պա­րու­նա­կէր, նախ թո­ւա­կա­նի ընտ­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ, որ կը զու­գա­դի­պէր 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի երկ­րորդ տա­րե­լի­ցի թո­ւա­կա­նին հետ, ա­պա հան­դի­պում­նե­րէն ետք տե­ղի ու­նե­ցած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ, ո­րոնք յստակ հաս­ցէագ­րում կը կրէին։
«­Զո­ւարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Պա­րոյր ­Յով­հան­նի­սեա­նի կող­մէ:
Ա­պա, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ըն­դու­նո­ւե­ցաւ իր հայ պաշ­տօ­նա­կից Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեա­նի կող­մէ եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռանձ­նազ­րոյց եր­կու նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ։ ­Յա­ջոր­դա­բար, գու­մա­րո­ւե­ցաւ ընդ­լայ­նո­ւած նիստ, մաս­նակ­ցու­թեամբ եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րուն։
Եր­կու եր­կիր­նե­րու Ա.Գ. նա­խա­րար­նե­րը ման­րա­մասն քննար­կե­ցին տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին զար­գա­ցում­նե­րը: ­Հայ նա­խա­րաը իր յոյն գոր­ծըն­կե­րոջ ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ ստեղ­ծո­ւած ի­րադ­րու­թիւ­նը եւ ­Հա­յաս­տա­նի  ինք­նիշ­խան տա­րած­քին դէմ ատր­պէյ­ճա­նա­կան վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րը:
­Հան­դի­պում­նե­րէն ետք, եր­կու նա­խա­րար­նե­րը հան­դէս ե­կան մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։

­Միր­զո­յեան. «­Միան­շա­նակ է՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը պէտք է դուրս գան Հ.Հ. ինք­նիշ­խան տա­րած­քից»

­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեան յայտ­նեց, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը պէտք է վե­րա­նան, ա­ռա­ջին հեր­թին ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րը պէտք է դուրս գան Հ.Հ. ինք­նիշ­խան տա­րած­քէն, հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րը պէտք է վե­րա­դառ­նան եւ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը պէտք է լիա­կա­տար պահ­պա­նո­ւի:
«­Մենք կա­րե­ւո­րում ենք կա­յու­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի ա­ռա­ւե­լա­պաշ­տա­կան եւ յան­ցա­գործ նկրտում­նե­րին մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մից հաս­ցէա­կան եւ հա­մար­ժէք ար­ձա­գան­գը: Ոչ հա­մար­ժէք ագ­րե­սո­րի (յար­ձա­կո­ղի – Խմբ. ) եւ ագ­րե­սիա­յի (յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան – Խմբ.) թի­րա­խի մի­ջեւ հա­ւա­սա­րու­թիւն դնող ար­ձա­գանգ­նե­րը բե­րում են նոր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րի: Եւ այս հա­մա­տեքս­տում ար­ժե­ւո­րում ենք բա­րե­կամ ­Յու­նաս­տա­նի դիր­քո­րո­շու­մը ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կի կա­պակ­ցու­թեամբ: ­Միան­շա­նակ է, որ ագ­րե­սիա­յի հե­տե­ւանք­նե­րը պէտք է վե­րա­ցո­ւեն, այն է՝ ա­ռա­ջին հեր­թին ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նո­ւած ու­ժե­րը պէտք է դուրս գան Հ.Հ. ինք­նիշ­խան տա­րած­քից, հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րը պէտք է վե­րա­դար­ձո­ւեն եւ հրա­դա­դա­րի ռե­ժի­մը պէտք է լիա­կա­տար պահ­պա­նո­ւի», յայտ­նեց ­Միր­զո­յեան:
Ան նաեւ ա­ւել­ցուց՝ միա­ժա­մա­նակ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը յստակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ու գոր­ծի­քա­կազ­մե­րու մի­ջո­ցով պէտք է կան­խար­գի­լէ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­կա­ծախն­դիր քայ­լերն ու հա­ւա­նա­կան նոր յար­ձա­կում­նե­րը:
­Միր­զո­յեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Յու­նաս­տա­նին եւ ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ ­Հա­յաս­տա­նին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ցու­ցա­բե­րո­ւող շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար՝ յատ­կա­պէս այն ժա­մա­նակ, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­ռե­րե­սո­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խա­նու­թեան եւ տա­րած­քա­յին  ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան հետ: Ըստ ­Միր­զո­յեա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րի՝ 2020-ի աշ­նան, 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի դժո­ւար օ­րե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տան եւ հի­մա՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ գտնո­ւի­լը, հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ ա­ջակ­ցու­թեան հա­ւաս­տիքն են, որ ­Հա­յաս­տան մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տէ:
Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ի­րենց հան­դի­պու­մին անդ­րա­դար­ձած են հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման: «Ան­ցած 30 տա­րի­նե­րին մեզ յա­ջո­ղո­ւել է հաս­տա­տել ա­մուր միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եւ ձե­ւա­ւո­րել ընդգր­կուն երկ­կող­մա­նի օ­րա­կարգ, որ կը նե­րա­ռէ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւն, գոր­ծակ­ցու­թիւն տնտե­սու­թեան, պաշտ­պա­նու­թեան, փո­խադ­րու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ այլ կա­րե­ւոր ո­լորտ­նե­րում: Ար­ձա­նագ­րել ենք, որ ար­դիւ­նա­ւէտ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թիւն է ծա­ւա­լում նաեւ ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փով», յայտ­նեց ­Միր­զո­յեան՝ հա­մո­զում յայտ­նե­լով, որ միա­ցեալ ջան­քե­րով պի­տի կա­րո­ղա­նան այս կա­րե­ւոր ձե­ւա­չա­փը ա՛լ ա­ւե­լի զար­գաց­նել եւ ծա­ռա­յեց­նել ե­րեք եր­կիր­նե­րու կեն­սա­կան շա­հե­րու յա­ռաջ մղու­մին:

­Տեն­տիաս. «­Յու­նաս­տան կ­՚ա­ջակ­ցի ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան»

 ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս Ե­րե­ւա­նի մէջ յստակ ու­ղերձ ղրկեց այն եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնք կը փոր­ձեն վե­րա­սահ­մա­նել քար­տէս­նե­րը.  վե­րա­նայ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի ձա­խո­ղի, յայ­տա­րա­րեց յոյն նա­խա­րա­րը։
«­Յու­նաս­տան շատ ան­գամ շեշ­տած է, որ կ­՚ա­ջակ­ցի բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րու ինք­նիշ­խա­նու­թեան ու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, եւ այդ, ի հար­կէ, նաեւ կը վե­րա­բե­րի մեր լաւ ըն­կե­րոջ՝ ­Հա­յաս­տա­նին: ­Մենք կը հա­ւա­տանք սահ­ման­նե­րու ան­քակ­տե­լիու­թեան», շեշ­տեց ­Տեն­տիաս:
Ան նշեց այն հան­գա­ման­գը, որ քա­նի մը օր ա­ռաջ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քը ռմբա­կո­ծո­ւե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ: Ան ­Յու­նաս­տա­նի հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դին:
«Ես կ­՚ու­զեմ նաեւ յստակ ու­ղերձ ղրկել այն երկր­նե­րուն, ո­րոնք կը փոր­ձեն վե­րա­սահ­մա­նել քար­տէս­նե­րը: Եւ իմ ու­ղեր­ձը հե­տե­ւեալն է՝ վե­րա­տե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը պի­տի ձա­խո­ղին: Ես պի­տի նշեմ այդ­պի­սի ուժ մը եւս՝ ­Թուր­քիան, որ կը փոր­ձէ օգ­տո­ւիլ այս խառն ի­րա­վի­ճա­կէն, որ­պէս­զի ան­յար­գա­լից ըլ­լայ կա­յու­նու­թեան նկատ­մամբ: ­Մենք վկայ ենք նաեւ թրքա­կան քա­րո­զա­խօ­սու­թեան, թոյլ տո­ւէք ը­սել, որ ­Թուր­քիա նաեւ դէմ էր, որ ­Յու­նաս­տան քա­նի մը պաշտ­պա­նա­կան զէն­քեր կը ղրկէ յու­նա­կան ­Լես­վոս կղզի: Եւ այս կը պա­տա­հի այն պայ­ման­նե­րուն մէջ, երբ  ­Յու­նաս­տան կը գոր­ծէ իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու շրջա­գի­ծէն ներս եւ այս պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը բխին ­Լո­զա­նի հա­մա­ձայ­նա­գի­րէն», ընդգ­ծեց ­Յու­նաս­տա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րը՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ­Թուր­քիան դէմ է, ո­րով­հե­տեւ ­Յու­նաս­տան թոյլ չի տար, որ իր տա­րածք­նե­րը ան­պաշտ­պան մնան:
Ըստ յոյն նա­խա­րա­րին՝ ­Թուր­քիա այս պա­հուն կը սպառ­նայ պա­տե­րազմ սկսիլ ­Յու­նաս­տա­նի դէմ: ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս ընդգ­ծեց՝ ­Յու­նաս­տան պատ­րաստ է եւ կը փա­փա­քի կա­ռու­ցո­ղա­կան երկ­խօ­սու­թիւն սկսիլ ­Թուր­քիոյ հետ՝ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի շրջա­նա­կէն ներս, նաեւ պատ­րաստ է պաշտ­պա­նել ի­րեն ու իր ի­րա­ւունք­նե­րը:
Ա.Գ. նա­խա­րար­նե­րը քննար­կած են նաեւ ­Կով­կա­սի մէջ անվ­տան­գու­թեան մար­տահ­րա­ւէ­րը:
«­Մեր դիր­քո­րո­շու­մը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­բե­րեալ կը մնայ ան­փո­փոխ, մենք կ­՚ա­ջակ­ցինք խա­ղաղ, փո­խա­դարձ ըն­դու­նե­լի լու­ծում­նե­րու հաս­նե­լուն՝ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի շրջա­գի­ծէն ներս: ­Մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քը «­Սուրբ կտա­կա­րանն է» մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մար: ­Սա­կայն ան ընդգ­ծեց, որ լու­ծում­նե­րը եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը չեն կրնար կա­ռու­ցո­ւիլ այն պայ­ման­նե­րուն մէջ, երբ կայ ու­ժի կի­րարկ­ման սպառ­նա­լիք: ­Յու­նաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ ա­ջա­կիլ երկ­կող­մա­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը սկսե­լուն: ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս ա­ւել­ցուց, թէ ­Յու­նաս­տան կը հա­ւա­տայ, որ մար­դա­սի­րա­կան խնդիր­նե­րը պէտք է լու­ծո­ւին ան­յա­պաղ, մար­դա­սի­րա­կան ի­րա­ւուն­քը պէտք է յար­գո­ւի:


Հան­դի­պում ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան հետ

 ­Վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան ըն­դու­նած է ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:
­Վար­չա­պե­տը ող­ջու­նած է յոյն նա­խա­րա­րի այ­ցե­լու­թիւ­նը Ե­րե­ւան եւ նշած է հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ու­ժեղ զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը նոր ազ­դակ  պի­տի հա­ղոր­դէ երկ­կող­մա­նի գոր­ծակ­ցու­թեան:
­Միա­ժա­մա­նակ, ան ընդգ­ծեց ­Նիւ Եոր­քի մէջ կա­յա­ցած ­Հա­յաս­տա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի Ա.Գ. նա­խա­րար­նե­րու ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը միա­սին դի­մագ­րա­ւե­լու, տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս կա­յու­նու­թիւն եւ խա­ղա­ղու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու, ինչ­պես նաեւ տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ընդ­լայ­նե­լու ա­ռու­մով: ­Վար­չա­պե­տը յոյս յայտ­նեց, որ բարձր մա­կար­դա­կի փո­խայ­ցե­լու­թիւն­նե­րը պի­տի կրեն շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ:
­Նի­քոս ­Տեն­տիաս նշած է, որ ­Յու­նաս­տան եւս մե­ծա­պէս կը կա­րե­ւո­րէ ­Հա­յաս­տա­նի հետ բազ­մա­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան զար­գա­ցու­մը: Ան նշած է, որ ­Նիւ Եոր­քի մէջ կա­յա­ցած ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մը ե­ղած է ար­դիւ­նա­ւէտ ու քննար­կում­նե­րը այդ ձե­ւա­չա­փով պի­տի ու­նե­նան շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ:
­Յու­նաս­տա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րին հա­մա­ձայն՝ յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն ի­րար կը կա­պէ դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ ի­րենք յանձ­նա­ռու են երկ­կող­մա­նի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բարձ­րաց­նել նոր մա­կար­դա­կի:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը միտ­քեր փո­խա­նա­կե­ցին ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րու վե­րա­բե­րեալ: ­Վար­չա­պետ ­Փա­շի­նեան ման­րա­մասն անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րած­քի նկատ­մամբ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րուն: Ան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ատր­պէյ­ճա­նա­կան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու դուրս­բեր­ման եւ նոր յար­ձակ­ման թոյլ չտա­լու ա­ռու­մով ընդգ­ծած է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­մար­ժէք ար­ձա­գան­գի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:
­Վար­չա­պե­տը նաեւ անդ­րա­դար­ձած է տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս փո­խադ­րա­կան են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու ա­պաշր­ջա­փակ­ման, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ սահ­մա­նա­զատ­ման շուրջ ­Հա­յաս­տա­նի դիր­քո­րո­շում­նե­րուն:
­Նի­քոս ­Տեն­տիաս ա­ւել­ցու­ցած է, որ ­Յու­նաս­տան պի­տի ներդ­նէ բո­լոր ջան­քե­րը՝ նպաս­տե­լու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու եղ­բայ­րա­կան ­Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման: