Հայաստանի Ազգային Գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքին մէջ բացուած է գրատպութեան թանգարան, որ կը ներկայացնէ հայ տպագրութեան անցած ճանապարհը,- կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»:
Թանգարան հիմնելու գաղափարը ծնած էր դեռ 2012ին, երբ կը նշուէր հայկական գրատպութեան 500ամեակը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ Երեւանը հռչակած էր «գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք»:
Թանգարանի բացման ներկայ գտնուած է մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:
Վեց ցուցասրահներու մէջ ներկայացուած են նախագրային շրջանէն մինչեւ ժամանակակից տպագրութիւն հայոց ուղին: Մեծ ցուցասրահ յատկացուած է հայ գրատպութեան «առաջնեկներուն». այցելուները կրնան տեսնել 1512 թուականին Վենետիկի մէջ հրատարակուած հայատառ առաջին գիրքը` «Ուրբաթագիրք»ը, առաջին Աստուածաշունչը` լոյս տեսած 1666ին Ամսթերտամի մէջ, առաջին ամսագիրը` Մադրասի մէջ տպագրուած «Ազդարար»ը: Ներկայացուած է նաեւ ամբողջութեամբ հայատառ առաջին քարտէսը` «Համատարած աշխարհացոյց»ը:
Թանգարանին մէջ կը ներկայացուին հայկական գրատպութեան խոշոր կեդրոնները:
Եւրոպական երկիրներու, Անդրկովկասի, արեւելքի, պատմական Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ տպարաններ կը բացուէին, հայերէն տառեր կը ձուլուէին ու գիրքեր կը հրատարակուէին:
«Կարեւոր ցուցանմոյշներ ունինք: 1848 թուականին Շամախի` ներկայիս Ատրպէյճանի տարածքին, երեք հայ ընկերներ տպարան հիմնած են: Առաջին հրատարակութիւնը չունինք, բայց կայ 1851 թուականին տպագրուած «Գիտութիւն շնորհաց»ը: Այդ տպարանին մէջ բաւական շատ հայերէն գիրքեր տպագրուած են»,- ըսած է Ազգային Գրադարանի փոխ-տնօրէն Հայկանոյշ Ղազարեան:
Սրահներէն մէկուն մէջ ներկայացուած են գրահրատարակչական արհեստագիտական միջոցներու զարգացման փուլերը` տպագրական հաստոցներէն մինչեւ ժամանակակից կրիչ սարքերը:
«Տպագրական երկու եզակի մեքենաներ ունինք, մօտ 100 տարեկան են` մէկը արտադրուած է Խորհրդային Միութեան մէջ, միւսը՝ գերմանական է: Մեր տպարաններէն ձեռք բերած ենք, հազիւ կրցած ենք փրկել. որպէս մետաղի ջարդօն կ՛օգտագործեն»,- ըսած է Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան:
Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մամուլի եզակի նմոյշներ, ազգային փոքրամասնութիւններու Հայաստանի մէջ տպագրուող մամուլի օրինակներ:
Ցուցանմոյշներու հիմնական մասը վերցուած է հայատառ տպագիր նիւթի ամենամեծ պահոցի` Ազգային գրադարանի հաւաքածոներէն:
Երեւանի մէջ բացուած է գրատպութեան թանգարան
Երեւանի մէջ բացուած է գրատպութեան թանգարան