Ե­րեք­շաբ­թի՝ 23 ­Յու­նո­ւար 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­թէն­քի ­Քա­փո­տիսթ­րիա­քօ հա­մալ­սա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ եւ ներ­կա­յիս հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի «­Նէա ­Տի­մոք­րա­թիա» կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան ­Թէո­տո­րոս ­Ֆոր­ցա­քիս այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ ­Յու­Նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նին, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան — Ա­թէնք։ Ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ էր Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան։ Պրն. ­Ֆոր­ցա­քիս, ո­րուն կ­’ըն­կե­րա­նար ա­նոր գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տուն, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց, որ ըն­դա­ռա­ջե­լով իր փա­փա­քին՝ ա­ռի­թը տրո­ւե­ցաւ ի­րեն ծա­նօ­թա­նա­լու եւ շնոր­հա­ւո­րե­լու յու­նա­հա­յոց թե­մին նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց շնոր­հա­ւո­րա­կան ազ­նիւ տրա­մադ­րու­թեան հա­մար եւ, ա­պա, ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կան կա­ռոյ­ցը եւ ներ­կա­յիս դի­մագ­րա­ւած հիմ­նա­կան հար­ցե­րը։ Այ­ցե­լու­թիւ­նը նաեւ ա­ռիթ ե­ղաւ պրն. ­Ֆոր­ցա­քի­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու ­Հա­յաս­տա­նի մա­սին՝ նշե­լով, որ մե­ծայ­քայլ զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րած է այն թո­ւա­կա­նէն (1994էն) աս­դին, երբ պրն. ­Ֆոր­ցա­քիս այ­ցե­լած էր ­Հա­յաս­տան որ­պէս Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան կող­մէ գոր­ծուղ­ղո­ւած փոր­ձա­գէտ։ Զ­բօ­սաշր­ջու­թեան ար­ձա­նագ­րած ա­ճին ի տես՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը եւ պրն. ա­տե­նա­պե­տը փա­փա­քը յայտ­նե­ցին, որ ­Յու­նաս­տա­նէն եւս դէ­պի ­Հա­յաս­տան զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը քա­ջա­լե­րո­ւի։
Պրն. ­Ֆոր­ցա­քիս այ­ցե­լեց նաեւ «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ մայր ե­կե­ղե­ցին։