­Մեր նա­խորդ թի­ւե­րով հա­ղոր­դած էինք, թէ ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ ե­րես­փո­խան ­Ժի­րայր ­Ռէի­սեան մաս­նակ­ցած էր ­Յու­նաս­տա­նի ­Գոր­ֆու կղզիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջազ­գա­յին ուղ­ղա­փառ խորհր­դա­րա­նա­կան միու­թեան եր­կօ­րեայ ժո­ղով­նե­րուն։ ­Յա­տուկ զե­կոյ­ցով մը, ­Ժի­րայր ­Ռէի­սեան լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ ­Թուր­քիոյ բռնա­րարք­ներն ու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին վա­րած զաւ­թիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը դրա­ցի եր­կիր­նե­րու նկատ­մամբ՝ ­Կիպ­րո­սէն մին­չեւ ­Սու­րիա, ա­պա Ար­ցախ։ ­Դէ­պի ­Սու­րիա վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն վրայ, Եր­կու­շաբ­թի՝ 13 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ­Ժի­րայր ­Ռէի­սեան կարճ ժա­մա­նա­կով գտնո­ւե­ցաւ Ա­թէնք եւ հան­դի­պու­մի ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէին եւ «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րու­թեան հետ։
­Յար­գե­լի հիւ­րը հան­գա­մա­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն ու իր մաս­նակ­ցու­թեան, ա­պա զրոյ­ցը ծան­րա­ցաւ ­Սու­րիոյ հայ գա­ղու­թի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին եւ ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րուն վրայ։
Ան յայտ­նեց, թէ ան­ցեա­լի ա­նա­պա­հով պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կը, որ կը տի­րէր հա­լէ­պա­հա­յու­թեան մօտ մին­չեւ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, շրջան­ցո­ւած է շնոր­հիւ պե­տու­թեան եւ բա­նա­կի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն։ ­Սա­կայն ռազ­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կը փո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ տնտե­սա­կան պա­տե­րազ­մով ու զա­նա­զան սեղ­մում­նե­րով։ Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին վրայ բա­ւա­կան ծանր կը կշռէ, ո­րով­հե­տեւ տնտե­սա­կան տագ­նա­պը տա­րա­ծո­ւած է ամ­բողջ երկ­րին մէջ եւ կ­՚ազ­դէ իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցիի վրայ։ ­Տար­րա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու ա­լի­քին մէջ գո­յու­թիւն ու­նի վա­ռե­լա­նիւ­թի տագ­նապ, սղա­ճը հա­մա­տա­րած ճնշում­ներ կը գոր­ծէ, իսկ երկ­րի ըն­թեր­քը գտնո­ւող ու­ժա­նիւ­թը կը գտնո­ւի զա­նա­զան օ­տար բա­նակ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ։ Ու­ժա­նիւ­թի տագ­նա­պը կը պատ­ճա­ռէ նաեւ շու­կա­յի մէջ ապ­րանք­նե­րու, սննդե­ղէ­նի եւ ա­մէ­նօ­րեայ կա­րիք­նե­րու ա­հա­ւոր սղաճ։ ­Միւս կող­մէն ե­կա­մուտ­նե­րը զգա­լիօ­րէն նո­ւա­զած են։
­Խօ­սե­լով սու­րիա­հայ գա­ղու­թի մա­սին, ան յայտ­նեց թէ հա­մայն­քի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կը մնան սահ­մա­նա­փակ, թէ­կուզ ար­տա­սահ­մա­նէն ա­մէն տե­սա­կի օգ­նու­թիւն կը հաս­նի, սա­կայն այն բա­ւա­րար չէ հո­գա­լու հսկայ կա­րիք­նե­րը։ ­Հա­կա­ռակ այս բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, հա­մայն­քը կը շա­րու­նա­կէ աշ­խուժ ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան կեանք ու­նե­նալ ու չյանձ­նո­ւիլ կա­ցու­թիւն­նե­րուն։ ­Գա­ղու­թը կը պա­հէ իր գոյ­նը եւ բնոյ­թը, հա­կա­ռակ ար­տա­գաղ­թին եւ հա­յու­թեան թի­ւի նօս­րա­ցու­մին։
­Յա­տուկ անդ­րա­դարձ ե­ղաւ յու­նա­հայ ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ՝ ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Սու­րիոյ գա­ղութ­նե­րու զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­գա­նա­կու­թեան։