Ե­րեք­շաբ­թի, 26 ­Յու­լի­սին, պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Յու­նաս­տան գտնո­ւող գա­նա­տա­հայ ե­րես­փո­խան ընկ. Ա­րիս ­Պա­պի­կեան այ­ցե­լեց «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը եւ շա­հե­կան զրոյց մը ու­նե­ցաւ։
Ա­րիս ­Պա­պի­կեան ­Գա­նա­տա­յի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ է, ինչ­պէս նաեւ իր մեծ մայ­րը՝ մօր կող­մէ ծա­գու­մով պոն­տա­ցի ե­ղած է։ Ան ­Յու­նաս­տան գտնո­ւե­ցաւ աշ­խար­հի վրայ յու­նա­կան ծա­գու­մով 93 այլ ե­րես­փո­խան­նե­րու հետ, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­պէս հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թեան կող­մէ։ Ան ան­դամ է ­Հա­մաշ­խար­հա­յին յու­նա­կան միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան միու­թեան եւ այս հան­գա­ման­քով ալ ան մաս կազ­մեց ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րին։
Ա­րիս ­Պա­պի­կեան խօ­սե­ցաւ ի­րենց ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն մա­սին, նշե­լով ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տին հետ հան­դի­պու­մը, ինչ­պէս նաեւ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ այլ քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ, ո­րոնց ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւե­ցան եւ քննո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի հետ առն­չո­ւած մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րը եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։
Ա­նոնք նաեւ ա­ռի­թը ու­նե­ցան մաս­նակ­ցե­լու յա­տուկ հա­մա­գու­մա­րի մը ­Քաս­թե­լո­րի­զօ եւ ­Ռո­տոս կղզի­նե­րը, ներ­կա­յու­թեամբ օ­տար դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ ա­կա­դե­մա­կան ան­ձե­րու։ Գլ­խա­ւոր խօ­սողն էր ­Յու­նաս­տա­նի նախ­կին նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս։
Ընկ. Ա­րիս ­Պա­պի­կեան նաեւ ե­ղած է ­Գա­նա­տա­յի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­ռա­ջին վա­րիչ տնօ­րէ­նը։ Այս ա­ռի­թով, ան շա­հե­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ ­Գա­նա­տա­յի մէջ ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին, նշե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­սա­ւան­դու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը երկ­րի վար­ժա­րան­նե­րէն ներս։ Ան նշեց, թէ յանձ­նա­խում­բի ու ա­նոր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու աշ­խա­տան­քը բազ­մա­մա­կար­դակ է, ընդգրկե­լով քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան շփում­ներ, ինչ­պէս նաեւ թուրք եւ ա­զե­րի շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ հա­կա­հայ շար­ժում­նե­րը կա­սեց­նե­լու աշ­խա­տանք­ներ։ ­Յանձ­նա­խում­բի գլխա­ւոր հե­տապն­դու­մե­րէն մէ­կը ե­ղած է թրքա­կան ա­նօ­դա­չու սար­քե­րուն հա­մար գա­նա­տա­կան մաս­նիկ­նե­րու վա­ճար­ման ար­գի­լու­մը։
Ան նաեւ գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ե­րե­ւա­նի մէջ ­Գա­նա­տա­յի կող­մէ դես­պա­նա­տուն հաս­տա­տե­լու ծրա­գի­րին մա­սին։