Հինգշաբթի՝ 25 Յունուար 2018ի կէսօրուան ժամը 2։00ին, համայն Յունաստանի «Նէա Տիմոքրաթիա» կուսակցութեան երեսփոխանուհի Օլղա ՔէՖալողիանի այցելութիւն տուաւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանին՝ Ազգային Առաջնորդարան, Աթէնք։ Ընդունելութեան՝ Ազգային Վարչութենէն ներկայ էին ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ տիկ. Արաքսի Աբէլեան։
Տիկին ՔէՖալողիանի շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ընդառաջելով իր փափաքին՝ իրեն առիթը տրուեցաւ ծանօթանալու եւ շնորհաւորելու յունահայոց թեմին նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին։
Խօսելով Յունաստանի հայոց թեմին մասին՝ Առաջնորդ Սրբազանը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց թեմին կառոյցն ու գործունէութիւնը։ Տիկ. ՔէՖալողիանի՝ անդրադառնալով յունահայ համայնքի դրական ներկայութեան Յունաստանէն ներս, հետաքրքրուեցաւ առհասարակ համայնքը յուզող հարցերու ներկայ վիճակով, որոնց մասին զեկոյց տուաւ պրն. Պօղոս Չոլաքեան՝ գլխաւորաբար շեշտելով ազգային վարժարաններու եւ ուսուցիչներու տնտեսական դժուարութեանց մասին, յուսալով որ պետութեան մօտ եղած օժանդակութեան դիմումները հարկ եղած արդիւնքը կու տան։ Նաեւ՝ պրն. Ատենապետը երեսփոխանուհիին ուշադրութեան յանձնեց Աթէնքի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ դիմագրաւած անհրաժեշտ վերանորոգման աշխատանքներու պարագան։
Առաջնորդ Սրբազանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով յարգելի հիւրին, յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ Յունաստանի քաղաքական թէ հասարակական կեանքի գործունէութեան մէջ։
Երեսփոխանուհի Օլղա Քէֆալողիանի այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին
Երեսփոխանուհի Օլղա Քէֆալողիանի այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին