«Երեխան Հայաստանին քամիները» գիրքին ներկայացումը

0
109

19 Դեկտեմբերին, տօնական օրերու շեմին, «Միթրոփոլիթիքօ» գոլէճի սրահէն ներս, «Քալետիս» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գործակցութեամբ տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ գրագէտ Արթուրօ Ալեքսանեանի գիրքի ներկայացումը` «Երեխան Հայաստանին քամիները» խորագիրով։
Ընդառաջելով հրաւէրին, ներկայ եղաւ գրող Աննա Փափասթաւրու՝ վէպի թարգմանիչը իտալերէնէն, որ նաեւ ողջունեց ելոյթը։ Նախագահեց լրագրող Մաքիս Փրովաթաս, որ յիշեցուց, թէ հայերը եղան առաջին քրիստոնեայ ազգը, Բիւզանդական Կայսրութենէն առաջ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէն ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան նշեց, որ «նոր ցեղասպանութեան մը վտանգի տակ կ՚ապրինք», նկատի ունենալով արցախահայութիւնը, որ կը շարունակէ մնալ շրջափակման մէջ։ Համազգայինի անունով, փաստաբան տիկին Նեկտար Նելլի Վարժապետեան անդրադարձաւ`«չմոռնանք մեր պատմութիւնը, որպէսզի կարողանանք դիմագրաւել պայմանները. պատմութիւնը կը կրկնուի»։
Տիմոսթենիս Տաւեթաս, գրող, փիլիսոփայութեան դասախօս, կերպարուէստի հեղինակ, բարձր գնահատեց գիրքը, թէ՛ կառուցման թէ՛ բովանդակութեան տեսակետով, ներշնչելով կեանքի մնայուն նուրբ արժէքները` տեղահանութեան յուշերու մէջէն մեծահասակի իմաստութիւն, ապրելու համար պայքար, ընտանիք։ Յոյզերն ու ապրումները կը մօտեցնեն հայերուն եւ յոյներուն, նաեւ` լոյսի ճանապարհ կը բանան պոնտացիներու պահանջատիրութեան համար։ Ներքին «ես»-ի հետ անկեղծ հաղորդակցութիւնը համեմատելի է յոյն հանրածանօթ Քավաֆիս բանաստեղծի գործին հետ։ Ապրելով հայկական միջավայրի կողքին, հաստատեց, որ հայերը, յոյները եւ հրեաները «աշխարհի քաղաքացիներ են»։
Գիրքը կը սկսի Աւարայրի ճակատամարտէն եւ նման պատմուածքներէ, որոնց մասին Արթուրոն լսած է ծնողքէն ու դպրոցէն։
Ցեղասպանութեան օրերուն` մայրն ու մեծ մայրը կը փրկուին թուրք զինուորականի մը օգնութեամբ. Պանտըրմայի նաւահանգիստէն կը սկսի երկար ճամբորդութիւնը դէպի Պոլիս, Վենետիկ ու Ֆրանսա։
Գրողը կը ծնի Կրենոպլ, կը յաճախէ Վենետիկի միաբանութեան վարժարանը ապա կ՚ուսանի Հռոմ ու Պոլոնիա, աւարտելով Արդիւնաբերական քիմիագիտութեան ճիւղը։ Կ՚աշխատի Ալճերիա, Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, զանազան եւրոպական ու Միջին Արելքի երկիրներ, յանգելով Իտալիոյ Ֆիրենզէ քաղաքը, ուր կը զբաղուի նաեւ բնական մթնոլորտի խնդիրներով։ Սակայն` դառնալով «կոզմոպոլիտ», աւելի կը մօտենայ իր հայկական արմատներուն, ազգային վէրքերուն, փնտրելով հանդերձ «թաղուած նաւահանգիստը»։
«Երթալու փոխարէն հոգեբաններուն քով, նախընտրեցի գիրք գրել», նշեց գիրքի ներկայացման ընթացքին։ Վէպը յարմար է ընթերցման ամէն տարիքի համար, մանաւանդ երիտասարդութեան կողմէ։ Ելոյթին՝ ողջոյնի խօսքերով նաեւ հանդէս եկան տոքթ. Իորտանիս Փափատոբուլոս ու Ռոբերթ Փեֆանի՝ քոլէճին կողմէն, Ֆրանչեսքօ Ների՝ իտալական Կրթական ինսթիթութի տնօրէն։ Ձեռնարկի յայտագիրի մթնոլորտը ճոխացուց երաժիշտ Ստեփան Թէքիրեան` «Արմինիան սուիթ», «Քելէ քելէ , «Բարի արագիլ», «Եար քոյ բարակ» եւ «Պինկէօլ» գեղեցիկ երգերով։

Համազգայինի թղթակից`
Ժագ Տամատեան