Կան պահեր, երբ բառերը ի վիճակի չեն արտայայտելու մարդկային զգացումներու պատումը հայկական մեղեդիներու դիւթիչ ներկայացումի մը ընթացքին։
Այսպիսի պահեր ապրեցան բոլոր անոնք, որոնք Շաբաթ՝ 7 Մարտ 2020ի երեկոյեան ներկայ գտնուեցան Աթէնքի երաժշտանոցը, մօտէն ըմբոշխնելու համար օփերայի յունահայ տաղանդաւոր երգչուհի Սիրան Չալըքեանի համերգը։
Ելոյթ մը, որ իր «10 դարերու հայ երգ» խորագիրով անմահացուց հայ երաժշտութեան բազմադարեայ ստեղծագործութիւնները, Սիրան Չալըքեանի այնքա՜ն հմայիչ, այնքա՜ն անուշ, իր հոգիի խորերէն եկող կախարդական ձայնով։ Սիրանին կ՚ընկերակցէր իր կեանքի ընկերը, իր կողակիցը, համբաւաւոր դաշնակահար եւ երաժշտագէտ Եորղոս-Իուլիոս Փափատոփուլոս։
Բեմին վրայ, երկու արուեստագէտները, յատուկ բծախնդրութեամբ պատրաստուած եւ իւրաքանչիւր երգին պատշաճեցուած բեմականութեամբ, ներկայացուցին 17 երգեր, քաղուած միջնադարու ստեղծագործութիւններէն, հասնելով մինչեւ 20րդ դարու ծանօթ գոհարները։
Սիրան Չալըքեանի հնչեղ ձայնով եւ Եորղոս Փափատոփուլոսի դաշնակի մեկնաբանութեամբ Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, Սայեաթ Նովան, Կոմիտասը, Կանաչեանը, Մելիքեանը, Չուխաճեանը, Խաչատուրեանն ու Տիգրանեանը, մէկ առ մէկ, տողանցեցին հանդիսատեսներուն առջեւ։
Հայ շարականներու քաղցրահնչիւն մեղեդիներու ստեղծած խորհրդաւորութենէն ետք, ահա հասաւ Կոմիտաս իր ժողովրդային երգերով՝ ցոյց տալու հայրենի գիւղի ու գեղջուկ հայի արուեստը։ Կանաչեան իր նրբահիւս երաժշտութեամբ օրօրեց հանդիսատեսի ներքնաշխարհը։ Մելիքեանի եւ Չուխաճեանի հայադրոշմ ձայնեղանակները այնքա՜ն հարազատ կերպով երանգաւորեցին օրուայ յայտագիրը։ Վրայ եկաւ Խաչատուրեանի «Հայաստանի կարմիր գինին», որ մեծ երաժիշտի գլուխ գործոց երգերէն է, իսկ աւարտին, Սիրան Չալըքեան մարմնաւորեց Տիգրանեանի Անուշ հերոսուհին, որ իր սիրահարի մահէն ետք, կը խելագարուի անտառին մէջ։ Վերջին երգով, Սիրան արտայայտեց իր բացառիկ տաղանդի ամբողջ էութիւնը՝ պահ մը մեզ տանելով հայրենի աշխարհի բնութեան մէջ, զուլալ ջուրերուն մօտ, հայոց լեռներուն վրայ, ուր դարեր շարունակ հնչեց հայ մեղեդին, ապրեցաւ հայու ստեղծագործ ոգին ու մշակոյթը։
Ելոյթի աւարտին, ներկաները ոտքի կանգնած, շարունակական ծափահարութիւններով եւ բացագանչութիւններով գնահատեցին երկու արուեստագէտներու ելոյթը, որ անվարան կարելի է ըսել, թէ երկար տարիներու սահանքին մէջ, բացառիկ էր թէ՛ իր բեմանակացուած պատրաստութեամբ եւ թէ՛ Սիրան Չալըքեանի անթերի, զգայացունց ու բոլորիս հոգեկան բաւարարութիւն առթող այտայայտչականութեամբ։
Ելոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Հ.Հ. դեսպանութեան խորհրդական Բաւէլ Բժիկեան, «Համազգային»ի Շրջ. վարչութիւնը, յունահայ համբաւաւոր երգչուհի Ծաղիկ Գազանճեան, դաշնակահարուհի Նունէ Տօնիկեան, հայ եւ մանաւանդ յոյն բազմաթիւ երաժշտասէրներ, որոնց համար բացառիկ ուրախութիւն եղաւ վայելել Սիրան Չալըքեանի եւ Եորղոս-Իուլիոս Փափատոփուլոսի կողմէ հայ երգի պանծացումը։
Կը մնայ շնորհաւորել տաղանդաւոր երգչուհի Սիրան Չալըքեանը, անոր մաղթելով անսպառ ձայն, ինչպէս նաեւ նորանոր յաջողութիւններ Յունաստանի ու միջազգային բեմերուն վրայ։
Ք.