Ուրբաթ՝ 22 Նոյեմբեր 2019ի, Ալեքսանտրուպոլսոյ «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առին եկեղեցւոյ երգչախումբի փորձերը։ Սոյն փորձերը կը կատարուին ղեկավարութեամբ Արտաւազդ վրդ. Շարոյեանի։ Փորձերը հետեւեալ նպատակները կը հետապնդեն.- ա) Եկեղեցին աւելի կազմակերպ եւ առողջ պայմաններու մէջ պահել եւ բ) Համայնքէն ներս հետաքրքրութիւն եւ աշխուժութիւն ստեղծել եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական կեանքին հանդէպ։
Հայր սուրբը առաջին հերթին, անդամներուն խօսեցաւ եկեղեցւոյ կեանքի կազմակերպման մասին՝ ըսելով, թէ ինչպէս մենք որպէս ծնողներ պարտականութիւն ունինք մեր տուները եւ ընտանիքները առաւել եւս շէնցնելու եւ պայծառացնելու, նոյնպէս որպէս այս եկեղեցւոյ զաւակները պարտաւոր ենք զայն կանոնաւորելու եւ հարստացնելու մե՛ր մասնակցութեամբ եւ երգեցողութեամբ։
Այս առիթով, հայր սուրբը նաեւ առաջարկեց անոնց, որոնք նաեւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներ են, որ տօնական այս օրերուն մեր ժողովուրդի զաւակները եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելով՝ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեն։ Անդամները մեծ ուրախութեամբ ընկալեցին հայր սուրբին փոխանցած պատասխանատուութիւնները, որոնք յառաջիկային պիտի ծաղկեցնեն իրենց նուիրական ծառայութեամբ։
ԹՂԹԱԿԻՑ