«Երգն ­Հա­յաս­տա­նի»

(Ա­ւան­դու­թիւն)

­Սօս ­Վա­նի

Այն ա­տեն, Ա­րա­րատ լե­ռը իր ան­տառն ու­նէր…:

­Լեռն ու ան­տա­ռը մե­նաս­տանն էին կեն­սու­րաց ի­մաս­տուն­նե­րու: Ա­ղօթ­քի, խուն­կի եւ մա­գա­ղա­թի հոտ: Ա­պաշ­խա­րան­քի ե­ղէգ­նու­տին կը փաթ­թո­ւէր մարդ­կա­յին ի­մաս­տու­թեան Ար­շա­լոյ­սը:

­Ծա­ղիկ­ներն ու բոյ­սե­րը կ­’ա­ճէին օրհ­նու­թեան նո­ւի­րա­կան ջաղ­բո­վը: ­Վե­րէն վար պա­տա­րագ կը բու­րէր, ու լե­ռը կը բարձ­րա­նար ան­հու­նու­թեան հա­սակն ի վեր՝ դի­տե­լու հա­մար մար­գա­րէու­թեան մեծ­վա­յել­չու­թիւ­նը, հրաշք­նե­րու հա­ւա­տա­բոյր գա­հին վրայ բազ­մած:

Ա­րա­րա­տի վրայ իջ­նող ցօ­ղը վեշ­տա­սա­նա­մեայ աղջ­կայ մը ժպի­տին պէս պայ­ծառ էր եւ քնքշու­թեամ­բը մեր ման­կա­միտ ձո­րե­րու անն­ման Աղբ­րանց-Ա­րու­նին: ­Հոն՝ անձ­րե­ւը ա­րո­ւես­տին յոր­դու­թեան յոյ­զը ու­նէր, եւ ե­ղեա­մը՝ ա­մե­նէն ըն­տիր մարգ­րիտ­նե­րու կը նմա­նէր:

­Քաղ­քե­նի կեան­քը ան­ծա­նօթ մնաց լե­րան եւ իր ան­տա­ռին, քան­զի հոն ա­պաս­տան գտնող մար­դը ար­հա­մար­հեց նիւ­թը եւ միայն հո­գի­նե­րու տա­ճա­րա­դու­ռը փնտռեց…: Ատ­կէ էր, որ մարմ­նա­կան ցա­ւը չմտաւ հոն, քէնն ու ա­տե­լու­թիւ­նը չպղծե­ցին ճամ­բա­նե­րը տե­սիլ­քին, եւ վա­յել­քը չցնցեց մար­մի­նը…:

Կ­՚ը­սեն՝

«Այն­քան ա­տեն որ տե­ւեց ան­շօ­շափ հա­ճոյ­քը աս­տո­ւա­ծա­փառ այս ան­կիւ­նին, թռչուն­նե­րը տա­րին եր­կու ան­գամ թուխ­սի նստան, ու ծա­ղիկ­նե­րը՝ ա­մէն առ­տու, նո­րոգ հա­մայ­նա­պատ­կեր­նե­րու հա­մար՝ տար­բեր գոյն ու բոյր սփռե­ցին: Եղ­նիկ­նե­րու եր­կուն­քը իր տագ­նա­պը չու­նե­ցաւ, ու ա­ռո­ւակ­նե­րը՝ ի­րենց ջղա­յին հեծ­քը…: Աստ­ղե­րը մօտ էին տա­նիք­նե­րուն, դաշ­տե­րու մէջ աս­տո­ւած­ներ կը բնա­կէին, լեռ­նե­րու վրայ պա­րիկ­նե­րը սէր կը ցա­նէին, եւ ա­րե­ւուն հետ՝ ա­մէն օր խա­ղա­ղու­թիւ­նը կը հո­սէր…:

­Հի­մա անհ­րա­պոյր է Ա­րա­րա­տը եւ դո­ղուն:

Ա­ռաս­պե­լա­կան սուգ մը հոն իր դիւ­ցազ­նու­թիւ­նը ու­նի, հիւ­սո­ւած ցա­ւով ու ար­ցուն­քով: Ա­մէն գի­շեր, զա­ռամ ու ճպռոտ աչ­քե­րով կնոջ մը պէս, ո­գի մը դուր կ­’ել­լէ, կը պտը­տի սա­ռոյ­ցի եւ ձիւ­նի ե­ղուր­ջին վրայ, կու լա՜յ, ա­նոր ար­ցուն­քը ար­ջաս­պի պէս այ­րող է, վա՜յ այն բոյ­սին ու ծա­ղի­կին, ծա­ռին ու թու­փին, ո­րուն վրայ ան­կէ կա­թիլ մը կ­’իյ­նայ, քան­զի կը մրկէ, կ­’այ­րէ զա­նի­կա:

­Վեց դա­րե­րու մէջ բո­վան­դա­կո­ւող տա­րի­նե­րու համ­րան­քին չափ՝ մեթր առ մեթր, ձիւ­նի շեր­տե­րը կը բար­դո­ւին ի­րա­րու վրայ, կը բարձ­րա­նան մին­չե՜ւ եր­կին­քը: ­Բե­ռը ծա՜նր է ու ճնշիչ, Ա­րա­րա­տը օգ­նու­թիւն կը հայ­ցէ, լոյս ու ջեր­մու­թիւն կը փնտռէ:

Հս­կայ լե­ռը՝ իր հսկա­յու­թեան մէջ կը կծկտի ու կը սմքի՜, կը պզտիկ­նայ ու կը տքայ…:

— Օգ­նու­թի՜ւն, օգ­նու­թի՜ւն:

­Դէ­մէ՜ն, Այ­րա­րա­տեան ­Դաշ­տին միւս ծայ­րէն՝ «­Լու­սա­ւոր­չի կան­թե­ղը» կը շարժլտ­կի, կը պլպլայ, Ա­րա­գա­ծը կը քա­լէ կար­ծես, օգ­նե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի յա­ւի­տե­նա­կան լեռ­նա­հօր, ­Մեծն Ա­րա­րա­տին:

Ա­րա­գած.- Ա­րա­րա՜տ:

Ա­րա­րատ.- ­Հոս ե՜մ: (Տ­խուր ու շնչատ):

Այ­րա­րա­տեան սրբա­համ դաշ­տը, Ե­րե­ւա­նի հա­սուն եւ սա­թի քաղցր գոյ­նով դեղ­ձին պէս կը ճմլո­ւի եր­կու հսկա­նե­րու մէջ­տե­ղը. ­Կը բա­ցո­ւին ա­կե­րը մեր հո­ղին՝ կնոջ մը ստին­քին կաթ­նա­ծոր խո­ռոչ­նե­րուն պէս: ­Գե­տե­րը խռո­վա­լից կը վա­զեն, բայց՝ ա­մե­նէն տագ­նա­պա­լից ցա­ւը Ա­րաք­սինն է, որ իր մսու­րէն փա­խած ե­րի­վա­րին պէս սրըն­թաց կ­’ար­շա­ւէ..:

Ա­րա­գած.- Ա­րա­րա՜տ:

Ա­րա­րատ.- Ալ հի՜ն օ­րե­րու Ա­րա­րա­տը չեմ…, մոռ­ցէ՛ք զիս: Ար­հա­մար­հե­ցէք ոյ­ժին գե­րա­կա­յու­թիւ­նը, եւ ու­րա­ցէ՛ք տի­րա­պե­տու­թեան յա­ւի­տե­նա­կան ա­ռաս­պե­լը: ­Կորսն­ցու­ցած եմ ջրհե­ղե­ղեան փառ­քիս ու­լունք­նե­րը: ­Հի­մա ա­ղօտ է գոյ­նը ­Ծիա­ծա­նին, ա­նոր՝ որ կը յայտ­նա­բե­րէր դա­րե­րէ ի վեր մար­դուն եւ ա­րար­չին մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած խա­ղա­ղու­թեան դա­շին­քը: Այժմ՝ հա­ւատ­քին ա­ւան­դու­թիւ­նը հո­գիիս վէր­քը ծած­կող մշո՜ւշն է, եւ հաշ­տու­թեան աս­տո­ւա­ծա­գիր մա­գա­ղա­թը՝ պա­տանքս հնա­մաշ…:

Ա­րա­գած.- ­Գօ­տեպն­դո­ւէ՛, ո՛վ Ա­րա­րատ, քան­զի դեռ փրկե­լիք բա­ներ մը ու­նիս, ո­րոնց ար­ժէ­քը ա­ւե­լի՜ մեծ է՝ բո­լոր միւս կոր­սո­ւած­նե­րու ար­ժէ­քէն: ­Հայ ցե­ղը հզօ­րու­թեանդ կա­խար­դան­քին կ­’ա­պա­ւի­նի դեռ…, քեզ­մէ զատ՝ ու­րիշ աս­տո­ւած ու խոր­հուրդ չփնտռեց ա­նի­կա: Ա­րիա­ցի՛ր, ա­րիա­ցի՜ր:

Ա­րա­րատ.- Այդ ցե՜­ղը: Ա­նոր հա­մար է, որ կը տա­ռա­պիմ: Ա­ռանց ա­նոր՝ ես չկամ, ու ա­ռանց ին­ծի՝ ան չկայ: Ի՞նչ  եմ ես, ե­թէ հա­յուն սիր­տը դադ­րի բա­բա­խե­լէ. ձորձ ու քո՜ւրձ, հա­սա­րա՜կ բարձ­րու­թիւն եւ ան­խոր­հուրդ ա­նօթ…: Աս­կէ կու գայ ցաւս, տե՛ս, Ար­մա­ւի­րը կու լա՜յ եւ ­Դո­ւի­նը կը տքայ: Ա­կո­ռին կը յօ­շո­տո­ւի թշնա­միէն, ­Վա­ղար­շա­պա­տը կ­’այ­րի, հին մա­տեան մը կը տագ­նա­պի բագ­նե­տան բա­կին մէջ, ­Հա­յոց ­Պատ­մու­թիւն Ա­րաք­սի ա­փը նստած իր ցա­ւը կու­լայ, փառքն ու պար­տու­թիւ­նը զի­րար կը դի­տեն ա­ւե­րա­կի մը մէ­ջէն:

Ա­րա­գած.- Ա­րա­րա՜տ:

Ա­րա­րատ.- Ա­ւան­դու­թեան տա­նի­քէն ե­րեք աստ­ղեր կը կա­խո­ւին ե­րեք խոր­հուրդ­նե­րու պէս:

Ա­րա­գած.- Ի՞նչ, աստ­ղե՞ր:

Ա­րա­րատ.- Ա­ռա­ջի­նը՝ լի­ճե­րուն կը նա­յի:

Ա­րա­գած.- ­Յե­տո՞յ:

Ա­րա­րատ.- Երկ­րոր­դը հա­յոց դաշ­տե­րուն կ­’ուղ­ղէ իր դէմ­քը:

Ա­րա­գած.- Իսկ եր­րո՞ր­դը:

Ա­րա­րատ.- Եր­րոր­դը կը փայ­լի տա­նիք­նե­րու վրայ, գիւ­ղե­րու եւ քա­ղաք­նե­րու վրայ: Ե­րեք գոյն ու­նին ե­րեք աստ­ղե­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գիին ե­րեք խոր­հուրդ­նե­րուն պէս,

Ա­ռա­ջին աստ­ղը կար­միր է: — ­Կո­տո­րած եւ ­Յա­րու­թիւն:

Երկ­րորդ աստ­ղը կա­պոյտ է: — ­Հա­յոց եր­կի՜նք, կա­պոյտ թռչո՜ւն:

Եր­րորդ աստ­ղը նարն­ջա­գոյն է: — Ոս­կի՜ն, հարս­տու­թի՜ւն ­Հա­յաս­տա­նի: Եւ՝ խա­ղա­ղու­թի՜ւն, խա­ղա­ղու­թի՜ւն…:

***

Այն ա­տեն, երբ ձիւն չկար Ա­րա­րա­տի վրայ, լե­րան ա­մե­նէն բարձր մէկ կէ­տին վրայ քա­րան­ձաւ մը կը բա­ցո­ւէր, ի­նը հա­րիւր ին­սուն ի­նը քա­րայր­նե­րու մէջ­տե­ղը:

Ա­նոր ե­րա­խը վիթ­խա­րի թնդա­նօ­թի մը բեր­նին պէս կ­’ուղ­ղո­ւէր Այ­րա­րա­տեան դաշ­տին: Այս քա­րան­ձա­ւին մէջ կ­’ապ­րէր ­Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին ի­մաս­տու­նը՝ իր ա­շա­կեր­տին հետ: Ա­նի­կա ե­րեք ան­գամ ի­նը մա­գա­ղա­թեայ գիր­քեր կար­դաց, սեր­տեց այն բո­լոր գի­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք գրո­ւած էին ի­նը հա­րիւր ին­սուն ի­նը ի­մաս­տուն­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք՝ ապ­րե­ցան ի­նը հա­րիւր ին­սուն ի­նը քա­րան­ձաւ­նե­րու մէջ, ա­ռան­ձին ա­ռան­ձին եւ տար­բեր ժա­մա­նա­կով…:

Այս բո­լոր ի­մաս­տու­թիւն­նե­րը՝ վար­պե­տը սոր­վե­ցուց իր ա­շա­կեր­տին: ­Կը մնար վեր­ջի­նը, ո­րուն վրայ աշ­խա­տած էին բո­լորն ալ, բայց չէին յա­ջո­ղած բա­ցատ­րել: Ա­ւան­դա­կան սո­վո­րու­թեամբ, ա­մէն մէկ ի­մաս­տուն, իր կեան­քի վեր­ջա­մա­սին մէջ, յար­մար դա­տած օր մը, պի­տի կան­չէր իր ա­շա­կեր­տը, ա­նոր պի­տի յայտ­նէր ան­լու­ծե­լի հան­գոյ­ցը եւ պի­տի մեռ­նէր…:

Այս­պէս ալ ը­րաւ հա­զա­րե­րորդ թիւ ի­մաս­տու­նը…:

­Լուս­նակ գի­շեր մը: Ն­շե­նի­նե­րու ծաղ­կու­մին գի­շե­րը: ­Վար­պետն ու Ա­շա­կեր­տը նստած էին ի­րենց քա­րան­ձա­ւին բե­րա­նը, ծաղ­կած նշե­նիի մը տակ:

­Վար­պե­տը՝ պատ­կա­ռազ­դու եւ նեշն­չո­ւած:

Ա­շա­կեր­տը՝ վա­րա­նոտ ու դո­ղա­հար:

Ա­շա­կեր­տը.- ­Տէ՜ր, կը դո­ղա՜մ: ­Ցուր­տէ՞ն է ար­դեօք: ­Հո­գիս եր­կու ծանր քա­րե­րու մէջ­տե­ղը մնա­ցած ձեռ­քին պէս է: ­Ճա­կա­տէս՝ եր­կիւ­ղին հո­վը կ­’անց­նի…: ­Խոր­հուր­դին սար­սու­ռէն մա­զերս կը ցցո­ւին…:

­Վար­պե­տը.- Սր­բա­զան ի­մաս­տու­թեան հովն է որ կը ցնցէ քեզ…: ­Գե­րա­գոյն հա­ղոր­դու­թեան մօ­տե­ցող պա­հը լե­րան փո­թո­րի­կէն ա­հա­ւոր է: ­Հի­մա՝ ներսդ զայ­րա­լից կե­ռայ ջու­րը գի­տու­թեան կաթ­սա­յին, ո­րուն չի՛ կրնար դի­մա­նալ նիւ­թե­ղէն մար­մինդ, եւ ա­սոր հա­մար ալ կը ցնցո­ւի…:

Ա­շա­կե­տը.- ­Վար­պե՜տ, նշե­նիէն ծա­ղիկ մը վար ին­կաւ, ա­հա՛, ա­փիս մէ՜ջ, տե՜ս, վի­րա­ւոր թի­թեռ­նի­կի մը պէս կը դո­ղայ, ար­դեօք մա՞հն է որ կը շար­ժէ զա­նի­կա…:

­Վար­պե­տը.- ­Մա՜­հը, մա՜­հը: ­Հո­գե­վար­քի պա­հուն կը պրկէ ջի­ղե­րը մա­հա­մեր­ձին: ­Բայց մա­հը միայն մար­մի­նը կը ցնցէ, հո­գին՝ զերծ է ա­նոր հա­րո­ւա­ծէն…, իսկ դուն մա­հա­մերձ չես, հե­տե­ւա­բար…:

Ա­շա­կեր­տը.- Ի­մաս­տո՛ւն, կը վախ­նա՜մ: Ն­շե­նիէն՝ ար­ցուն­քի կա­թիլ­ներ ին­կան այ­տե­րուս վրայ:

­Վար­պետ.- ­Հան­դար­տէ՛, վար թա­փո­ւող ծա­ղի­կին հետ՝ ­Ծէ­սին դողն է որ կը շար­ժէ քեզ: Այս գի­շե­րը, իմ վեր­ջին գի­շերն է, քե­զի պի­տի յանձ­նեմ ան­քակ­տե­լի ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը ու պի­տի մեռ­նիմ:

Ա­շա­կեր­տը.- Ա­ռեղ­ծո­ւա՞­ծը:

­Վար­պետ.- Ա­յո՛: ­Զայն բա­ցատ­րե­լու հա­մար, Ա­րա­րա­տի հա­զար ի­մաս­տուն­նե­րը աշ­խա­տե­ցան, բայց՝ չյա­ջո­ղե­ցան, ես ալ՝ ա­նոնց մէջ եւ ա­նոնց հետ…: Այդ ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը ամ­րա­փակ դրան պէս է, մե­ռե­լի կղպո­ւած կզա­կին պէս: Օ­րէնք է, որ մենք, մեր յետ­նորդ­նե­րուն յանձ­նենք դեռ մին­չեւ հի­մա չլու­ծո­ւած հան­գոյց-ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը ու մեռ­նինք…: Արդ, իմ կարգս ե­կած է…:

(Լ­ռու­թիւն: ­Հե­ռո­ւէն եր­գի մը ձայ­նը կը լսո­ւի, աս­տու­ծոյ մը նո­ւի­րո­ւած օրհ­ներ­գը, որ մե­հեա­նի մը պա­տու­հա­նէն դուրս կը գլգլայ, եւ կ­’իյ­նայ ան­տա­ռի մթու­թեան վրայ, կը սփռէ բոյր եւ ա­ղօթք: Եւ շա­ման­դաղ՝ զղջա­ցող հո­գի­նե­րու փա­ռատ­րու­թեան):

Ա­շա­կեր­տը.- ­Հա­ւատ­քին պիրկ կար­կառ­նե­րէն կու­գայ կար­ծես այս եր­գը, եւ՝ սիր­տե­րու մշու­շո­ւող զգայ­նու­թե­նէն:

­Վար­պե­տը.-­Հե­ռա­ւոր եր­գը մե­զի կը բե­րէ հե­ռա­ւոր փառ­քը դա­րե­րուն: Հ­րաշ­քի մը ճիչն է ա­նի­կա, թա­փա­ռա­կան աս­տու­ծոյ մը թե­րա­ւարտ ա­ռաս­պե­լո­վը, որ ա­մէն գի­շեր, ցնոր­քին թե­ւո­վը կը քա­լէ ա­ռանձ­նու­թեան քա­ռու­ղի­նե­րէն, բան մը կը փնտռէ ու չի կրնար գտնել…:

Ա­շա­կեր­տը.- ­Թա­փա­ռա­կա՞ն, ու աս­տո­ւա՞ծ…:

­Վար­պե­տը.- Ա­յո՛, թա­փա­ռա­կան ու աս­տո­ւած: ­Խո­նարհ՝ բայց ա­րո­ւես­տա­գէտ: Ա­նուն չու­նի: ­Պաշ­տա­մունք ու խո­րան՝ եր­բե՛ք: Եր­կի­րը բաժ­նո­ւե­լու ա­տեն, ­Հա­յաս­տա­նը ա­նոր բա­ժին ին­կաւ: ­Քար­քա­րոտ էր ան, վայ­րի ու բիրտ: ­Բայց ա­նի­կա չտրտնջաց, ընդ­հա­կա­ռակն, ո­րո­շեց լրաց­նել ա­րար­չա­կան թե­րին, եւ բնա­կիլ ա­նոր մէջ՝ իբր աս­տո­ւա­ծա­յին օ­թե­ւան:

Ա­շա­կեր­տը.- ­Յա­ջո­ղե­ցա՞ւ:

­Վար­պե­տը.- Ա­յո՛, ­Հա­յաս­տա­նը գե­ղեց­կա­ցաւ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի հո­գիին պէս: Եր­կուն­քի ցա­ւէն բռնո­ւած հան­ճա­րին ա­ղո­ւո­րո­վը: Ե­ղաւ դրախտ, կամ՝ «եր­կիր դրախ­տա­վայր»:

(­Լեռ­նէն հո­սող ձիւ­նի հիւ­սին վայ­րա­գո­վը եւ ծի­սա­կան փա­ռեր­գու­թեան մը կշռոյ­թո­վը, յան­կարծ ռազ­մեր­գի մը հե­ղե­ղը կը փրթի Այ­րա­րա­տեան ­Դաշ­տէն, այդ պա­հուն՝ ար­քա­յա­կան գուն­դը ռազ­մա­դաշ­տէն կը վե­րա­դառ­նար յաղ­թա­կան ու գո­ռոզ, ա­նոր եր­գը մայ­րա­քա­ղա­քին պղնձէ դռնե­րը կը դղրդէր եւ պար­սա­տի­կէն նե­տո­ւած քա­րին ոյ­ժո­վը՝ կը բա­խէր պա­լա­տի աշ­տա­րա­կին, ա­պա՝ կը ցրցքնո­ւէր հե­ռու­նե­րը):

Ա­շա­կեր­տը.- ­Վար­պե՜տ, դար­ձեալ եր­գի ձայն կը լսեմ:

­Վար­պե­տը.- ­Հայ մար­տա­գոչ եր­գը՝ Ա­զա­տու­թեան կա­րօ­տին ժայթքն է՝ յաղ­թա­նա­կի սա­լար­կին վրայ…,

­Հա­յաս­տա­նը կ­’եր­գէ,

Երբ վի­րա­ւոր է ու ա­րիւ­նա­քամ: Երբ գիւ­ղերն ու քա­ղաք­նե­րը կը խոր­տա­կո­ւին, կամ՝ կը փլչի խա­ղա­ղու­թեան ծա­ռը…,

Երբ յաղ­թա­կան է, կամ՝ պար­տո­ւած, ե­րե­ւոյ­թը նոյն է: Երբ ա­զատ է, կամ՝ գե­րի: ­Յա­րու­թեան հրաշ­քը՝ ա­մե­նէն փնտռո­ւածն է բո­լոր հրաշք­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի իւ­րա­քան­չիւր հո­ղա­շեր­տը սրբու­թեան մը խորհր­դան­շանն է եւ կեր­պըն­կալ աս­տո­ւա­ծու­թիւն,

Ա­մէն օր կը մեռ­նի հայ ցե­ղը,

­Բայց՝ ա­մէն օր կ­’ապ­րի ա­նի­կա,

­Քան­զի այս­պէս փա­փա­քե­ցաւ հայ թա­փա­ռա­կան աս­տո­ւա­ծը, ան՝ որ իր ա­նունն ու տա­ճար­նե­րը չու­նե­ցաւ, ան՝ որ իր հզօ­րու­թեան գաղտ­նի­քը փնտռեց ­Հա­յաս­տա­նի ա­մէ­նօ­րեայ մա­հո­ւան եւ յառ­նու­մի փո­փո­խա­կան հո­լո­վոյ­թին մէջ:

Ա­շա­կեր­տը կը դո­ղար:

Ն­շե­նին կը շա­րու­նա­կէր ծաղ­կիլ…:

***

­Փայ­լակ­նա­ցայտ գի­սա­ւոր մը ան­ցաւ ­Ծիր-­Կա­թի­նի մի­ջին­քէն:

— ­Լո՜յս: Եւ՝ լո՜յս:

­Ձիւ­նաս­պի­տակ նշե­նին ե­րեւ­ցաւ իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ: ­Վար­պետն ու ա­շա­կեր­տը զի­րար տե­սան:

­Վար­պե­տի ձեռ­քին մէջ մա­գա­ղաթ մը կար, իսկ ա­շա­կեր­տի ա­փին մէջ՝ սրսփուն ծա­ղիկ մը նշե­նիին:

­Ծա՜նր լռու­թիւն մը պա­տեց Ա­րա­րա­տը՝ հե­թա­նո­սա­կան եր­գե­րու կա­ցուր­դին ճնշիչ խորհր­դա­ւո­րու­թեամ­բը…:

***

­Վի­րա­ւոր ար­ծի­ւի մը կե­ղեր­ջը, վէր­քի մը պէս պայ­թե­ցաւ գի­շե­րո­ւան ա­ռա­պա­րէն, ին­կաւ ան­տա­ռին վրայ:

— ­Վէրք ու կոտ­տա՜նք: ­Ցա՛ւ, ցա՛ւ:

Ուր­կէ՞ փրթաւ ա­նա­սու­նի այդ սրտա­կե­ղեք ճի­չը: Ա­րա­րա­տը սար­սե­ցաւ, ծա­ռե­րը կար­կա­մե­ցան:

Ն­շե­նին ե­րե­րաց:

Եր­կու ծա­ղիկ­ներ վար ին­կան նշե­նիէն,

­Մէ­կը կառ­չե­ցաւ վար­պե­տի ճեր­մակ մա­զե­րուն, իսկ միւ­սը դպաւ ա­շա­կեր­տի բաց կուրծ­քին…:

***

­Տա­կաւ առ տա­կաւ նո­ւա­զե­ցա՛ւ, մա­րե­ցա՛ւ հայ ռազ­մեր­գը, բայց ա­նոր ներ­դաշ­նա­կու­թեան սար­սու­ռը դեռ կը թրթռար գի­շե­րո­ւան մթնա­հիւս ցան­ցին մէջ:

­Մոր­թին զգայ­նու­թիւ­նը բոր­բո­քող հա­ւատ­քը պատ­մու­թեան է­ջե­րէն դուրս կը խու­ժէր, պղպջա­ցող աղ­բիւ­րին հան­դար­տո­վը կը փռո­ւէր դաշ­տե­րու եւ ձո­րե­րու մէջ…:

— Ա­զա­տու­թի՜ւն, ա­զա­տու­թի՜ւն:

­Վար­պե­տին բեր­նէն դուրս թռած մե՜ծ ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը՝ ի­մաս­տու­թեան բա­նա­լի­նե­րէն խոյս տո­ւած, կը թա­փա­ռէր Ա­րա­րա­տի վրայ ու կը թնդէր ա­նոր ան­տա­ռը…:

***

­Վար­պե­տը.- ­Գե­ղեց­կու­թիւնն ու զար­հու­րան­քը միա­սին կ­’ա­ճին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: ­Վե­րելքն ու ան­կու­մը զու­գա­հեռ կը քա­լեն: Ա­զա­տու­թիւնն ու գե­րու­թիւ­նը հա­յոց պատ­մու­թեան լու­սանց­քին վրայ զի­րար կը գգո­ւեն եր­կու սի­րա­կան­նե­րու պէս…,

­Հա­յաս­տա­նը լոյ­սի եւ ող­բեր­գու­թեան վրայ՝ իր կա­մուր­ջը կը ձգէ քմայ­քոտ ճար­տա­րա­գէ­տի մը յանդգ­նու­թեամ­բը: Այս հա­կադ­րու­թիւ­նը բա­ցատ­րող չկայ: Ես այս ա­մէ­նը զգա­ցի միայն: Մր­ջիւ­նին տրո­ւած չէ լեռ մը ծա­կե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը…,

Ես՝ մրջիւն մըն ե՜մ…,

­Քե­զի կը մնայ, ո՛վ հան­ճար, բա­ցատ­րել Ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը, այ­սինքն՝ մեկ­նել «եր­գը ­Հա­յաս­տա­նի»…:

Ա­շա­կեր­տը.- Ին­ծի՞, ին­ծի՞, վար­պե՛տ, չե՜մ կրնար…:

(Այդ պա­հուն՝ հո­վիւ մը կ­’եր­գէ, սի­րա­հա­րո­ւա՜ծ է, հո­գին բռնկա՜ծ: ­Սի­րու­հին՝ ա­ղո­ւոր աղ­ջիկ մը, իր սի­րա­կա­նի սի­րահ­րա­ւէ­րին պա­տաս­խան կու­տայ, կը սկսի փո­խեր­գը):

­Հո­վի­ւը.- ­Ծաղ­կած բաղ­չի նման ես,

            Ի՛նչ կ­’ել­նի սիտ է­նես,

            Նռ­ներդ ծո­ցէդ շուտ հա­նես,

            Ինձ պագ­նե­լու տուն բե­րես:

Աղ­ջի­կը.- ­Հո­վիւ տը­ղա՛յ, դուն մեռ­նիս,

            ­Յօ­րի՞ է­կար ին­ծի տիս,

            ­Խաչ քա­շե­ցիր վէր կուրծ­քիս,

            Ա­րու­նե­ցիր խեղճ հո­գիս:

­Հո­վի­ւը.- ­Ճամ­բայ տո­ւէ՛ք, ա­ռաջ գամ,

            ­Սի­րած տղուն բա­րեւ տամ,

            Ուխտ եմ ա­րեր որ առ­նեմ՝

            ­Թո՛ղ տես­նի աշ­խարհ-ա­լամ:

Աղ­ջի­կը.- ­Լուս­նա­կը կեռ ու կա­մար,

            Եարն մեռ­նի եա­րին հա­մար,

            Օխ­տը օր պաս եմ պա­հել,

            Իմ եա­րի ճամ­բին հա­մար:

(Եր­կար կը տե­ւէ փո­խեր­գը: Ան­տա­ռը կը խան­դի: ­Դաշ­տե­րը ծափ կու­տան, վե­րէն, վա­րէն, ա­ջէն ու ձա­խէն կը բա­ցո­ւին ճա­ռա­գայթ­նե­րը սի­րեր­գին: Ի­րա­րու կը յա­ջոր­դեն կա­լերգ, օ­րերգ, հարս­ներգ, ռազ­մերգ, փա­ռա­բա­նա­կան երգ, օրհ­ներգ ու սի­րերգ, մե­ղե­դի ու շա­րա­կան, ու վեր­ջա­պէս՝ «Եր­գը ­Հա­յաս­տա­նի»: ­Հա­յաս­տա՛ն: Ա­նի­կա՝ եր­գով կ­’ապ­րի…):

***

­Լեռ­նա­մէ­ջի գիւ­ղե­րը շրջա­պա­տո­ւած են ծա­ռե­րով: Ու այդ ծա­ռե­րը, քով քո­վի շա­րո­ւած, շրջա­նակ կազ­մած մեր գիւ­ղի հար­սե­րու կը նմա­նին, ո­րոնք հաւ մը բռնե­լու հա­մար, գոգ­նո­ցին կամ ա­փեր­նին կը բա­նան, «տափ», «տափ» կան­չե­լով կը մօ­տե­նան, կը սեղ­մեն մի­ջո­ցը:

Օ՜, սա մեր լեռ­նա­յին գիւ­ղե՜­րը,

Ես զա­նոնք կը նմանց­նեմ սի­րոյ հրձիգ լեռ­նա­հար­սե­րուն, ո­րոնք կ­’ապ­րին ան­տառ­նե­րու մէջ ու գի­շեր­նե­րը սի­րե­լով կ­’ան­ցը­նեն ի­րենց կեան­քը, կը վե­րա­նո­րո­գո­ւին ու կը թար­մա­նան վայ­րի ծա­ղի­կի մը պէս… բայց սէ­րը աս­տո­ւա­ծա­յին ու բա­րի՝ կը պաշտ­պա­նէ զա­նոնք, չի տա­նիր ցո­փու­թեան ճախ­ճա­խու­տը, ա­սոր հա­մար է որ հա­յը սի­րեց՝ բայց չա­պա­կա­նե­ցաւ:

Ա­շա­կեր­տը.- Ի՞նչ բարկ է սի­րոյ եր­գը ­Հա­յաս­տա­նի, տա՜ք է, հրա­բուխ­նե­րու բեր­նէն դուրս ժայ­թած հրա­շէկ քա­րե­րու նման:

­Վար­պե­տը.- Եւ՝ ան­մեղ: ­Հա­րա­զատ ու պարզ: ­Մա­նու­կի ար­տա­սա­նած անդ­րա­նիկ բա­ռին քաղց­րո­վը:

Ա­շա­կեր­տը.- Ուր­կէ՞ կու­գայ այս տար­բե­րա­տիպ սէ­րը՝ որ հայ հայ­րե­նի­քինն է, իբր նա­խաս­տեղծ միտք ու հո­գիի ճա­ռա­գայթ: ­Վար­պե՜տ, հո­գիս խոր­հուր­դէն կը ծան­րա­նայ, խոր­հուր­դէ՜ն, ինչ­պէս սպուն­քը ջու­րէն…: ­Բո­լո­րը կ­’եր­գե՜ն ու միշտ կ­’եր­գեն:

­Վար­պե­տը.- Ա­հա՛, ա՛յդ է չքա­կո­ւող հան­գոյ­ցը, հայ մե­հեան­նե­րու կա­ռոյց­քին բար­դո­վը: ­Հո՛ն է որ կը մարմ­նա­ւո­րո­ւի իբր կնճիռ … ո­գե­ղէն ա­րո­ւես­տը հայ թա­փա­ռա­կան աստ­ծուն:

Ա­շա­կեր­տը.- ­Վար­պե՜տ, խօս­քերդ չեմ հասկ­նար, ո­րով՝ գի­տու­թիւն եւ ի­մաս­տու­թիւն ամ­բա­րե­լու ծա­րաւս չի յա­գե­նար, իմ ու­ղեղս ջու­րին կա­րօ­տը քա­շող գուղ­ձին պէ՜ս է, գտի՛ր ա­սու­թեան նոր ձեւ մը, նոր բա­ռեր՝ բա­ցատ­րե­լու հա­մար այս մթա­ծալ խոր­հուր­դը…:

­Վար­պե­տը.- Չ­կա՜յ: Ես ան­զօ՜ր եմ, ո՛վ որ զգաց ­Հա­յաշ­խար­հի ան­հասկ­նա­լիու­թեան խի­թը, նմա­նե­ցաւ այն այ­սա­հար մար­գա­րէին՝ որ կը քա­լէ խոր­հուր­դին եւ ա­նոր մու­թին ճամ­բա­նե­րէն ու չի գի­տեր ե­րա­նու­թիւ­նը այն վի­ճա­կին՝ ո­րուն տէրն է ին­քը, եւ ո­րուն՝ շա­տե­րը սի­րա­յօ­ժար ի­րենց կեան­քը պի­տի զո­հէին: ­Կը խոս­տո­վա­նիմ տկա­րու­թիւնս: ­Չեմ կրնար ու­րիշ կեր­պով բա­ցատ­րել:

Ա­շա­կեր­տը.- ­Պի­տի չգտնո­ւի՞ մէ­կը որ բա­ցատ­րէ «երգն ­Հա­յաս­տա­նի»ն:

­Վար­պե­տը.- Ա­րա­րա­տի բո­լոր ի­մաս­տուն­նե­րը մին­չեւ այ­սօր չկրցան բա­ցատ­րել: Ե­կան ու գա­ցին: Ա­հա ես ալ մեկ­նե­լու պատ­րաստ…: ­Քիչ վեր­ջը, իմ նա­խորդ­նե­րուս պէս, պի­տի ստո­րագ­րեմ մա­գա­ղաթս՝ նոյն ո­ճով եւ միեւ­նոյն պատ­գա­մով…: ­Քե­զի կը մնայ, նո՜ր ի­մաս­տուն, ծան­րու­թիւ­նը անկ­րե­լի բե­ռին…: Մտ­քիդ խո­փը պէտք է, որ հեր­կը բա­նայ՝ ա­դա­ման­դին վրայ…: ­Հան­ճա­րիդ յա­մա­ռու­թիւ­նը պէտք է գայ­լա­խա­զեր փրցնէ ­Հայ եր­գին ա­պա­ռա­ժէն…: ­Սե­պէ որ մենք չկանք, իսկ դուն՝ դեռ նոր կը սկսիս եւ կը քա­լես տե­սիլ­քին հու­նէն: ­Փոր­ձէ՛ բա­ցատ­րել վեր­ջին ի­մաս­տու­թեան հան­գոյ­ցը, ո՛վ ե­րա­նեալ:

Ա­շա­կեր­տը.- ­Հե­ռո՛ւ այդ բա­ժա­կը ինձ­մէ, մե­տաք­սէ թաշ­կի­նա­կին մէջ պող­պա­տէ գամ չեն լեց­ներ…, թուղ­թէ պա­տե­րուն ո՞վ կը հաս­տա­տէ կա­պա­րէ ծան­րա­ծանր տա­նի­քը…, ես, վար­պե՛տ, մե­տաք­սէ ա­զա­զուն թաշ­կի­նակն եմ, թուղ­թէ վա­տոյժ պա՜­տը, ու­ղե­ղիս նի­հա­րու­թիւ­նը չի կրնար դի­մա­նալ այդ բե­ռին:

­Վար­պե­տը.- ……:

Ա­շա­կեր­տը.- ­Քու հան­ճա­րիդ պա­լատ­նե­րուն քով, ի­մին­ներս հիւ­ղակ են, ե­ղէգ­նա­շէն խցիկ­նե՜ր, ո՛չ, դա­րա­վեր­ջի՜կ մար­գա­րէ, չե՛մ կրնար, չեմ կրնա՜ր:

­Վար­պե­տը.- Այ­սօր կը լրա­նայ ի­մաս­տու­թեանդ տա­րի­քը, դուն կը մտնես վար­դա­պե­տա­կան կար­գին մէջ…: ­Դուն՝ Ա­րա­րա­տի հա­զա­րու­մէ­կե­րորդ ի­մաս­տու­նը պի­տի ըլ­լաս, տե՛ս, հի­մա պի­տի ստո­րագ­րեմ մա­գա­ղաթս, պի­տի դադ­րիմ այլ եւս միս ու ոս­կոր ըլ­լա­լէ, հո­գիս պի­տի շո­գիա­նայ ու խառ­նո­ւի ­Մե՜ծ ­Պատ­րան­քին…:

Ա­շա­կերտ.- ­Չեմ ու­զեր գի­տու­թեանդ գա­հը գրա­ւել ու ձեռքս բռնել Ա­րա­րա­տի ի­մա­տուն­նե­րէն ա­մե­նէն հսկա­յին ի­մա­տու­թեան բա­նա­լի­նե­րը: Ապ­րէ՛ յա­ւի­տեան: ­Կա՛ց ան­սա­սան՝ իբր յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան անմր­ցե­լի չափ ու կշիռ…, վար­պե՜տ, ես ոտ­քիդ հա­սա­րակ փո­շին եմ…:

­Վար­պե­տը.- ­Մի՛ վախ­նար, ի­մաս­տու­թեան բո­լոր գե­տե­րը գտած են ի­րենց սե­փա­կան հու­նը, կայ միայն մէ­կը: Ան՝ խակ պտու­ղին պէս կե­ցած է ճամ­բուն վրայ… մտքիդ ջեր­մա­ջերմ ա­րե­ւո­վը հա­սուն­ցո՛ւր զա­նի­կա…:

Ա­շա­կեր­տը.- Երգն ­Հա­յաս­տա­նի՞ն… չեմ կրնա՛ր, վար­պե՛տ, նե­րէ՛ ին­ծի:

­Վար­պե­տը.- ­Կեանքդ նո­րա­ծագ ար­շա­լոյ­սին պէս թարմ է, եւ կաղ­նե­փայ­տի նման դի­մաց­կուն: Ա՛լ ինձ­մէ ան­ցաւ հրաշք­նե­րուն հրաշ­քը բա­ցատ­րե­լու ոյ­ժը: ­Գօ­տեպն­դո­ւէ՛, մտի՛ր յանդգ­նու­թեան դար­պա­սը, ան­մա­հու­թիւ­նը քե­զի կը սպա­սէ հոն…:

Ա­շա­կեր­տը.- Ես՝ տգէտ եմ, տգէ՜տ, տգէ՜տ…:

(Այն ա­տեն, Ա­րա­րա­տի ա­լե­ւոր ի­մաս­տու­նը, սրբա­զան նշխա­րի մը պէս, եւ ա­ղօթ­քով, բա­ցաւ ծալ­լո­ւած մա­գա­ղա­թը, փռեց գետ­նի վրայ, ու ե­ղէգ­նեայ գրի­չը թաթ­խեց մե­լա­նին մէջ…):

Ա­շա­կեր­տը.- ­Չեմ կրնա՜ր, ես ա­զա­զուն ու դիւ­րա­բեկ ծղօտն եմ, հո­ղե­ղէն փշրո­ւող ա­մանն եմ: ­Վեր­ցո՛ւր պար­տադ­րանքդ, միտքս չի կրնար տո­կալ այդ­պի­սի ծան­րու­թեան:

­Վար­պե­տը.- Ա­հա կը ստո­րագ­րեմ մա­գա­ղա­թը, եւ կը գո­ցեմ կեան­քիս ին­սու­ներ­րորդ դու­ռը…: Մ­նա­ցա­ծը քե­զի կը ձգեմ…:

­Մե­ռաւ Ա­րա­րա­տի հա­զա­րե­րորդ ի­մաս­տու­նը:

­Թէ ան­կէ յե­տոյ ի՞նչ ե­ղաւ ա­շա­կեր­տը, կամ՝ մին­չեւ ի­մաս­տու­թեան ո՞ր հանգ­րո­ւա­նը հա­սաւ, ոչ ոք գի­տէ, բայց այն օ­րէն մին­չեւ այ­սօր՝ ան­բա­ցատ­րե­լի կը մնայ Երգն ­Հա­յաս­տա­նին…:

­Ձիւ­նը ի­ջաւ Ա­րա­րա­տի վրայ, սա­ռե­ցաւ ու բարձ­րա­ցաւ, ե­ղուրջ ու քար կա­պեց, ծած­կեց ան­տառն ու քա­րան­ձաւ­նե­րը, ան­տե­սա­նե­լի դար­ձուց սրբազ­նու­թիւ­նը ա­նոր ան­ցեա­լին: Իբր յուշ ու ապ­րում, ա­նոր կը մնայ միայն պատ­կա­ռան­քին վե­հու­թիւ­նը, ան­վեր­ծա­նե­լի կո­թո­ղի մը հպար­տան­քո­վը նստած ­Հա­յաշ­խար­հի բի­բին մէջ…: