Ի զօրակցութիւն՝ Արցախէն բռնագաղթի ենթարկուած մեր ազգակիցներուն,
տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023, ժամը 20:00-ին,
«Լէոնտիօ» վարժարանի թատերասրահը (Սոֆուլի Թեմիսդոքլի 2, Նէա Զմիռնի):
Հասոյթը պիտի նուիրուի Արցախահայութեան օգնութեան ֆոնտին,
որ նախաձեռնուած է Հ.Կ.Խաչին կողմէ եւ պիտի տրամադրուի բռնագաղթած
Արցախահայերուն օժանդակութեան ծրագրին՝ ուտեստեղէնի
եւ բնակարանի կարիքներու համար, Հ.Օ.Մ.ի կազմակերպութեամբ:
Բոլոր արուեստագէտները սիրայօժար կերպով կը մասնակցին՝
Վարդան Աբովեան, Վահան Գալստեան, Հայկ Եազըճեան,
Փանտելիս Թալասինոս, Սթամաթիս Խածիէֆսթաթիու,
Լեֆթերիս Խաւուցաս, Միհրան Չալըքեան,
Ֆոթիս Վերղոբուլոս, Շուշան Քէրովբեան
Մուտք՝ 15 եւրօ, մանուկներու համար՝ 10 եւրօ
Ձեռնարկի կազմակերպում՝
«Արմենիքա» պարբերաթերթ եւ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչ