Այս տարի, մեծ շուքով, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին կը կազմակերպուին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100ամեակի ելոյթներ:
Յունաստանի մէջ ելոյթներու սկիզբը կատարուեցաւ Մայիս 12ին, Նէա Զմիռնիի «Ղալաքսիաս» մշակութային կեդրոնէն ներս, հովանաւորութեամբ՝ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբի վարչութեան, ժողովրդային եւ յեղափոխական երգահանդէսով, ուր ելոյթ ունեցան Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած սիրուած երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի (երգեհոն) եւ Գառնիկ Պաղտասարեանի (կիթառ):
Երգահանդէսը ի-րենց ներկայութեամբ պատուեցին հայ կաթողիկէ վիճակաւոր գերապայծառ Յովսէփ Ծ.Վ. Պէզազեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կետրոնական Կոմիտէի, Հ.Կ.Խաչի եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւններու, շրջանիս մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հասարակութիւն:
Երգահանդէսի բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան «Դրօ» խումբէն ընկերուհի Լոռի Գրիգորեան, որ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդի մասին: Ընկերուհին իր խօսքի վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նէա Զմիռնիի մշակութային բաժանմունքի նախագահ եւ փոխ-քաղաքապետ Վանկելի Խաչատուրեանին, որ միշտ նեցուկ կանգնած է շրջանի միութիւններու նախաձեռնութիւններուն:
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Շաքէ Պաղտասարեանը, որ Սեդօ եւ Գառնիկ Պաղտասարեաններու ընկերակցութեամբ՝ մեկնաբանեց լայն փունջ մը ժողովրդային եւ յեղափոխական երգերու, ոգեւորելով եւ խանդավառելով ներկաները, որոնք ունկնդիր դարձան շարունակական ծափահարութեամբ:
***
Կիրակի՝ 13 Մայիսին, Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, ընկերային երեկոյ տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թ. եւ Ռ. Աւետիքեան» սրահէն ներս:
Բացումը կատարեց ընկ. Արազ Պարսամեան: Ընկերուհին անդրադառնալով Մայիսեան պատգամներուն, հրաւիրեց ներկայ հայրենակիցներուն բաժակները վերցնելու ի կենաց Սարտարապատի հերոսամարտին, ինչպէս նաեւ Շուշիի ազատագրման քաջերուն:
Գիշերուան մինչեւ ուշ ժամերուն, ներկաներս երգեցինք ու պարեցինք Շաքէ, Սեդօ եւ Գառնիկ Պաղտասարեաններու կատարումներով, նոյն խանդավառութեամբ կարծես նախորդ օրուան անախընթաց երգահանդէսը իր աւարտին չէր հասած:
Վարձքը կատար բոլորին:
Ներկայ մը