­Հայ­րե­նի­քը, այ­լեւ հա­յե­րէ­նը, հայ մշա­կոյ­թը եւ հա­յու ստեղ­ծա­գործ ո­գին նոր շունչ հա­ղոր­դե­ցին ­Կի­րա­կի՝ 6 ­Մա­յի­սին ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած «­Ճա­նա­չենք մեր մշա­կոյ­թը՝ պա­տո­ւե­լով հայ ա­րո­ւես­տի մե­ծե­րը» խո­րա­գի­րը կրող ձեռ­նար­կին:
­Շուրջ 2 ա­միս նա­խա­պատ­րաս­տո­ւե­լէ ետք, «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ կա­տա­րո­ղա­կան բազ­մա­ժանր յայ­տա­գիր մը կրող ձեռ­նարկ, ուր եր­գը, պա­րը, աս­մուն­քը, նուագն ու թա­տե­րա­կան կեն­դա­նի պատ­կեր­նե­րը հան­դի­սա­տե­սին տե­ղա­փո­խե­ցին 1800-1900ա­կան թո­ւա­կան­ներ: ­Բա­նաս­տեղ­ծա­կան խորհր­դա­ւոր մթնո­լորտ կը տի­րէր բե­մին վրայ՝ նո­ւի­րո­ւած հայ 9 ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու ծննդեան յո­բե­լեան­նե­րուն.- ­Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քի, ­Տիգ­րան ­Չու­խա­ճեան, Ա­շուղ ­Շե­րամ, ­Նար-­Դոս, ­Սիա­ման­թօ, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան, ­Վա­հան ­Թէ­քէեան, Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց, ­Ժան ­Գառ­զու:
­Հա­ղոր­դա­վա­րու­հի ­Լո­ւի­զա ­Պօ­ղո­սեան՝ ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը՝ բեմ հրա­ւի­րեց վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ըն­կեր ­Ժագ ­Տա­մա­տեա­նը՝ բաց­ման խօսք ուղ­ղե­լու ներ­կա­նե­րուն։ «2018 թո­ւա­կա­նը կը զու­գա­դի­պի շարք մը յո­բե­լեան­նե­րու. կը տօ­նենք մեր ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 100ա­մեա­կը, կը նշենք Ար­ցա­խեան շարժ­ման 30 եւ Է­րէ­բու­նի — Ե­րե­ւա­նի 2800ա­մեա­կը: ­Մեր միու­թե­նա­կան կեան­քին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը լրաց­նէ մէկ դար, իսկ 90 տա­րի ա­ռաջ, մա­յի­սեան օր մը, ­Գա­հի­րէ ծնունդ կ­՚առ­նէ «­Հա­մազ­գա­յին»ը: ­Մեր ազ­գը իր գո­յու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նէն իսկ, շատ հին դա­րե­րէն, ե­ղած է ստեղ­ծա­գոր­ծող եւ ապ­րած է իր յա­տուկ մշա­կոյ­թով՝ ա­մե­նադ­ժո­ւար պայ­ման­նե­րուն ալ տակ, թէ՚ իր սե­փա­կան հո­ղին, թէ՚ Ս­փիւռ­քին մէջ,- իր խօս­քին մէջ նշեց ըն­կեր ա­տե­նա­պե­տը,- Ապ­րի­լի ող­բին կը յա­ջոր­դէ պայ­քար­նե­րու եւ յաղ­թա­նակ­նե­րու ­Մա­յի­սը:
­Մա­յիս էր, երբ որ «ձայն մը հնչեց Էրզ­րու­մի հա­յոց լեռ­նե­րէն»: ­Մա­յի՚ս էր, երբ որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Սար­տա­րա­պա­տի հրաշ­քը: Իսկ այս­պի­սի օ­րե­րուն, 26 տա­րի ա­ռաջ, մեր ազ­գի ֆե­տա­յի­նե­րը՝ եր­գե­լով հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գեր, կը պատ­րաս­տո­ւէին յար­ձա­կե­լու ­Շու­շի:
­Մա­յիս 9ին մեր հե­րոս­նե­րը ար­դէն կը պա­րէին մեր ա­ւան­դա­կան «­Քո­չա­րի»ն՝ ա­զա­տագ­րո­ւած քա­ղա­քին մէջ: Ինչ ա­ւե­լի լաւ ու­րեմն՝ ­Մա­յի­սի ա­ռա­ջին ­Կի­րա­կին սնո­ւինք մեր մշա­կոյ­թի բարձր ար­ժէք­նե­րով»,- այս­պէս ա­ւար­տեց իր բաց­ման խօս­քը ընկ. ա­տե­նա­պե­տը:
­Յա­ջոր­դեց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը, եւ մէկ ու կէս ժա­մո­ւան ե­լոյ­թը սա­հուն ան­ցաւ մէկ շուն­չով՝ հա­ճե­լի եւ բո­վան­դա­կա­լից: Ար­հես­տա­վարժ, ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­տա­ղանդ մաս­նա­կից­նե­րու շնոր­հիւ՝ ներ­կա­նե­րը ի­րենց սրտե­րուն մէջ փա­րա­տե­ցին հայ­րե­նի կա­րօ­տը, եւ սէ­րը դէ­պի հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը յու­զիչ պա­հեր պար­գե­ւեց ա­նոնց:
­Ձեռ­նար­կի նպա­տակն էր շեշ­տը դնել մեր ազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րուն վրայ եւ նոր սե­րուն­դին մօտ մեր ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը ճա­նա­չե­լի դարձ­նել: ­Յայ­տագ­րի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց տա­ղան­դով ու ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ե­լոյ­թով՝ կա­րե­ւո­րեց հայ մշա­կոյ­թի դե­րը, ու­ժը յատ­կա­պէս սփիւռ­քի մէջ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան ու հա­յա­կերտ­ման պա­րա­գա­յին՝ հա­ւա­տքով ներշն­չո­ւած:
­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ գե­ղան­կար­չու­թիւն­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն պաս­տա­ռին վրայ՝ պատ­րաս­տո­ւած վար­չու­թեան կող­մէ, ա­պա նո­ւագ եւ երգ Ա­շուղ ­Շե­րա­մի եր­գե­րէն, զոր կը կա­տա­րէին երգ՝ Ք­րիս­տի­նէ Է­լա­մի­րեան, տու­տուկ՝ ­Տիգ­րան ­Սարգ­սեան եւ կի­թառ՝ ­Լեֆ­թե­րիս ­Խա­վու­ցաս: Աս­մունք՝ ­Լի­լիթ Ար­զու­մա­նեան, Ար­միկ ­Պա­րա­զեան, ­Սանտ­րա ­Քի­քեան:
­Կեն­դա­նի պատ­կեր­ներ՝ ­Նար-­Դո­սի «Ես եւ նա» պատ­մո­ւած­քի հի­ման վրայ, զորս ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Սա­ռա ­Մի­սա­քեան եւ դե­րա­սան, բե­մադ­րիչ ­Յո­վիկ ­Կա­րա­պե­տեան, ինչ­պէս նաեւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի կեն­սագ­րու­թե­նէն եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն հա­տո­ւած­ներ՝ Ար­մի­նէ ­Ղու­լա­րեա­նի եւ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Կա­րա­պե­տեա­նի կա­տար­մամբ: Եւս եր­կու երգ հայ դա­սա­կան­նե­րէ մաս կը կազ­մէին յայ­տա­գի­րին՝ ­Տիգ­րան ­Չու­խա­ճեա­նի «Ա­զատն Աս­տո­ւած այն օ­րէն» — Ա­նա­հիտ ­Սա­ֆա­րեան, եւ «­Զէյ­թուն­ցի­նե­րու եր­գը» — ­Յով­սէփ ­Թո­փա­լեան, դաշ­նա­կի նո­ւա­գակ­ցու­թիւն՝ տիկ. ­Գո­հար ­Չի­մա­նեան: «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բի ե­լոյ­թը եր­կու պա­րով՝ «­Զով գի­շեր» եւ «Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի», բե­մադ­րո­ւած՝ բա­ցա­ռա­պէս այս ե­րե­կո­յին հա­մար, պա­րու­սոյց Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի կող­մէ: ­Հան­դի­սա­տե­սը ջերմ եւ բուռն ծա­փող­ջոյն­նե­րով կը գնա­հա­տէր իւ­րա­քան­չիւր կա­տա­րում:
­Փակ­ման խօս­քին մէջ ընկ. ա­տե­նա­պե­տը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լո­րին ներ­կա­յու­թեան հա­մար, որ ուժ եւ քա­ջա­լե­րանք կը ներշն­չեն, ա­պա շա­րու­նա­կե­լով՝ «­Սօս ­Վա­նի» վար­չու­թեան կող­մէ յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց յատ­կա­պէս «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, պա­րա­խում­բի միա­ւո­րին եւ «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի վար­չու­թեան:
­Ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­ման հա­մար ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րած էին ընկ. ­Յով­սէփ ­Թո­փա­լեան, ընկ. ­Գէորգ ­Կիւ­լիւ­մեան, ընկ. ­Կիւ­լա ­Քա­րա­պա­ճա­քեան, ընկ. ­Սա­ռա ­Մի­սա­քեան, ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան, ­Կա­րօ Ա­ղա­պա­տեան եւ ­Լիա­նա ­Վար­դա­նեան: «­Սօս-­Վա­նի» վար­չու­թեան կող­մէ՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լո­րին: Ե­րե­կո­յի ա­ւար­տին, ըն­կեր ­Ժագ Տամատեան մէկ առ մէկ գնա­հա­տան­քի խօս­քե­րով ծա­փող­ջու­նեց եւ շնոր­հա­ւո­րանք­ներ ուղ­ղեց մաս­նա­կի­ցե­րուն:
Մ­շա­կու­թա­յին ե­րե­կոն ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին հո­գե­ւոր հայ­րեր, քոյր միու­թիւն­նե­րու, Շր­ջա­նա­յին եւ տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ ա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւն:
­Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին գե­ղե­ցիկ կազ­մա­կեր­պո­ւած մշա­կու­թա­յին ե­րե­կո­յին հա­մար եւ մաղ­թե­ցին, որ շա­րու­նա­կա­կան ըլ­լան այս­պի­սի ձեռ­նարկ­նե­րը, ա­պա՝ շնոր­հա­ւո­րե­ցին մաս­նա­կից­նե­րը եւ «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւնը՝ յատ­կա­պէս գնա­հա­տե­լով նոր եւ ե­րի­տա­սարդ ան­ձե­րու ներգրա­ւու­մը ձեռ­նար­կի ե­լոյթ­նե­րուն մէջ:
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին: